Նալբանդեան Պիտի Այցելէ Ինտոնեզիա, Նոր Զելանտա, Աւստրալիա Եւ Ֆիլիփեան Կղզիներ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 8-15 օգոստոսին պիտի այցելէ Ինտոնեզիա, Նոր Զելանտա, Աւստրալիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:

Ասիա-խաղաղովկիանոսեան երկիրներուն մէջ նախատեսուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումները վերոնշեալ պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES