Այլ Մարզական Լուրեր
Ռոնալտոն` Լաւագոյնը
Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ goal.com հեղինակաւոր կայքէջի վարկածով ճանչցուեցաւ 2011-2012 թուականներու մրցաշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ: Քուէարկութեան մասնակցեցան կայքէջին լրագրողներն ու խմբագիրները: 27-ամեայ Ռոնալտօ երկրորդ անգամ ըլլալով նման պատիւի կ՛արժանանայ:
«Հպարտ եմ այս նուաճումին համար: Առանց իմ խմբակիցներուս ատիկա չէր յաջողեր: Իմ գլխաւոր նպատակս է խմբակիցներուս հետ տիտղոսներու համար պայքարիլը: Կ՛ուզեմ յաղթել բոլոր մրցաշարքերուն մէջ: Սակայն այդպիսի արդիւնքի հասնելու համար անդադար պէտք է աշխատիլ», ըսաւ Ռոնալտօ:
Զենիթ 50 Միլիոն Եւրօ
Կը Պատրաստէ Հալքի Համար
Ս. Փեթերսպուրկի Զենիթ ակումբը կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ փորթուգալական Փորթօ խումբի յառաջապահ Հալքը: 26-ամեայ պրազիլցիին փոխանցումը իրականացնելու համար Զենիթ պատրաստ է 50 միլիոն եւրօ առաջարկելու: Հալքով լրջօրէն հետաքրքրուած է նաեւ լոնտոնեան Չելսին:
Փորթուգալի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան նախորդ մրցաշարքին Հալք 26 մրցումի ընթացքին 16 կոլ նշանակեց եւ 11 կոլերու փոխանցում ըրաւ:
Լոնտոնեան Արսենալ ակումբը իր շարքերուն միացուց սպանացի միջնապահ Սանթի Քազորլան, որ անդամ էր Մալակա խումբին: Թէեւ փոխանցման գումարը պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ, սակայն կ՛ենթադրուի, թէ ատիկա շուրջ 25 միլիոն տոլար է:
Պոլթ. «Եթէ Ֆերկըսըն Կ՛ուզէ Զիս Իր Խումբին Մէջ
Տեսնել, Գիտէ Զիս Ինչպէս Գտնել»
Հարիւր մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր, ճամայքացի մարզիկ Ե. Պոլթ, որ քանի մը օր առաջ նուաճեց Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալը` հարիւր մեթր վազքի մէջ աշխարհի մրցանիշով, ըսաւ, որ եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ խումբի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն կ՛ուզէ զինք ներառել Եունայթըտի կազմին, գիտէ ինչպէս գտնել զինք:
«Մարդիկ կը կարծեն, թէ ես կը կատակեմ, սակայն ես աւելի քան լուրջ եմ: Եթէ Ալեքս Ֆերկըսըն հեռաձայնէ ինծի եւ յայտնէ, որ պէտք է փորձի շրջան մը անցընեմ Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ, ես չեմ կրնար մերժել: Ես այդ մասին չէի խօսեր,
եթէ վստահ չըլլայի իմ խաղիս որակներուն վրայ: Բրիտանիոյ մէջ ես քանի մը օր եւս կը մնամ` սպասելով Ա. Ֆերկըսընի հեռաձայնին», ըսաւ Պոլթ:

