ՀՅԴ Գիւմրիի Քաղաքապետի Ընտրութիւններուն Համար Պաշտօնապես Առաջադրեց Յովսէփ Սիմոնեանի Թեկնածութիւնը
Երէկ ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէն առաջադրեց Գիւմրիի քաղաքապետի իր թեկնածուն: Գիւմրիի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն սեփական թեկնածուով ներկայանալու որոշումը տուաւ ՀՅԴ Շիրակի մարզային կառոյցի ներկայացուցչական ժողովը, տակաւին մէկ տարի առաջ:
Նախանցեալ օր այդ ժողովը որոշում տուաւ, որ պիտի առաջադրէ Շիրակի մարզպետարանի տնտեսական վարչութեան պետի տեղակալ, ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի անդամ Յովսէփ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը:
CATEGORIES Հայկական


