«Ռ. Վլասովի Մարմինին Իւղ Քսուած Էր» Կ՛ըսէ Ա. Ճուլֆալակեան
Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 74 քկ ծանրութեան մրցաշարքի պայքարին մէջ ողիմպիական արծաթով բաւարարուելէ ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Ճուլֆալակեան ըսաւ.
«Ռոման Վլասով անազնիւ քայլ առած էր, եւ մարմինին իւղ քսած. ես ատիկա զգացի յատկապէս երկրորդ ռաունտին, որովհետեւ Ռոմանի մարմինը արդէն քրտնած էր, իսկ իւղը կը բարդացնէր հնարքներուս կատարումը»:
Արսէն Ճուլֆալակեան մրցումին մասին հետեւեալը ըսաւ.
«Մրցումի ատեն ես իմ մարտավարութիւնս փոխեցի, որովհետեւ ռուս ըմբիշը կրկնօրինակած էր թուրք ըմբիշը` անազնիւ միջոցի դիմելով մարմինին իւղ քսած էր: Ես ատիկա զգացի յատկապէս երկրորդ ռաունտին, որովհետեւ Ռոմանի մարմինը արդէն քրտնած էր, իսկ իւղը կը բարդացնէր կատարել հնարքներս: Ձեռքերս կը սահէին եւ ես չէի կրնար զայն բռնել: Ես ընտրեցի կողքէն գլորելու հնարքը, որպէսզի անոր մարմնին քրտնածութիւնը եւ արտադրուած իւղը այդքան շատ դեր չխաղայ: Ամէն պարագայի, ասիկա անազնիւ քայլ էր: Ռոման պատահական մարզիկ մը չէ: Ան պատրաստ էր նոյնիսկ իմ այդ հնարքէս պաշտպանուելու: Փորձեցի ամէն գնով գլորել, բայց չեղաւ: Ես պիտի դիտեմ գօտեմարտին նկարահանումը, տեսերիզը, որովհետեւ չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ առաջին ռաունտին Ռոմանին մէկ կէտ տուին: Եթէ յանկարծ ես մէկ կէտ ստանայի երկրորդ ռաունտին, երրորդին յաղթանակը անկասկած իմս կ՛ըլլար, որովհետեւ Ռոման շատ յոգնած էր, նոյնիսկ չէր կրնար ոտքի կենալ: Տարօրինակ, անբացատրելի էր իւղի օգտագործման նկատմամբ իրաւարարներուն անտարբերութիւնը: Օրէնքին մէջ իւղի օգտագործում չ՛արտօնուիր: Բայց զարմանալիօրէն իրաւարարները Ռոմանի կողմէ իւղի օգտագործումը անուշադրութեան մատնեցին»:
Արսէն Ճուլֆալակեան խօսելով պատուանդանին վրայ, մետալի պարգեւատրման պահուն, իր ապրումներուն մասին ըսաւ.
«Ինծի համար անտանելի է, երբ պատուանդանին վրայ եմ եւ չի հնչեր Հայաստանի քայլերգը: Մասնաւորաբար, երբ մեր Եռագոյնը կախուած կը մնայ: Աւելի անտանելի է, երբ կը հնչէ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ այլ երկրի մը քայլերգը: Մէկ խօսքով, այդ պահուն ոչ մէկ երկրի քայլերգը կը սիրեմ: Կը սիրեմ ու կը փափաքիմ լսել միայն Հայաստանի քայլերգը: Բայց չես գիտեր ինչու, այս վերջին երկու տարիները ինծի համար արծաթ մետալներու շարք են, ես ալ չեմ գիտեր, թէ իմ քառամեակս աւելի արծաթային եղաւ եւ ողիմպիականն ալ այդպէս շարունակուեցաւ` արծաթով: Յուսամ` ոսկի մետալը երկար չի սպասցներ: Թերեւս բարին ասիկա է, որպէսզի ես տակաւին ձգտիմ իմ ողիմպիական ոսկի մետալին եւ ժամանակէն շուտ չաւարտեմ մարզական ասպարէզս»:

