Ֆութպոլ. Օզպիլիս. «Մխիթարեանի Եւ Մովսիսեանի Խորհուրդով Կը Տեղափոխուիմ Քուպան»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Արազ Օզպիլիս չորս տարուան պայմանագիր ստորագրեց Կրասնոտարի Քուպան ակումբին հետ: Հոլանտական այլ խումբեր Օզպիլիսով հետաքրքրուած էին եւ Այաքս կ՛ուզէր զայն վարձու տալ այդ խումբերէն մէկուն, սակայն Քուպանի առաջարկը Հոլանտայի ախոյեանին աւելի ձեռնտու եղած է:
«Ես շատ կը մտածէի Ռուսիա տեղափոխուելու առաջարկին մասին: Ես խորհրդակցեցայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ընկերներուս` Հենրիխ Մխիթարեանի, Եուրա Մովսիսեանի եւ Մարքոս Պիցելլիի հետ: Անոնք պատմեցին Ռուսիոյ մէջ խաղալու բոլոր առաւելութիւններուն մասին եւ խորհուրդ տուին տեղափոխուելու: Ինծի համար շատ կարեւոր է խաղալ, ունենալ խաղային մրցումներու վարժութիւն, փորձառութիւն եւ միշտ խումբի հիմնական կազմին մէջ տեղ ունենալ», ըսաւ հայազգի մարզիկը:
15 օգոստոսին Օզպիլիս պիտի մասնակցի Հայաստան-Պիելոռուսիա բարեկամական մրցումին:

