ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (Բ.)

Բախումներ` ցուցարարներուն եւ արգելափակեալներու հարազատներուն միջեւ:

Ռումիէի բանտը հարուածած հսկայ փոթորիկէն ետք բանտին կացութիւնը վերագտած է իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` վերջ մը դնելով նաեւ բանտին մուտքին կամ այլ շրջաններու մէջ կատարուող բողոքի ցոյցերուն, որոնք հիմնականին մէջ ինքնաբուխ ցոյցեր էին` կատարուած արգելափակեալներուն հարազատներուն կողմէ:

Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած այդ ըմբոստութեան եւ զայն հակակշիռի տակ առնելու առումով, երեքշաբթի, 5 ապրիլին,  բանտին մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան մասին մանրամասն խօսելով` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի նշեց, թէ ապահովական ուժերուն որդեգրած քայլերուն եւ ապահովական միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղած է զսպել Ռումիէի բանտին մէջ բռնկած ինթիֆատան, որուն պատճառով կրնար բանտին մէջ ահաւոր սպանդ պատահիլ:

Զօր. Ռիֆի ընդգծեց, որ երկուշաբթի, 4 ապրիլին, բանտին մէջ բռնկած ըմբոստութիւնները, որոնց զուգահեռ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան եւ անիւներ հրկիզուեցան, բացայայտած են, թէ կայ մէկ աղբիւր, որ միաժամանակ կը բռնկեցնէ թէ՛ բանտը, թէ՛ արգելափակեալներուն հարազատները:

Ան շեշտեց, որ այս իրականութիւնը եկաւ փաստելու այն եզրակացութիւնը, թէ այս շարժումին նպատակը շատ աւելի մեծ է, քան` արգելափակեալներուն պահանջները:

Զօր. Ռիֆի նշեց, որ իրենք 48 ժամուան առիթ մը տուած են` ամբողջացնելու բանակցութիւնները, որոնք կը միտէին կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու, «սակայն երբ սկսանք շօշափել, թէ գետնի վրայ կացութիւնը կը սկսի աւելի վատթարանալ եւ հասնիլ կարմիր գիծ մը նկատուող հանգրուանի, այլ խօսքով` արգելափակեալներուն կողմէ բանտին տիրելու մակարդակի, դիմեցինք ներխուժումի եւ բռնի ուժով կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու ընտրանքին»:

Ռիֆի հաստատեց, թէ Ռումիէի ըմբոստութեան պատճառով արգելափակեալները կրցած էին հասնիլ բանտին դռներուն, «այսինքն յաջորդ քայլն էր բոլոր բանտարկեալներուն` շուրջ 3700 արգելափակեալի բանտէն դուրս գալը: Սակայն իսկական վտանգը կը կայանայ Ռումիէի բանտարկեալներուն իրականութեան մէջ. անոնք հիմնականին մէջ բաժնուած են երեք խմբակներու, որոնք իրարու դէմ լարուած են եւ անոնց լարուածութիւնը որեւէ երկվայրկեանի կրնայ բռնկիլ. այլ խօսքով, եթէ կարելի ըլլար, որ անոնք իրարու հասնին, բանտին մէջ իսկական ջարդեր կ՛արձանագրուէին», նշեց ան:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր ուղղաթիռով կը փորձեն մարել Ռումիէի հրդեհը:

Զօր. Ռիֆի շեշտեց, որ առաջին խմբաւորումը ծանօթ է իբրեւ քրէական յանցանքներով դատապարտուած ոճրագործներու, ինչպէս նաեւ աւազակներու եւ թմրեցուցիչ գործածող եւ մաքսանենգող յանցագործներու խմբակ, ինչպէս նաեւ ապահովական հարցերով ձերբակալուած արգելափակեալներ, որոնց մէկ խմբակը իսլամներ են, ինչպէս` Ֆաթհ իսլամի անդամներ եւ այլ բանտարկեալներ, իսկ միւս խմբակը` Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող գործակալներ:

Ռիֆի շեշտեց, թէ այս երեք խմբակներու արգելափակեալները նոյն բանտին մէջ պէտք չէ գտնուին, սակայն բաւարար տարածքի եւ բանտերու չգոյութեան պատճառով ստիպուած եղած են զանոնք նոյն վայրին մէջ դնել, սակայն զանոնք երկաթէ դռներով բաժնել:

«Ըմբոստութեան վերջին վայրկեաններուն մենք նկատեցինք, որ քրէական յանցանքով բանտարկուած արգելափակեալները, որ հիմնական ըմբոստացողներն էին, կը փորձէին երեք խմբակները իրարմէ բաժնող երկաթէ դռները բանալ, եւ իսկապէս ալ զանոնք իրարմէ բաժնող միայն քանի մը դուռ մնացած էր: Այս էր հիմնական պատճառը, որ կացութիւնը արժեւորուի իբրեւ կարմիր գիծի մօտենալու վտանգ եւ ըստ այնմ ներխուժում կատարուի` բանակին եւ ապահովութեան ուժերու յատուկ ջոկատներուն կողմէ, որոնք զսպեցին կացութիւնը», շեշտեց ան:

Ռիֆի աւելցուց, որ բանտին մէջ տիրող կացութեան առընթեր բռնկած հրդեհները եւս դժուարացուցին ապահովական ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ պատճառեցին վիրաւորներ:

Զօր. Ռիֆի հաստատեց, որ բանտ ներխուժումը ծրագրուած է իր եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ, աւելցնելով, որ իրենք նկատի ունեցած էին այն իրականութիւնը, թէ կրնան սահմանափակ թիւով մարդկային զոհեր արձանագրուիլ արգելափակեալներուն, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերուն շարքերուն մէջ:

«Երկրին եւ բանտերուն մէջ կարգ ու կանոնն ու ապահովութիւնը պահպանելու մեր պարտականութեան ծիրին մէջ մենք հարկ եղած միջոցներուն դիմեցինք եւ երեքշաբթի, 5 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:00 կրցանք կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել: Ներխուժումի ընթացքին երբեք իսկական փամփուշտներ չօգտագործուեցան, այլ` ձայնային ռումբեր, արցունքաբեր ռումբեր եւ ձգախէժէ փամփուշտներ: Ինչպէս ծանօթ է,  արձանագրուեցան երկու զոհեր, իսկ թեթեւօրէն վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ: Ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ նաեւ արձանագրուեցան 5 վիրաւորներ: Ան ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար` աւելցնելով սակայն, որ բանտին մէջ ծագած այդ խուլիկանութիւնը զսպելու այլ միջոց հնարաւոր չէր»:

Զօր. Ռիֆի դիտել տուաւ, որ ապահովական այս առաքելութիւնը գլուխ գործոց մը եւ առաւելագոյն չափով սերտուած եւ բանակին հետ բացառիկ ճշգրտութեամբ գործադրուած զինուորական գործողութիւն մը կը նկատուի. ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ աւելցուց, որ քաղաքական իշխանութիւնները բարձր պատասխանատուութեամբ հետեւած ու հսկած են այդ աշխատանքին:

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռումիէի բանտին մէջ բռնկած ըմբոստութեան դրդապատճառներուն մասին նախկին  արգելափակեալ մը` Ուսամա, հետեւելով բանտին մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւններուն, կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ով որ ծանօթ է բանտին մէջ տիրող այսպէս կոչուած «կարգապահութեան» եւ արգելափակեալներուն տարրական կարիքներուն անտեսումին, քաջ կը գիտնայ, թէ տիրող իրավիճակը որեւէ երկվայրկեանի կրնայ բռնկիլ»:

Փոքրիկ ցուցարար մը, որ կը փափաքի տեսնել իր հայրը:

Երիտասարդը, որ երկու տարի եւ չորս ամիս բանտարկուած է Ռումիէի մէջ, կը հաստատէ, թէ բանտը լաւագոյն վայրն է աժան գինով թմրեցուցիչ ունենալու` զայն ստանալով որոշ արգելափակեալներէ կամ ուղղակի ապահովական ուժերէն: Ան կը յայտնէ, թէ բանտին մէջ թմրեցուցիչը ընդհանրապէս կը վաճառուի իբրեւ դեղահատ, «սակայն տօնական օրերուն ընթացքին անիկա կը տրամադրուի յաւելեալ քանակով եւ որակով, որ կը հասնի մինչեւ քոքայինի, հերոյինի, ասեղներու եւ այլնի»:

Ուսամա կը շեշտէ, որ եթէ բանտին մէջ աղուէս մը չըլլաս, քեզ կը յօշոտեն հոն գտնուող գայլերը: «Բանտը ուրիշ աշխարհ մըն է, ուր կան դժուար ու դաժան օրէնքներ, որոնք կը պարտադրեն նոյնքան կարծր ու խիստ տարազներ ու գաղափարներ»:

Ան կ՛ընդգծէ, որ Ռումիէի մէջ ամէնէն աւելի փտածութիւնը տարածուած է ապահովութեան ուժերուն կողմէ թմրեցուցիչի տրամադրութեան ձեւով: «Թէեւ որոշ ժամանակ ետք, երբ բացայայտ դառնայ թմրեցուցիչ բաշխող բանտապահը կամ զինուորական պատասխանատուն, անոր պաշտօնը կը փոխուի, սակայն բանտին մէջ փտածութիւնը կը շարունակուի, եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ անոր յաջորդող զինուորականը շարունակէ անոր «գործ»ը»:

Ուսամա կը նշէ, որ Ռումիէի բանտէն մարդիկ շատ աւելի ոճրագործ եւ շատ աւելի թմրեցուցիչի մոլի դուրս կու գան, որովհետեւ տարբեր յանցանքներով ամբաստանուած բանտարկեալները նոյն բանտերուն մէջ կը պահուին եւ ոչ` առանձին բանտերու:

Ուսամայի այս վկայութիւնները կը հաստատէ Լուիս անունով այլ արգելափակեալ մը, որ 13 տարուան բանտարկութեան շրջան մը ամբողջացուցած է եւ ներկայիս կը գտնուի բուժարանի մը մէջ:

Ռումիէի բանտը` աւերուած:

«Բանտին մէջ թմրեցուցիչի մոլութիւնս աւելի շեշտուեցաւ», կ՛ըսէ Լուիս, որ 17 տարեկանին բանտարկուած է թմրեցուցիչի գործածութեան պատճառով:

«Բանտին մէջ թմրեցուցիչ ստանալէն աւելի դիւրին բան չկայ եւ արգելափակեալներուն մօտ մնայուն կերպով կը շեշտուի այն գաղափարը, որ ասկէ աւելի ի՞նչ պիտի կորսուի, սակայն մարդ արարածը միայն բանտէն դուրս գալէն ետք է, որ կրնայ գիտնալ իր կորուստին արժէքը: Ռումիէի մէջ կան մեծ քանակով «Պենզեքսոլ» կոչուող դեղահատեր, որոնք մտամոլորութիւն կը պատճառեն: Այդ դեղահատերը կարելի է նաեւ ստանալ առանց դրամի, պարզ ծառայութեան մը փոխարէն, նկատի ունենալով, որ բանտին օրակարգը կը կազմակերպեն եւ անոր գործադրութեան կը հսկեն արգելափակեալները», կ՛ըսէ ան:

Լուիս կը հաստատէ նաեւ, որ քանի մը անգամ իր առողջական վիճակը բաւական վատթարացած է, որովհետեւ ինք թմրեցուցիչ ստանալու ասեղները բաժնեկցած է այլոց հետ:

Իր կարգին, Մըլհեմ անունով այլ արգելափակեալ մը կը նշէ, թէ ինք կրնայ վերածուիլ աւազակի մը, Ռումիէի մէջ իր բանտարկութեան պատիժէն երեք տարի աւելի ծառայած ըլլալուն համար:

«Ռումիէն փտածութեան մարմնացում է եւ անոր պատճառով է, որ ես կը տառապիմ երիկամի բորբոքումէ», կ՛ըսէ ան` ընդգծելով, որ պետութեան կիրարկած քաղաքականութիւնն է պատճառը իր ապօրինութեան եւ բանտէն դուրս եկած փտած քաղաքացիի մը նմուշը ըլլալուն:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՆԱՀԱՐ», «ՍԱՖԻՐ» եւ «ԱԽՊԱՐ»

Share this Article
CATEGORIES