ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԵԼՈՎ. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԸ

Կոնփուկիոսի նորակառոյց արձանը` Չինաստանի Ազգային թանգարանին մուտքին:

ՄԻՆՉ ՉԻՆԱՍՏԱՆ Կ՛ԱՊՐԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԵՐԵԼՔ ՄԸ ԵՒ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ  ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԵՄ, ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆԻԿԱ ՄԵԾ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ԿԸ ԾԱԽՍԷ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՒԵԼԻ ԳՐԱՒԻՉ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐ ՊԱՏԿԵՐԸ ԵՒ ԸՆԴԱՐՁԱԿԵԼՈՒ` ԻՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ: «ՏԻ ԱՐԹ ՆԻՒԶՓԷՅՓԸՐ»Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ԹԷ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱԲԱՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՅԾԸ ԴԱՌՆԱԼ ԻՆՔՆԱՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԻ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԿԵՐՏՈՒՄԻՆ, ՈՐ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՇԿԱՆԴՈՒՄՈՎ ՏԽՐԱՀՌՉԱԿ ԴԱՐՁԱԾ ԵՐԿԻՐԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԴԷՊԻ ԳԻՏԱԿՑԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՄԱԿԱՐԴԱԿ: ՅՕԴՈՒԱԾԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ «ՄԵՂՄ ՈՒԺԻ» ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ ԱՌՆԵԼՈՎ` ՑՆՑԻՉ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՅՍ ՄԱՐԶԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, Ի ՎԵՐՋՈՅ ՉԻՆԱՑԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉԷ ՄԸ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՈՎ ՄԸ ԵԶՐԱԿԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՄԸ:

«Մշակութային փոխանակումը նաեւ մտածողութեան փոխանակում է,- կ՛ըսէ Չան Փինկ` Չինաստանի մշակոյթի նախարարութեան այն ներկայացուցիչը, որ Լուսաւորութեան ցուցահանդէսին կազմակերպումին ընթացքին գլխաւոր կապը եղած է Չինաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ:- Կարծիքներու տարբերութիւնը սարսափելի բան մը չէ: Աւելի վատ է զիրար չճանչնալը»: Չան Փինկ գիտէ, թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսի: Ան կը տիրապետէ սահուն գերմաներէնի եւ անգլերէնի, ծանօթ է եւրոպական արուեստի պատմութեան նրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ֆութպոլի մրցաշարքերուն:

Չինաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը իր մշակութային փոխանակումներու բաժանմունքին մէջ ունի 160 պաշտօնեաներ, որոնց համար կը ծախսէ տարեկան 50 միլիոն տոլար: Չինական դեսպանատուներու մէջ շուրջ 300 դիւանագէտներ կը գործեն մշակութային ծրագիրներու մէջ: 2001-էն ի վեր նախարարութիւնը հովանաւորած է մշակութային փառատօներ` Պերլինի, Ամսթերտամի, Հռոմի, Ուաշինկթընի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ տարածքին: Մշակութային հաստատութիւններ հիմնուած են Մորիշըսի, Պենինի, Պերլինի, Փարիզի, Մալթայի, Գահիրէի, Թոքիոյի, Սէուլի եւ Ուլան Պաթորի մէջ: 30 նոր հաստատութիւններ կը ծրագրուին` յառաջիկայ տասնամեակին համար: Այս հաշիւէն դուրս են 985 երկիրներու մէջ կոնփուկիոսեան այն 330 հիմնարկները, որոնք կը գործեն Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ` չինական լեզուն եւ մշակոյթը սորվեցնելու համար օտարներուն:

Չինաստանի Ազգային թանգարանին վերաբացումը նպատակաուղղուած է ոչ միայն ներքին սպառումի, այլ նաեւ Չինաստանի մշակութային ուժը ցոյց տալու արտաքին աշխարհին: Անիկա գագաթնակէտն է թանգարաններու կառուցումի արշաւի մը: 2009-էն ի վեր Չինաստանի տարածքին կը գործեն 3020 թանգարաններ, ներառեալ` 328 սեփական թանգարաններ (Ամերիկեան թանգարաններու ընկերակցութիւնը կը հաշուէ 17,500 թանգարաններ` Միացեալ Նահանգներու տարածքին): Ամէն տարի հարիւր նոր թանգարաններ կը բացուին Չինաստանի մէջ: 2008-էն ի վեր պատմական թանգարաններուն մուտքը մեծ մասամբ ձրի է: Անցեալ ամիս պետութիւնը ձրի հռչակեց նաեւ արդի եւ ժամանակակից թանգարաններու մուտքը: Թանգարաններու այս սրընթաց աճը մաս կը կազմէ մշակութային ենթակառոյց մը հիմնելու ազգային ձգտումի մը` «հաստատելու համար մշակութային աշխարհահռչակ վաճառանիշներու շարք մը», ինչպէս յայտարարած էր Չինաստանի մշակոյթի նախարարը այս տարուան սկիզբը հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ:

«ՄԵՂՄ ՈՒԺ»

«Յառաջիկայ 10 տարիներուն Չինաստանի մշակութային ճարտարարուեստի բոլոր երեւոյթները պէտք է ապրին ոսկեդար մը,- կ՛ըսէ Պէյճինկի հաղորդակցութեան համալսարանին Մշակութային ճարտարարուեստներու հիմնարկին մէջ պաշտօնավարող Եի Լանկ: «Մշակութային ճարտարարուեստի քարոզչութեան ծրագիր» մը գործադրութեան սկսած է դրուիլ 2009-ին, մինչ Չինաստանի մշակութային արտադրութիւնը կը հաշուէր 127 միլիառ տոլար եւ այնուհետեւ կ՛աճի տարին 15 առ հարիւր համեմատութեամբ: «Երկիրը չի բաւարարուիր իր տնտեսական իրագործումներով,- կը յայտարարէր «Սինհուաշը» լրատու գործակալութիւնը յունուարին:- Այժմ անիկա կարիքը ունի մշակութային իր ազդեցութիւնը տարածելու բոլոր ուղղութիւններով` միջազգային տարողութեամբ»: Չինաստանի պետութիւնը կը զօրակցի այս ձգտումներուն: Անիկա 2009-ին 4.45 միլիառ տոլար յատկացուց մշակոյթի մարզին, անկախ` մշակութային կառոյցներու շինարարական ծախսերուն իր մասնակցութենէն:

«Մեղմ ուժ» (սոֆթ փաուըր) բացատրութիւնը, զոր Հարվըրտ համալսարանի դասախօս Ժոզեֆ Նայ սահմանած էր 1988-ին իբրեւ «կարողութիւնը` ընելու այն, ինչ որ կը ցանկաս, եւ այս` գրաւչութեամբ, քան թէ` պարտադրելով կամ վճարելով», ծանօթ է քաղաքականութիւն մշակող չինացիներու շրջանակներուն մէջ, եւ այնպիսի երկրի մը մէջ, որ տեւաբար կը քննէ իր սեփական համաշխարհային դերը: Մշակութային ծրագիրներու եւ փոխանակումներու մէջ հսկայական շահարկումներ կատարող Չինաստանը մշակութային դիւանագիտութեան աշխարհին մէջ ամէնէն աշխուժ հովանաւորներէն է:

Չինաստանի ղեկավարները կը գիտակցին, թէ մշակոյթը կրնայ բարեացակամ տրամադրութիւն ստեղծել արտասահմանի մէջ: Եւրոպական Լուսաւորութեան նուիրուած ցուցահանդէսին պէս բարձր մակարդակի փոխանակումներ կրնան ապացոյցը դառնալ բաց միտքի, զգայնութեան եւ վստահութեան: Մինչ պետական լրատուամիջոցներու կողմէ «արտաքին ծանօթացումի աշխատանքը» հաւանաբար կը նկատուի քարոզչութիւն, անդին` մշակութային գրաւիչ երեւոյթներ տարբեր պատգամ մը կը փոխանցեն, ինչպէս կը գրէ պատկերասփիւռի «Էյ. Պի. Սի.» կայանի նախկին մէկ պատասխանատուն` Հարվի Ծոտին, որ ապրած է Չինաստանի մէջ: Լաւագոյն օրինակ մըն են Քսիանի թրծուած կաւէ պատերազմիկներու արձանները, որոնք այսօր իբրեւ «մեղմ ուժի» դեսպաններ շատ աւելի մեծ սպասարկութիւն կը մատուցեն Չինաստանի, քան ինչ որ երբեւիցէ մատուցած են Քին Շիհուան կայսեր, 2300 տարի առաջ, իբրեւ անոր յետմահու կեանքի զինուորները:

Նախագահ Հու Ճինթաու 2007-ին համայնավար կուսակցութեան 17-րդ համագումարին առիթով յայտարարած էր. «Պէտք է աւելի գրաւիչ դարձնենք մշակոյթը` իբրեւ մեր երկրին մեղմ ուժին մէկ արտայայտութիւնը» եւ «ամրապնդենք մշակութային միջազգային փոխանակումները` զօրացնելու համար չինական մշակոյթին ազդեցութիւնը աշխարհի տարածքին»: Այնուհետեւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է հանրային դիւանագիտութեան գրասենեակ մը: Վարչապետ Ուեն Շիապաօ 2010-ի իր տեղեկագիրին մէջ Ազգային ներկայացուցչական տան կը խոստանար, թէ Չինաստան պիտի բազմացնէր իր մշակոյթը տարածելու աղբիւրները: Յստակ է, թէ կուսակցութիւնը տրամադիր է մեծ գումարներ ծախսելու` Չինաստանի պատկերը փայլեցնելու համար: 2008-ի Ողիմպիականը եւ 2010-ի Աշխարհի տօնավաճառը միասնաբար արժեցին 80 միլիառ տոլար: Չինաստան շատ արագ իր ներկայութիւնը կը բարձրացնէ մշակութային միջազգային իրադարձութիւններու առիթով, ինչպէս` Ֆրանքֆորթի գիրքերու տօնավաճառը, նաեւ` արուեստի շուկային մէջ, ուր «Արթվեսթ»ի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, երկիրը այս շուկային մէջ իր բաժինը կրկնապատկած է 1996-էն ի վեր: Չինաստանի Ազգային թանգարանին վերաբացումը պարզապէս կէտ մըն է իրադարձութիւններու այս համաստեղութեան մէջ:

Պահ մը կը սթափինք, երբ այս խանդավառութիւնը կը բաղդատենք Միացեալ Նահանգներու մշակութային տկար դիւանագիտութեան: Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք յաղթանակի չափազանցուած շեփորումը պատճառ դարձաւ, որ Ամերիկայի մշակութային գործունէութիւնը տկարանայ արտասահմանի մէջ: Ասիկա իր ծայրայեղ աստիճանին հասաւ 1999-ին, երբ փակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Տեղեկատուական գրասենեակը (Եու. Էս. Այ. Էյ.), որ ժամանակին կը ստանար տարեկան 1.4 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը: Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներէն ետք, մինչ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր իսլամական եւ արաբական աշխարհին վրայ, անդին` հանրային դիւանագիտութիւնը, որ դարձած էր պետական շարք մը գրասենեակներու պարտականութիւնը, կորսնցուցած էր իր կողմնացոյցը: Այսօր Միացեալ Նահանգներու կրթութեան եւ մշակութային հարցերու նախարարութիւնը, որ այլ պատասխանատուութիւններու կողքին կը վերահսկէ նաեւ արտասահմանի մէջ արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակումներու, սկսած է դարձեալ ծրագրել նոր նախաձեռնութիւններ: Սակայն մշակութային փոխանակումներու համար 2010-ին անոր վաւերացուցած 11.5 միլիոն տոլարի համեստ պիւտճէն (նախարարութեան ընդհանուր պիւտճէին շուրջ 2 առ հարիւրը) մեծ մասամբ կը յատկացուի տեսողական արուեստներէ դուրս մարզերու` նախապատուութիւն տալով դէմ առ դէմ փոխանակումներու` հաստատութիւններու ճամբով կատարուած նախաձեռնութիւններու միջոցով, ինչպէս` շրջուն ցուցահանդէսներ: Կ՛արժէ նշել, թէ Միացեալ Նահանգներու կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերու նախարարութեան կողմէ մշակութային եւ արուեստներու փոխանակումի մարզին յատկացուած ամբողջ պիւտճէն համազօր է նիւթական այն յատկացումին, զոր Գերմանիոյ ժողովուրդը տրամադրեց Չինաստանի` Ազգային թանգարանին Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի նուիրուած ցուցահանդէսին:

Կարճ խօսքով` Միացեալ Նահանգներու մէջ թանգարաններ փոխանակումներ կը կատարեն Չինաստանի հետ, երբ միայն հարցը կը վերաբերի գլխաւոր նախաձեռնութիւններու համար դրամական յատկացումներ կատարելու: Սակայն անոնք չեն հաւասարիր պետական զօրակցութիւն վայելող ասիական կամ եւրոպական թանգարաններուն: Միացեալ Նահանգներ մշակութային փոխանակումի նկատմամբ կը ցուցաբերեն նոյն այն մօտեցումը, ինչ որ կը կիրարկեն արուեստի աւելի լայն մարտավարութեան դաշտերու մէջ: Անոնք աշխատանքը մեծ մասամբ կը վստահին սեփական հաստատութիւններու եւ հանրային-սեփական մարզերու միջեւ միատեղ ծրագիրներու, յուսալով, որ սեփական մարզերէ նիւթական յատկացումներ ամբողջացնեն բացը: Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ այժմ կը փափաքին կիրարկել նոյն մօտեցումը: Հարցը այն է, թէ սեփական հաստատութիւններ տրամադիր չեն զօրակցելու միջազգային ծրագիրներու:

«Քաջալերելով հանրային եւ սեփական շահարկումները մշակութային փոխանակումներու վրայ հիմնուած դիւանագիտութեան մէջ» վերնագիրով տեղեկագիրով մը Ռոպըրթ Սթըրլինկ Քլարք հիմնարկը 2010-ին կը յայտարարէր, թէ մշակութային փոխանակումներու մէջ Միացեալ Նահանգներու ուղղակի շահարկումները տեւաբար վայրէջք արձանագրած էին 2003-էն 2008-ի միջեւ եւ հասած են տարեկան 20.7 միլիոն տոլարի: Այս գումարը կը կազմէ մշակութային փոխյատկացումներուն 0.64 առ հարիւրը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած ընդհանուր յատկացումներուն աննշան 0.05 առ հարիւրը:

ԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ

Արդեօք Չինաստանի Ազգային թանգարանին եւ Լուսաւորութեան ցուցահանդէսին մէջ կատարուած շահարկումները որեւէ արդիւնք պիտի տա՞ն Չինաստանի եւ Գերմանիոյ համար: Այս հարցումէն կը բխին նաեւ այլ հարցադրումներ. արդեօք թանգարաններ կրնա՞ն ձեւաւորել ընկերային կեցուածքներ: Արդեօք մշակոյթը որեւէ իմաստալից դեր ունի՞ դիւանագիտութեան մէջ: Արդեօք արուեստի հաստատութիւններ պէ՞տք է իրենց սպասարկութիւնը մատուցեն պետութիւններու:

Յաջողութեան գլխաւոր չափանիշը` ներկայութիւնը, հարց մը չէ: Չինաստանի Ազգային թանգարանին նոր կառոյցը հանգիստ կերպով կրնայ միաժամանակ ընդունիլ 50 հազար հոգի: «Մէկ տարուան ընթացքին կէս միլիոն այցելու ընդունիլը մեծ բան մը չէ մեզի համար», կ՛ըսէ ցուցահանդէսին պատասխանատուն` Չեն Եու: Սակայն սկեպտիկներ բազմաթիւ կասկածներ ունին ձեռնարկին նկատմամբ:

Մշակութային գործակցութիւններ յատկանշուած են բարդութեամբ: Չինացիք կարծր եւ զգացականութենէ զուրկ բանակցողներ են: Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ ծածուկ դժգոհութիւն կը յայտնեն, թէ անոնք յաճախ կեցուածք կը փոխեն: Չինացիք իրենց կարգին կը զարմանան, երբ կը տեսնեն, թէ «համակարգումը մարտահրաւէր մըն է իրենց գերմանացի գործակիցներուն համար», ինչպէս կը նկարագրէ չինացի մը:

Շատ աւելի դժուար է ենթադրել մշակութային դիւանագիտութեան ներգործութիւնը: Հակառակ մշակոյթի եւ աշխարհին բացուելու համար իր կատարած ծախսերուն, կը թուի, թէ Չինաստան տնտեսական իւրաքանչիւր վերելքի հետ կը կորսնցնէ իր ժողովրդականութիւնը: Երկիրը չունի ամերիկեան ժողովրդային մշակոյթին նման համաշխարհային գրաւչութիւն մը: Աւելի՛ն. «մեղմ ուժի» ոչ մէկ զօրութիւն կրնայ արմատախիլ ընել համաշխարհային դրամական վիճակին եւ մարդկային իրաւունքներու առնչուած ծանր իրականութիւնները: Ճիշդ այն պահուն, երբ Ազգային թանգարանը կը պատրաստուէր վերաբանալու իր դռները, Պէյճինկի իշխանութիւնները Միջին Արեւելքի խռովութիւններէն վախնալով` սեղմած էին սանձը հանրային հաւաքներու եւ մամուլին վրայ:

Թերեւս Լուսաւորութեան ցուցահանդէսին մեծագոյն յոյսը այն է, թէ անիկա կրնայ կայծը դառնալ արուեստագէտներու, ուսումնասիրողներու եւ արհեստավարժներու միջեւ զրոյցի մը` Չինաստանի համաշխարհային բեմ բարձրանալուն առնչութեամբ: «Թանգարանը կրնայ դառնալ նոր գաղափարներու աղբիւր մը,- կ՛ըսէ Ազգային թանգարանին վերանորոգութեան աշխատանքը իրականացուցած ճարտարապետական հաստատութեան ներկայացուցիչ` Սթեփան Շուց:- Չինաստանի ժողովուրդը չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ նոր ձեւի մտածողութիւններ ընկալելու նկատմամբ»: Գրաւը մեծ է. արդեօք երկրին կարողական ուժը իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ՞ մարդկայնական եւ հետեւողական իրագործումներով: Արդեօք Չինաստանի ղեկավարները որոշում կայացնելու գործընթացը պիտի հիմնե՞ն «հանրային հարցերու բանական, քննադատական եւ ճշմարտապէս ազատ քննարկումներու վրայ», ինչպէս բնորոշած է փիլիսոփայ Եուրկըն Հապերման: Սանձարձակ նիւթապաշտութեան մշակոյթ մը որդեգրելէ ետք արդեօք Չինաստանի քաղաքացիները պիտի վերագտնե՞ն արժէքներու եւ իմաստներու անշօշափելի աղբիւրներ:

«Չեմ կարծեր, թէ Լուսաւորութեան դարաշրջանը վերջ գտած է: Կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան կարիքը ունի արուեստի եւ ձեւի Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի մը,- կ՛ըսէ Չան Փինկ` մշակութային նախարարութեան ներկայացուցիչը:- Չինաստան կարիքը ունի անոր: Ամերիկան կարիքը ունի անոր: Նոյնիսկ այսօրուան Եւրոպան կարիքը ունի Լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի մը»:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES