ԵՍ ՏՈԼՄԱ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԳԻՏԵՄ, ԻՍԿ ԴՈՒՆ ԳԻՏԵ՞Ս
Ապրիլ 7-ին մեծ աղմուկով փակուեցաւ հայ կնոջ նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան միամսեայ միջոցառումներն ու պարգեւաբաշխումները:
Որոշած էի այս նիւթին նորէն չանդրադառնալ: Ես այնքան ալ արմատական եւ ֆեմինիզմով տարուած մէկը չեմ, բայց մարդու իրաւունքներու համար, կիներու կա՛մ տղամարդոց տարրական իրաւունքներու անձեռնմխելիութեան համար չեմ հանդուրժեր լռութիւնը:
Ուրեմն, երեւի ճար չկայ: Մարդու տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին պէտք է խօսիլ անընդհատ: Այս մասին նորէն եւ նորէն պէտք է դաստիարակել ապագայ սերունդները, յատկապէս` մեր տղամարդիկը, ըլլան անոնք երեխայ կամ երիտասարդ, զարգացած կամ ոչ, պատասխանատու քաղաքական այր կա՛մ` սովորական հայր:
Այսօրուան 10 տարեկան երեխան 6-7 տարիէն կը դառնայ հասուն երիտասարդ, կը մտնէ հասարակական կեանքի դռնէն ներս, իր կռնակին շալկած` չափորոշիչներու հսկայ պարկ մը, ուր շատ մը այլ բաներու կողքին կան նաեւ կնոջ նկատմամբ վերաբերմունքը սահմանող արժէքային հսկայ համակարգ մը:
Իսկ ի՞նչ կը սորվի հայ պատանին այսօր: Ի՞նչ կը փոխանցէ հայ մայրը իր երեխային: Ի՞նչ կը պատմեն մեր հասարակութեան երեւելի դէմքերը մեր զաւակներուն:
Ահա քանի մը վերնագրեր եւ մէջբերումներ` վերցուած անցեալ շաբթուան հայկական մամուլէն, երբ տակաւին բոլորս միասնաբար կը վայելէինք մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը.
– «Աղջիկները սիրահարուելիս կորցնո՞ւմ են յիշողութիւնը»:
– «Սիրահարուած կանանց մօտ նուազում է ուսման եւ աշխատանքի ունակութիւնը»:
– «Գեղեցիկ կնոջ հետ սիրավէպն ունի իր բարդ կողմերը: Այսպէս` եթէ կինն իր կողակցի համար շատ գեղեցիկ է, ապա այդ սիրավէպը դատապարտուած է. հարկաւոր է զգուշանալ ընկերներից»:
– «Իսրայէլցի մօտել Օրիտ Ֆոքսին վիշապ օձ է կծել ու … օձը սատկել»:
– «Կարին» աւանդական երգի-պարի խմբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան կը կարծէ, որ «ծիծաղելի է, երբ հայ աղջիկը երգում է «Հորովել»: Ինձ համար ծիծաղելի է նրա երգը, քանի որ հորովելը գիւղացին է, ով վարում է հողը: Չեմ կարծում, որ կինը կ՛ասի` կը գնամ արտ, հող վարեմ տղամարդու նման»:
– Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռաֆայէլ Նահապետեանը գենդերային (սեռային – Խմբ.) հաւասարութիւն պահանջող հայուհիներուն կը յիշեցնէ որ «Կնոջ կարեւոր գործառոյթը վերարտադրութեան ապահովումն է»:
Այս ինչպիսի՞ պատկեր է, որ կ՛ուրուագծուի մամուլի ճամբով հայ կնոջ եւ ընդհանրապէս կիներու մասին, եւ ինչպիսի՞ պատկերացումներ ունի հայ մարդը հայ կնոջ մասին:
Նախ այն, որ այսպիսի որակումները ուղղակի վիրաւորական են: Սակայն անիմաստ է այս մասին խօսիլ, այդ չէ կարեւորը: Կարեւորը հայ կնոջ ուրուագծուած պատկերն է, ուր չեմ գիտեր ինչո՛ւ յանկարծ մեր տղաքը մոռցած կը թուին ըլլալ բոլոր այն վարդագոյն խօսքերը, որոնցմով կը հեղեղէին մեզ քանի մը օր առաջ:
Վերջ ի վերջոյ հայ կինը երեխայ արտադրող մեքենայի, զուտ կենդանական էգի դերին մէջ տեղադրելով` հայ տղամարդը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ: Արդեօք ան կը վախնա՞յ, որ կրնայ կորսնցնել տան մէջ իր միահեծան դիրքը եւ դադրիլ հայ ընտանիքին վրայ ուժ բանեցնելու իր հնարաւորութենէն:
Այդ մտահոգութիւնը կայ, որովհետեւ բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ հայ կնոջ տնտեսական անկախացումը իրեն հետ կը բերէ տղամարդու դերի կտրուկ կրճատում:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ կնոջ աշխատունակութեան, բաւական է շրջահայեաց ըլլալ` տեսնելու համար իրականութիւնը: Իսկ մեր հասարակութեան պատասխանատու այրերը, որոնք բեմերէն կը պնդեն, որ պէտք է ամէն գնով պահուի հայ կնոջ աւանդական նկարագիրը, այս մարդոց ունիմ մէկ հարց. արդեօք քաղաքէն դուրս գալով` անոնք տեսա՞ծ են, թէ ո՛վ է որ հողը կը վարէ, դաշտերուն մէջ կ՛աշխատի օրն ամբողջ, թերեւս այն ժամանակ կը հասկնան եւ կը համոզուին, որ հայ կինը եւս իրաւունք ունի հորովել երգելու:
Հայ կինը միշտ ալ իր վրայ վերցուցած է հայ ընտանիքի տնտեսական պատասխանատուութիւնը: Չեմ խօսիր պատերազմի օրերուն մասին, այլ` այսօրուան, երբ հայ տղամարդը, «տղամարդու վայել» գործերով կը զբաղի, ընկերներուն կը հանդիպի, նարտի կը խաղայ, որսի կ՛երթայ, ջուրի եզերքին նստած` օղի կը խմէ, սիկարեթի ծուխին մէջ երազելու կը սկսի:
Մինչ այդ հայ կինը հեռաւոր գիւղին, թէ մեծ քաղաքի քաոսին մէջ, լուռ ու մունջ, առաց բողոքի կ՛աշխատի ինչպէս միշտ, ըստ աւանդութեան. եթէ չհասկնալու խնդիր կայ, ես պատրաստ եմ շրջագայելու` «Էքսքուրսիա»ի տանելու բոլոր հետաքրքրուողները:
Սակայն խնդիրը այն է, որ հայ կնոջ աշխատանքը չի գնահատուիր որպէս աշխատանք: Այդ գնահատանքի պակասը կ՛երեւի նաեւ անոր ստացած վարձատրութեան մէջ, եւ սա արդէն քաղաքական արժեւորում է:
Հայ կնոջ քաղաքական դերի բարձրացման մասին անցեալ շաբաթ նաեւ եղան քննարկումներ, նոյնիսկ` վարչապետին մօտ: Նախորդ յօդուածիս առթիւ յարգելի ընթերցողներէն մին հետեւեալ կերպով կ՛արձագանգէր. «Նախ՝ բնաւ չեմ կարծում, թէ Հայաստանում կնոջ համար քաղաքական կեանքի դռները փակ են: Այդ դռները երբեմն բախել է պէտք, որը հայ կինը չի անում ոչ թէ այն պատճառով, որ տղամարդիկ չեն թոյլատրում, այլ որովհետեւ իրենք չեն կամենում: Չկամեցողի առջեւ դռներն ի հարկէ փակ կը մնան»:
Սակայն ի՞նչ չկամենալու մասին է խօսքը: Մի՞թէ հայ կինը հնարաւորութիւն ունի չկամենալու:
Կրկին ձեր համբերութիւնը շահագործելով` մէջբերեմ. «Ամուսինս աշխատում էր եւ լաւ էր վաստակում, բայց ես ու երեխաներս մեր օրն անց էինք կացնում կիսաքաղց վիճակում: Նա իր վաստակած գումարը վատնում էր ընկերների եւ սիրուհիների հետ` բնութեան գրկում կամ էլ ճաշարաններում: Գիշերները ցանկացած ժամի տուն էր գալիս, եւ սկսւում էին` ծեծը, հայհոյանքը, նուաստացումը»: Ինձ ասում էր. «Խամ լուացքի մեքենայ, որ պահեմ քու տեղդ, աւելի լաւ է, քան` քո նման փալասը»:
Այս մէջբերումը վերցուցած եմ «Կանանց իրաւունքների կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան տրամադրած մէկ պատմութենէն, ուր արդէն այնքան պարզ կ՛երեւի հայ կնոջ այսօրուան իրավիճակը: Հայ կնոջ տնտեսական կախուածութիւնը հիմնական պատճառներէն մէկն է, որ ան բացակայ է հասարակական կեանքէն:
Կեդրոնի տրամադրած պատմութիւնները կը բացայայտեն մեր իրականութեան մութ ու ցաւալի կողմերը:
Քաղաքական կեանքը տնօրինող մեր տղամարդոց կ՛ուզեմ պատմել փոքրիկ դրուագ մը Ճերալտին Ֆեռարոյի մասին, որ ամերիկեան Քոնկրեսի անդամ էր եւ տասնամեակներ շարունակ կը ներկայացնէր Միացեալ Նահանգներու ամէնէն դժուար նահանգներէն մէկը: Տիկին Ֆեռարոն մահացաւ անցեալ ամիս, մարտ 26-ին: «Վերջապէս, թունդ դեմոկրատական մը» կարգախօսով ան յաջողեցաւ հրապուրել քաղաքացիները եւ շահիլ անոնց վստահութիւնը: Այդ մարդոց երեխաներն ու հարիւր հազարաւոր երիտասարդ աղջիկներու համար Ֆեռարոն դարձաւ կուռք:
Այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ կային միայն երկու կիներ: Այսօր այդ թիւը 17 է, իսկ Ներկայացուցչական տունը ունի 74 կիներ:
Ճերալտին Ֆեռարոն իր առաջին սկզբնական ընտրական արշաւի օրերուն կը հանդիպէր ուժեղ ընդդիմութեան` հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ: Օր մը Միսիսիփիի մէջ, իր ելոյթէն ետք, գիւղացի մը կը մօտենայ իրեն եւ հարց կու տայ. «Աղջի՛կ ճան, դուն պտղահատիկով թխուածք գիտե՞ս պատրաստել»: Ճերալտին Ֆեռարոն կը պատասխանէ. «Ես գիտեմ. բայց դուն գիտե՞ս…»:
Այս օրերուն, երբ բացայայտ եւ ոչ բացայայտ ձեւերով հայ կինը քննադատութեան թիրախ է, հայ կինը պարտաւոր է, որ պահէ իր սառնասրտութիւնը… որովհետեւ… շըշըշ… Մեր երկրին մէջ անձայն յեղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ: Այո՛, հայ կինը քաղաքականութենէն կը հասկնայ, նաեւ կարող է, գիտէ ե՛ւ տոլմա եւ չինական ճաշ պատրաստել: Իսկ դուք, սիրելի հայ տղամարդիկ, դուք գիտէ՞ք տոլմա պատրաստել:
Մեր հասարակութիւնը կ՛ապրի հսկայական փոփոխութիւններու շեմին, կը մնայ անտեսել չար քննադատութիւնները, կառչիլ մեր իրաւունքներուն եւ շարունակել պայքարը:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ