«Ըրպըն Արթ»-ի Եւ «Ռիքքի՛զ»-ի Հրաւէրով Լիբանան Կատարելիք Իր Այցելութեան. «Իւրաքանչիւրիս Սրբազան Պարտքն Է Ընդառաջել 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Կապուած Ձեռնարկներուն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Միջազգային Սոփրանօ Լիլիթ Սողոմոնեան

Լիլիթ Սողոմոնեան

Մշակութային  տարբեր բնագաւառներով  յատկանշուող  ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւնը կը յաջողի ու կ՛արդիւնաւորուի, այնքան ատեն որ տուեալ

ժողովուրդները տրամադիր են համերաշխօրէն գոյակցելու եւ բաժնեկցելու զիրենք  յատկանշող  մշակութային ու քաղաքակրթական արժէքները, միաժամանակ  գուրգուրալով ու պահելով իրենց ինքնուրոյն դիմագիծը, հեռու` ինքնամեկուսացումէ  ու առանձնացումէ: Այս մասին իրաւամբ նշած է  Հնդկաստանի նախկին ղեկավարներէն Մահաթմա Կանտի, թէ`  «Ոչ մէկ մշակոյթ կրնայ գոյատեւել, եթէ անիկա փորձէ  մեկուսանալ ու առանձնանալ»: Սփիւռքահայութեան ու  յատկապէս լիբանանահայութեան  պարզած  իրավիճակը առաւելագոյնս կը համընկնի այս երեւոյթին, ուր հայ եւ  արաբ ժողովուրդներ համերաշխօրէն կը գոյակցին ու  փոխադարձաբար «կ՛ըմբոշխնեն» իրենց մշակութային  արժէքները` առանց մոռնալու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ  արք.  Խաչերեանի «Հայկական է պատուական է»  կարգախօսը: Մշակութային  ընդելուզման  նման առաքելութեան մէջ հիմնական է մշակութային պատկան մարմիններու եւ դեսպանատուներու դերը: Առաւել եւս հիմնական է անհատական նախաձեռնութեան  դերը: Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել Միրէյ  Խանամիրեանի (Սուրէն Խանամիրեանի կնոջ)  դերակատարութիւնը, որ Լիբանանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային խորհրդականի իր հանգամանքով եւ ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ յաջողած է հայկական «շունչ ու ոգի» ներմուծել լիբանանեան ոչ հայկական «Ըրպըն արթ» միութեան ու  «Ռիքքի՛զ»  ճաշարանին կազմակերպած  «Ժամանակաւոր պարտէզներ» («Les jardins  e՛phe՛me`res») խորագրեալ բազմերանգ  ձեռնարկին`  յանձինս հայրենի հանրածանօթ սոփրանօ Լիլիթ Սողոմոնեանի: Ասիկա առաջին անգամն է, որ հայրենի արուեստագիտուհին կ՛այցելէ Լիբանան: Ան ծնած է Երեւան, 1974-ին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական  երաժշտանոցը, յաճախելէ ետք փրոֆ. Ռուզաննա  Բաղդասարեանի դասարանը: 1999-էն սկսեալ  մուտք կը գործէ  երգարուեստի, յատկապէս դասական երաժշտութեան  բնագաւառը` որպէս փայլուն աստղ հանդէս գալով  «Այտա»-ի դերով, Վերտիի համանուն օփերային մէջ:  Նմանապէս` ան փայլուն ելոյթներով հանդէս եկած է Թոսքայի  եւ Թիւրանտոթի  ( Փուչինի) , ինչպէս նաեւ Նորմայի երաժշտական դերակատարութեամբ (Պելլինի):

Այս առիթով «Ազդակ» համացանցի միջոցով կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի  արուեստագիտուհի սոփրանօ Լիլիթ  Սողոմոնեանին հետ:

Նմանապէս եւ նոյն առիթով «Ազդակ»  հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ նշեալ ձեռնարկի  կազմակերպիչներէն` «Ըրպըն արթ» միութեան  հիմնադիր տնօրէն խորհուրդի կազմէն  Ժոզիան  Պուլոսի հետ` ներկայութեամբ կազմի անդամներէն Ճոնի Ֆենիանոսի եւ Միրէյ  Խանամիրեանի: Ճոնի Ֆենիանոս  դաշնակահար ու երաժշտական յօրինող է: Ան նաեւ հեղինակն է «Իմ կորուսեալ հայրենիքիս պատմութիւնը» խորագրեալ: 2009-ին ան  արժանացաւ «Շարլ Շիխանի նորարարութեան  մրցանակ»-ին իր մտայղացած համակարգչային ստեղնաշարի  արաբերէն գիրերու «Քատմոս» ծրագիրին համար:

Ժոզիան Պուլոս եւս ծանօթ դէմք է լիբանանեան ու առհասարակ արաբական  տեղեկատուական ու մշակութային շրջանակներու մէջ: Ան դուստրն է տեղեկատուական, յատկապէս  ծանուցումի մարզի հանրածանօթ դէմքերէն Ժան Քլոտ Պուլոսի:

Ստորեւ սոփրանօ Լիլիթ Սողոմոնեանն եւ  Ժոզիան Պուլոսին հետ կայացած անջատ  հարցազրոյցներուն հիմնական մասերը.

«ԱԶԴԱԿ».- Բարի եկած էք Լիբանան, ձեր այս առաջին ելոյթով քաջալեր կը հանդիսանաք  հայ-արաբական  յարաբերութեանց ամրապնդման, գէթ` մշակութային առումով: Ապագային կ՛ուզէ՞ք ընդառաջել նման  ձեռնարկներու` ոչ հայկական կազմակերպութեանց կողմէ կազմակերպուած:

ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ- Վստահաբար` այո՛:   Կարծում եմ, որ մշակոյթը մեծ զէնք է, որը շատ մեծ ուժ ունի եւ այդ ուժի շուրջ համախմբուած են բոլոր ազգերը, եւ աւելի քան համոզուած եմ, որ նման ձեռնարկները անպայման պիտի լինեն շարունակական:

«Ա.».- 2015 թուականը Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: Կը կարծէ՞ք,  որ մարդկային այս ողբերգութեան «ցաւ»-ը  կարելի է դրսեւորել երգարուեստի ճամբով:  Այս  մասին կը ծրագրէ՞ք բան մը ընել, կամ  տրամադի՞ր էք ընդառաջել եթէ այս գծով դիմում կատարուի ձեզի:

Լ. Ս.- Միանշանակ  տրամադիր եմ ընդառաջելու  իւրաքանչիւր առաջարկի, որ կապուած է  1915-ի  (Հայոց  ցեղասպանութեան յիշատակի  ոգեկոչման)  ձեռնարկների հետ: Կարծում եմ` դա իւրաքանչիւրիս սրբազան պարտքն է:

«Ա.».- Ի՞նչ են ձեր զգացումները Լիբանան կատարելիք ձեր այս առաջին այցելութեան առիթով:

Լ. Ս.- Ես արդէն շատ առիթներով  շատ ու շատ դրական կարծիքներ եմ լսել Լիբանանի ու լիբանանահայերի մասին եւ յոյսով եմ, որ այս հանդիպումը անպայման կ՛ունենայ իր շարունակութիւնը:

«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք հայութեան ու յատկապէս լիբանանա հայութեան:

Լ. Ս.- Շատ եմ ուզում իմ շնորհակալութիւններս յայտնել այս ձեռնարկի նախաձեռնողներուն ու նպաստողներուն, յատկապէս` Միրէյ  Խանամիրեանին եւ Ճոնի Ֆենիանոսին, նման երեկոյ մը կազմակերպելուն համար: Յոյսով եմ,  որ կ՛ունենանք շատ գեղեցիկ եւ անմոռանալի երեկոյ: Իմ ջերմ ողջոյններս` համայն լիբանանահայութեան:

 

Իսկ Ժոզիան Պուլոսի հետ կայացաւ հետեւեալ հարցազրոյցը.

Ժոզիան Պուլոս

«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք գաղափար մը տալ  «Ըրպըն արթ»-ի  կազմակերպած  այս ձեռնարկին  մասին: Ի՞նչ առիթով է, որո՞ւ  նախաձեռնութեամբ է…

ԺՈԶԻԱՆ ՊՈՒԼՈՍ.- Յաջորդաբար երկրորդ տարին է, որ «Ըրպըն  արթ» եւ «Ռիքքի՛զ»  ճաշարանը միասնաբար կը նախաձեռնեն նման ձեռնարկի, որ հիմնականին մէջ ունի մշակութային բնոյթ, հեռու` քաղաքական դիրքորոշումներէ: Նախորդ տարուան յաջողութենէն քաջալերուած` կը կրկնենք  այս տարի եւս, գործակցաբար Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպանատան:

«Ա.».- Ե՞րբ եւ ո՞ւ ր պիտի կազմակերպուի  ձեռնարկը եւ գլխաւորաբար որո՞նց մասնակցութեամբ: Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել յայտագիրին մասին:

Ժ. Պ.- Ձեռնարկը պիտի կայանայ Քֆարզպեանի  Ֆաքրա աւանի «Ռիքքի՛զ» ճաշարանին մէջ:  Բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 օգոստոսի երեկոյեան, որմէ ետք ժամը 7:00-ին պիտի մատուցուի առաջին ներկայացումը` «Տը  սանսեթ շօ» խորագիրով,  կատարողութեամբ հանրածանօթ երգիծաբան Ճօ Քոտէյհի: Յաջորդ օրը` շաբաթ պիտի ներկայացուի «սանսեթ քոքթէյլ», կատարողութեամբ Պրունոյի եւ  Սինթիայի: Իսկ կիրակի, 12 օգոստոսին, ելոյթ պիտի ունենայ յատուկ այս առիթով  Հայաստանէն  ժամանող միջազգային սոփրանօ Լիլիթ Սողոմոնեան: Ձեռնարկին մնացեալ բաժիններով, որոնք պիտի երկարին մինչեւ   չորեքշաբթի, 15 օգոստոս, պիտի ներկայացուի բուրաստանի եզակի ցուցադրութիւն մը, ուր  զանազան մարզերու արուեստագէտներ  արուեստի իրենց  ոճը  պիտի դրսեւորեն  բոյսերու եւ  ծաղիկներու ընդմէջէն` ներկայացնելով  «Ժամանակաւոր  պարտէզներ»-ու  համատարած տեսարան մը: Մասնակցող արուեստագէտներն են` դերասանուհի  Նատա Ապու Ֆարհաթ, դերասան  Միշել Ապու Սլէյման, բեմադրիչ-արտադրող  Ֆիլիփ Արաքթանժի, պարուհի Նատրա Ասսաֆ,  դերասանուհի եւ բեմադրիչ Զէյնա Տաքքաշ,  երաժշտագէտ Միշել Ֆատել,  դեսպան Էս.Է.Էմ  Թոմ  Ֆլեչըր, նորաձեւութեան յօրինող-մասնագէտ  Փափօ Լահուտ, նկարիչ Ռոժէ  Մուքարզել եւ «Փարատի  Տ՛անֆան» բարեսիրական միութիւնը: Ելոյթները տեղի կ՛ունենան նշեալ օրերուն, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ ու կը տեւեն մինչեւ գիշերուան ժամը 10:00: Հանդիսատեսները առիթ կ՛ունենան նաեւ շրջելու այդ  «Ժամանակաւոր պարտէզներ»-ու զանազան անկիւնները եւ գնում կատարելու` ըմբոշխնելով գաւաթ մը  շամփանիա թէ այլ խմիչքներ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս յղացաք Լիլիթ Սողոմոնեանը  Լիբանան հրաւիրելու գաղափարը: Ուրիշ հայ արուեստագէտ մը պիտի ընկերանա՞յ եւ ինչպիսի՞ երաժշտութիւն պիտի մատուցուի:

Ժ. Պ.- Անկեղծօրէն, մեծ էր դերակատարութիւնը Միրէյ  Խանամիրեանին, որ մեզի առաջարկեց այդ անունը, ու մենք արդէն երկար ատենէ կը փորձէինք  կապ հաստատել Լիլիթին հետ` անոր մասին շատ դրական անդրադարձներ լսելով,  հետեւաբար Հայաստանի դեսպանատան ու յատկապէս Միրէյին դերը շատ կարեւոր եղաւ այս գծով: Լիլիթը պիտի ներկայացնէ հայ թէ ոչ հայ դասական  երաժշտութենէն ծանօթ հատուածներ. դաշնակի վրայ անոր պիտի ընկերանայ Սեւակ Տէր Ղուկասեան:

«Ա.».- Քաջալերուած այս ձեռնարկէն` մտադի՞ր էք շարունակելու ձեր գործակցութիւնը այլ առիթներով եւս: Այլ խօսքով, կ՛ուզէ՞ք մշակութային ձեռնարկի ընդմէջէն  անդրադառնալ ու դրսեւորել նաեւ մարդկային  հարցեր, օրինակ` 2015 թուականը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, կը մտածէ՞ք այս մասին «բան մը» ծրագրել, կամ կ՛ընդառաջէ՞ք, եթէ ձեզի դիմում կատարուի այս ուղղութեամբ:

Ժ.Պ.- Վստահաբար կը գործակցինք  մշակութային բոլոր ձեռնարկներու եւ կը զօրակցինք մարդկային բնոյթ ունեցող բոլոր հարցերուն:

«Ա.».- Այլ առիթներով կ՛ուզէ՞ք գործակցիլ ծագումով հայ արուեստագէտներու հետ:

Ժ.Պ.- Անշո՛ւշտ. ասիկա առաջին անգամը չէ, որ կը գործակցինք հայկական ու յատկապէս Հայաստանի արուեստի մշակներուն հետ, օրինակ` նախապէս գործակցած ենք արուեստագէտ Լորիս Ճգնաւորեանին հետ, որ խիստ յաջող ու տպաւորիչ գործակցութիւն ունեցած է Ճոյին (Ֆենիանոս) հետ: Նմանապէս` կը փափաքինք  գործակցիլ Հայաստանի թէ սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի հայ արուեստագէտներուն հետ, օրինակ` Այլին  Խաչատուրեան եւ այլն: Մենք այցելած ենք Հայաստան ու խիստ բարձր կը գնահատենք հայ արուեստը, ինչպէս, օրինակ` «Անուշ»  օփերան, որ սքանչելի գլուխ գործոց էր…

ՃՈՆԻ ՖԵՆԻԱՆՈՍ.- Իսկապէս շատ սքանչելի էր, խորապէս ազդուած եմ, երանի կարենանք հոս  (Լիբանան)  բերել տալ ու ներկայացնել նման գործ մը…

«Ա.».- Ըստ երեւոյթին, այս ձեռնարկը անհատական, ոչ պետական նախաձեռնութիւն է. կրնա՞նք խօսիլ, թէ  ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կը հոգաք անոր ծախսերը:

Ժ. Պ.- Այո՛, անհատական նախաձեռնութիւն է. մեր ծախսերը կ՛ապահովենք գլխաւորաբար տոմսերու վաճառքէն, ծանուցումներէն ու մեկենասներէն եւ հոս կ՛ուզեմ  շնորհակալութեամբ  յիշել  «Շաթէօ միւզար»-ը եւ յատկապէս` «Ռուց» հաստատութեան սեփականատէր Կեպի Խալիֆէն, որ սիրայօժար կերպով տրամադրեց բոյսերն ու ծաղիկները:

«Ա.».- Դուք յայտնի դէմք էք լիբանանեան ու առհասարակ արաբական աշխարհի  մշակութային թէ տեղեկատուական  մարզերուն մէջ: Անկախ այս ձեռնարկէն` ներկայիս ուրիշ ի՞նչ աշխատանքի լծուած էք:

Ժ.Պ.- Տեղեկատուական թէ մշակութային  ընթացիկ աշխատանքներուս կողքին, ներկայիս լծուած եմ «Անլայն» խորագրեալ  համակարգչային բեմադրական աշխատանքին կրկնութեան վրայ:

«Ա.».- Իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Ժ. Պ.- Շատ ուրախ եմ հայ արուեստագէտներու հետ գործակցելով, խիստ բարձր կը գնահատեմ հայ արուեստը եւ կը փափաքիմ այցելել Հայաստան`նորանոր գործակցութեան հեռանկարով:

Հարցազրոյցները վարեց`
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES