Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փութին – Սարգսեան Հանդիպումը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ ռուս-հայկական միջկառավարական յանձնախումբը ձեւաւորուած է եւ անոր առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան աշնան:
Փութին յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն դիմաց դրուած է շատ ճիշդ խնդիր մը` տնտեսութեան մարզին մէջ յարաբերութիւններու զարգացման ծրագիրը մինչեւ 2020 թուական, ինչպէս նաեւ ստեղծել ճամբու քարտէս:
Ըստ Փութինի, ռուսական կողմէն յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յիշեցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011 թուականի արդիւնքներով կազմած է 1 միլիառ տոլար, իսկ ապրանքաշրջանառութիւնը 2012 թուականի առաջին կիսուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 32 առ հարիւրով:
Բացի անկէ, Փութին յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ աշխատող Հայաստանի քաղաքացիները ամէն տարի իրենց ընտանիքներուն կ՛ուղարկեն շուրջ 1 միլիառ տոլար, ինչ որ կը կազմէ Հայաստանի Համախառն ներքին արդիւնքի զգալի մասը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին ընդգծեց, որ 1 միլիառ տոլարը երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան համար սահման չէ եւ յառաջիկայ երկու-երեք տարիներուն ատիկա կարելի պիտի ըլլայ «կրկնապատկել կամ նոյնիսկ եռապատկել»:
Հայաստանի նախագահը կարեւորութեամբ նշեց երկու երկիրներուն յաջող զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը:
«Մենք երկարաձգած ենք Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտները: Մենք կը նկատենք, որ ռուսական ռազմակայանի գտնուիլը Հայաստանի մէջ կը բխի մեր ապահովութեան շահերէն», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը` նշելով, որ այս տարուան աշնան երկրին մէջ տեղի պիտի ունենան զօրավարժութիւններ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ:


