«Հայբիզնեսբանկ»-ի Գործադիր Խորհուրդին Փոխտնօրէնը «Ազդակ» Այցելեց

Վերջերս «Ազդակ» այցելեց «Հայբիզնեսբանկ» դրամատան գործադիր խորհուրդի փոխտնօրէն Լեւոն Միրզոյեանը, որ Լիբանան կը գտնուէր աշխատանքային այցելութեամբ` Հայաստանի եւ Լիբանանի դրամատնային բնագաւառին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները սերտելու եւ ծրագիրներ մշակելու նպատակով:

Լեւոն Միրզոյեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանահայութեան մեծ թիւը, ազդեցիկ ներուժն ու լիբանանեան մակարդակի վրայ անոր ունեցած տեղն ու դերակատարութիւնը, 1991 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ գործող, միջազգային դրամատնային նորութիւններուն հետ քայլ պահող «Հայբիզնեսբանկ»-ը կարեւոր նկատած է կամուրջներ հաստատել լիբանանեան դրամատուներու հետ` աւելի ուշ նաեւ Լիբանանի մէջ եւս մասնաճիւղ եւ լիիրաւ գործակից կամ բաժնեկից ունենալու հեռանկարով: Լեւոն Միրզոյեան ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ Լիբանանի մէջ իր այցելած դրամատուներուն մէջ նկատելի էր լիբանանահայ պաշտօնեաներու ներկայութիւն` տարբեր մակարդակներու վրայ:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, որ իր այցելութեան ընթացքին տարբերութիւններ նկատա՞ծ է լիբանանեան դրամատուներու գործելաոճին ու հայաստանեաններուն միջեւ, «Հայբիզնեսբանկ» եւ գործադիր խորհուրդին փոխտնօրէնը նշեց, որ մեծ ու հիմնական տարբերութիւններ չկան, մանաւանդ որ Հայաստանը եւս արդէն վարկեր տրամադրելու, ինչպէս նաեւ դրամատնային բազմապիսի ծառայութիւններ մատուցելու իմաստով արդէն բաւական զարգացած է:

Աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ համագործակցութեան այս ծրագիրը իր արդիւնքը տայ, որովհետեւ անիկա կարեւոր է Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական բնագաւառի զարգացման, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի միջեւ յաւելեալ կամուրջներու հաստատման իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES