Իրաքի Կառավարութիւնը Տաւութօղլուի Քերքուք Այցելութեան Շուրջ Հետաքննութիւն Պիտի Կատարէ

«Սի.Էն.Էն.թիւրք» կը հաղորդէ, որ իրաքեան կառավարութեան բանբեր Ալի Տապպաղ յայտարարած է, որ Իրաքի նախարարաց խորհուրդը երեքշաբթի օր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցով նոր որոշում որդեգրած է:

Այդ որոշումը որդեգրուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` Քերքուք այցելութենէն ետք:

Որոշուած է Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակի վրայ Տաւութօղլուի Քերքուք այցելութեան ազդեցութիւնը հետաքննել եւ համապատասխան զեկուցումը ներկայացնել կառավարութեան: Այդ նպատակով ստեղծուած է համապատասխան յանձնախումբ` երկրի փոխվարչապետ Հիւսէյն Շահրիսթանիի գլխաւորութեամբ:

Տաւութօղլուի` Իրաքի իշխանութիւններու հետ չհամաձայնեցուած այցելութիւնը զայրացուցած էր Պաղտատը, որ Անգարայի բողոքագիր ուղարկած էր: Սակայն Քերքուքի նահանգապետը նշած էր, որ Տաւութօղլուն այցելելու իրաւունք ունեցած է, որովհետեւ դիմած է Անգարայի մէջ Իրաքի դեսպանատուն եւ մուտքի արտօնագիր ստացած է:

Մեհմանփարասթ. «Թեհրան Պատրաստ Է
Իրաքի
Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լարուածութեան
Վերջ
Տալու Օժանդակելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմենփարասթ յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ է Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան վերջ տալու համար օժանդակութիւն տրամադրելու:

«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մեհմենփարասթ յայտնած է, որ «շրջանին պայմանները նոր տագնապի մը ստեղծումը չեն կրնար տանիլ, իսկ Թուրքիա Իրանի նման մինչեւ հիմա աշխատանք տարաւ իրաքեան հողամասերու միութեան աջակցելու համար եւ մերժեց իրաքեան գերիշխանութիւնը ոտնահարող որեւէ տեսակի միջամտութիւն»` աւելցնելով, որ «Իսլամական հանրապետութիւնը երկու երկիրներուն դրացի երկիր է եւ Պաղտատի ու Անգարայի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )