Ֆրանսայի Պետական Քայլերգը 220 Տարեկան Է
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ 220 տարի առաջ աշխարհը լսեց «Մարսէյեզ»-ը` Ֆրանսայի պետական քայլերգը, եւ հաւանաբար, բոլոր ժամանակներու ամէնէն ծանօթ հայրենասիրական երգը:
Շուրջ հարիւր տարի առաջ աշխարհը «Մարսէյեզ»-ը կ՛ընդունէր ոչ այնքան իբրեւ ռազմական, որքան յեղափոխական երգ: Մինչեւ իբրեւ պաշտօնական քայլերգ վերականգնուիլը, անիկա Ֆրանսայի մէջ երկու անգամ արգիլուած է:
Քայլերգի խօսքի եւ երաժշտութեան հեղինակն է Ռուժ տը Լիլ, որ զայն գրած է 25 ապրիլ 1792-ին` քանի մը ժամուան ընթացքին:
Նշենք, որ Ֆրանսա առաջին պետութիւնն է, որ ունեցած է պաշտօնական քայլերգ:
CATEGORIES Միջազգային

