Ճատրակ. Սամուէլ Տէր Կարապետեան` Առաջատարներու Շարքին
Աթէնքի մէջ կայացող ճատրակի մինչեւ 20 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Տէր Կարապետեան յաղթեց չին Եէ Վէին:
Ս. Տէր Կարապետեան ունի 4,5 կէտ եւ երեք երիտասարդներու հետ կը գլխաւորէ աղիւսակը: Կարէն Գրիգորեան 4 կէտով կը գտնուի 9-րդ դիրքի վրայ, իսկ Վահէ Պաղտասարեան 50-րդն է` 3 կէտով:
Աղջիկներու մրցաշարքին մասնակցող Շուշաննա Սարգսեան երկու կէտով 35-րդ դիրքի վրայ է:
CATEGORIES Մարզական

