50 Տարի Առաջ ( 10 Օգոստոս 1962 )
Ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեան
Ոչ Եւս Է
Խոր ցաւով կը հաղորդենք մահը հաւատաւոր դաշնակցական եւ հանրային բազմարդիւն գործիչ ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Սաքրէ Քէօր հիւանդանոցին մէջ, վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք:
Յանձին ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեանի, Լիբանանի մեր կազմակերպութիւնը կը կորսնցնէ լուռ եւ անձնուէր աշխատանքի օրինակելի ընկեր մը եւ Լիբանանի հայ համայնքը` բարեխիղճ եւ ուղղամիտ գործիչ մը, որ տասնամեակներ ամբողջ` անձնուրաց ծառայութեան մարմնացումը եղաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ:
Ծնած Տիգրանակերտ, 1896-ին, քահանայի զաւակ, ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեան, ուսումը ստանալէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, կանուխէն կը մտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ մինչեւ իր մահը կ՛ըլլայ տիպար կուսակցական մը, գաղափարական բարձր արժանիքներով: Երիտասարդ տարիքին, Տիգրանակերտի մէջ ատեն մը կրթական գործին նոիրուելէ ետք, կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կը պաշտօնավարէ երկաթուղային ընկերութեան մէջ:
Առաջին ընդհանուր պատերազմին, 1915-ին, կը ձերբակալուի Հալէպի մէջ, Յարութիւն քահանայի եւ բազմաթիւ այլ երիտասարդ ընկերներու հետ, իբրեւ յեղափոխական: Բանտէն արձակուելէ ետք կը վերստանձնէ իր պաշտօնը, մինչեւ պատերազմի վախճանը:
Զինադադարէն ետք, Հալէպէն կը փոխադրուի Ատանա, ուր կը պաշտօնավարէ Հանրօգուտ շինութեանց սպասարկութեան մէջ միաժամանակ պատասխանատու դեր ստանձնելով կուսակցական կեանքէն ներս:
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք կու գայ Դամասկոս, ուր կ՛ըլլայ քատասթրի առաջին պաշտօնեաներէն մէկը: Այս սպասարկութեան մէջ, շնորհիւ իր աշխատունակութեան եւ դիրքին, օգտակար կ՛ըլլայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներու, որոնք իր միջոցով գործի կ՛առնուին քատասթրի տնօրէնութեան կողմէ:
1927-ին Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ Վերժին Չոքքարեանի հետ եւ կը կազմէ տիպար ընտանիք մը:
Պէյրութի մէջ է, որ ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեան կը բոլորէ գործունէութեան բեղուն շրջան մը, ազգային եւ կուսակցական գործերով:
Երկար տարիներ կ՛ըլլայ Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ եւ իր աշխատանքով ու գործունէութեամբ, մեծապէս կը սատարէ եկեղեցւոյ բարեզարդման: Միաժամանակ զինք կը գտնենք կուսակցական պատասխանատու պաշտօններու վրայ աշխատելու այն յամառ վճռականութեամբ եւ ուղղամտութեամբ, որոնք սիրոյ եւ յարգանքի լայն շրջանակ մը կը ստեղծեն շուրջը:
Աչքերը կը փակէ մարդու եւ հայու իր պարտականութիւնը լրիւ կատարած գոհունակութեամբ: Յարգանք իր անմոռանալի յիշատակին:
Հայկական Կեանք
Խոսրովի Անտառը
1650 տարի առաջ ստեղծուած այս անտառը Հայաստանի տեսարժան եւ պատմական վայրերէն մէկն է: Միեւնոյն ատեն Խոսրովի անտառը իր բուսական եւ կենդանական հարուստ աշխարհով եզակի արգելոց մըն է: Ներկայիս անոր ընդհանուր տարածութիւնը կը հասնի 27.111 հեկտարի, որմէ անտառապատ է 15 հազարը: Յառաջիկայ հինգ տարիներուն, Խոսրովի անտառին ընդհանուր տարածութիւնը պիտի հասնի 30.000 հեկտարի:
Կենդանիներուն համար բոլոր նպաստաւոր պայմանները: Այսպէս, Արեւշատի շրջանը, երբ գարնան կը ծաղկին ծառերը, անտառին Գեղարդի շրջանին մէջ դեռ նստած կ՛ըլլայ ձիւնը: Կլիմայական այս հակադրութիւնները կարելիութիւն կու տան անտառին մէջ ապրող կենդանիներուն` յարմարիլ իրենց ուզած կլիմային, ըստ տարուան եղանակներուն:
Հայ Բժիշկներ Կը Մասնակցին
Խլիրդի Դէմ Համագումարին
Խլիրդի (քանսեր) դէմ պայքարի խնդիրներու նուիրուած միջազգային 8-րդ համագումարին մասնակցելու համար Երեւանէն Մոսկուա մեկնած են 30 հայ բժիշկներ եւ մասնագէտներ:
Համագումարին զեկուցումներ պիտի տան տասնեակ մը հայ բժիշկներ:
Հայաստանի «Սպարտակ»-ը
Գահիրէ Պիտի Գայ
Գահիրէի «Փրոկրէ էժիրսիէն» ֆրանսերէն թերթը իր 2 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ.
«Նասիոնալ» մարզական ակումբին վարիչները համաձայնութիւն մը կնքեցին Խ. Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Սպարտակ»-ի հետ, որ երկու տարի առաջ յաղթական մրցումներ կատարեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ:
«Խ. Միութեան ախոյեանական մրցաշարքերուն մէջ «Սպարտակ» կը մասնակցի առաջին բաժանմունքի մրցումներուն: «Նասիոնալ»-ի հետ իր մրցումը նախատեսուած է յառաջիկայ սեպտեմբերին»:
Նոր Գիրք
Հ. Անասեան լոյս ընծայեց իր մէկ նոր աշխատութիւնը` «ԺԵ. դարի ազատագրական շարժումներն Արեւմտեան Հայաստանում»: Աշխատութեան մէջ նոր եւ հարուստ նիւթերու հիման վրայ կը քննէ արեւմտահայութեան ԺԷ. դարու պատմութեան հետ կապուած հարցերը: Ցոյց կու տայ, որ 60-ական թուականներուն արեւմտահայութեան մէջ թրքական տիրապետութեան դէմ յառաջ եկած է ազատագրական շարժում մը, որ կապուած էր յոյներու, ասորիներու եւ վրացիներու շարժումներուն հետ եւ տեւած է մինչեւ 80-ական թուականները: