Արուեստի Աշխարհէն. Չայքովսքի` Աշխատանքի Եւ Ներշնչումի Մասին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՐԳՈՂ ՈԵՒԷ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՊԷՏՔ ՉԷ ՁԵՌՔԵՐԸ ԾԱԼԷ ԵՒ ՆՍՏԻ` ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼՈՎ, ԹԷ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ». ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԻՇԷ ՉԱՅՔՈՎՍՔԻԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ` ԿԱՐԴԱԼԷ ԵՏՔ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԻ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ:
Վերջերս հանդիպեցայ գաղափարի մը, որ ներկայ է Ճեք Ուայթի եւ Նիք Քէյվի այն գրութիւններուն մէջ, որոնք կը վերաբերին աշխատանքի բարոյագիտութեան եւ ներշնչումի գոյութեան: Գաղափար մը, որ ապտակի նման կը շառաչէ մեր կազմած մշակութային առասպելին դէմքին, երբ կը մտածենք ստեղծագործելու գործընթացին մասին: Այսինքն` այն գաղափարը, թէ պարզապէս աշխատանքի նստիլը, կամ ինչ որ Եոնա Լերըր իր «Իմեճին հաու քրիէյթիվիթի ուորքս» (երեւակայեցէք, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ ստեղծագործականութիւնը) գիրքին մէջ կը կոչէ «կամքը», միեւնոյն ներգործութիւնը ունին, երբ հարցը կը վերաբերի պարզապէս ճաշակաւոր գործ մը տարբերելու արուեստի մեծ գործէ մը, ինչպէս կը նշէ Իրա Կլաս` իր «Ան տը սիքրեթ աֆ սաքսես» (յաջողութեան գաղտնիքին մասին) գիրքին մէջ: Իսկ Էն Լամոթ իր «Պեսթ պուքս ան ռիտինկ» (լաւագոյն գիրքերը` ընթերցանութեան մասին» վերնագիրով ուսումնասիրութեան մէջ կը գրէ, թէ լաւ պատմութիւն մը պատմելու գաղտնիքը աշխատանքն է, որ նոյնքան կարեւոր է, որքան` ներշնչումի գաղափարը ստեղծագործելու գործընթացին մէջ:
Այս բոլորը կարդալէ ետք յիշեցի հրաշալի նամակ մը, զոր առասպելի կարգ անցած երաժիշտ Փիոթր Իլիչ Չայքովսքի գրած է իր հովանաւորին` Նատեժտա ֆոն Մեքի, 17 մարտ 1878-ին: Նամակը հրատարակուած է 1905-ին, «Տը լայֆ էնտ լեթըրզ աֆ Փիոթր Իլիչ Չայքովսքի» գիրքին մէջ:
Չայքովսքի կը գրէ.
«Մի՛ հաւատաք անոնց, որոնք կը փորձեն ձեզ համոզել, թէ յօրինելը պարզապէս մտային սառն վարժութիւն մըն է: Միակ երաժշտութիւնը, որ կրնայ մեզ յուզել եւ ցնցել, այն է, որ կը հոսի երաժիշտին հոգիին խորերէն, երբ ներշնչումը խթանած է զայն: Կասկած չկայ, թէ նոյնիսկ երաժշտական մեծագոյն հանճարները երբեմն ստեղծագործած են առանց ներշնչումի: Այս հիւրը միշտ չէ, որ կ՛ընդառաջէ առաջին հրաւէրին: Հարկ է միշտ աշխատիլ, եւ ինքզինք յարգող ոեւէ արուեստագէտ պէտք չէ ձեռքերը ծալէ եւ նստի` պատճառաբանելով, թէ տրամադրութիւն չունի: Եթէ սպասենք տրամադրութեան` առանց ճիգ թափելու, որ անոր հանդիպինք մեր ճամբուն կիսուն, շուտով կը կորսնցնենք աշխատելու մեր խանդը եւ կը դառնանք անտարբեր: Պէտք է համբերենք եւ հաւատանք, թէ ներշնչումը կ՛այցելէ անոնց, որոնք կը յաղթահարեն իրենց չկամութիւնը»:
«Քանի մը օր առաջ ձեզի գրեցի, թէ կ՛աշխատիմ ամէն օր` առանց որեւէ յատուկ ներշնչումի: Եթէ տեղի տուած ըլլայի չկամութեանս, ապա պիտի ապրէի աշխատանքէ զուրկ ծուլութեան երկար ժամանակաշրջան մը: Սակայն համբերութիւնս եւ հաւատքս չդաւաճանեցին ինծի: Եւ այսօր զգացի ներշնչումի այն անբացատրելի կրակը, որուն մասին ըսած եմ ձեզի, եւ որուն շնորհիւ այժմ նախօրօք գիտեմ, թէ ինչ որ յօրինեմ այսօր, պիտի ունենայ տպաւորելու ուժը եւ պիտի յուզէ սրտերը անոնց, որոնք պիտի լսեն զայն: Յուսամ չէք մտածեր, թէ ինքնագովութիւն կ՛ընեմ, եթէ ձեզի ըսեմ, թէ հազուադէպօրէն կը տառապիմ աշխատելու այս չկամութենէն: Կը հաւատամ, թէ պատճառը այն է, որ բնաւորութեամբ համբերող եմ: Սորված եմ տիրապետել ես ինծի, եւ ուրախ եմ, որ չեմ հետեւած կարգ մը ռուս պաշտօնակիցներուս, որոնք ինքնավստահ չեն եւ այնքա՛ն անհամբեր են, որ նուազագոյն դժուարութեան դիմաց պատրաստ են յանձնուելու: Այս պատճառով է, որ հակառակ իրենց մեծ շնորհներուն` անոնք քիչ բան կ՛իրագործեն, եւ այս` սիրողական ձեւով»:
Իսկ Ճեք Ուայթ, անկասկած` անտեղեակ Չայքովսքիի նամակին, կը գրէ հետեւեալը.
«Ներշնչումն ու աշխատելու բարոյագիտութիւնը կ՛ընթանան կողք-կողքի… Ամէն օր չէ, որ երբ արթնանք, ամպերը պիտի հեռանան եւ երկինքէն ճառագայթներ պիտի գան, եւ մենք երգ մը պիտի յօրինենք: Երբեմն պարզապէս հարկ է նստիլ եւ ինքզինքին պարտադրել աշխատիլ, որպէսզի թերեւս լաւ բան մը դուրս գայ»:

