Արուեստի Աշխարհէն. Պուտտաները Կը Վերադառնան…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ԷԻՆ ԵՐԿՐԷՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՆՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ, ՈՐ ԹԷԵՒ ԿՐՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՆԱԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ Է:
Աֆղանիստանէն գողցուած հարիւրաւոր հնութիւններ վերադարձած են երկրին մայրաքաղաք Քապուլի Ազգային թանգարան, ուր դիմաւորուած են յատուկ հանդիսութեամբ մը:
Վերադարձած 843 հնութիւններէն շատերը գողցուած էին 1990-ական տարիներուն, Աֆղանիստանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, եւ հասած էին սեւ շուկայ:
Ոմանք, ինչպէս` քարի վրայ քանդակուած Պուտտայի արձաններ եւ փղոսկրի վրայ փորագրութիւններ, աւելի քան 4000 տարուան հնութիւն ունին:
Լոնտոնի մէջ Բրիտանական թանգարանը նպաստած է անոնց վերադարձը ապահովելու աշխատանքին:
Գողցուած հնութիւններէն ոմանք ի յայտ բերուած են բրիտանական սահմանապահ ուժերու եւ ոստիկանութեան կողմէ, իսկ ուրիշներ` սեփական հաւաքածոներէ, եւ գնուած` ձեռներեց նուիրատուներու կողմէ:
Պուտտայի քարէ արձան մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ շուրջ 1800 տարուան հնութիւն ունի, գողցուած էր Քապուլի թանգարանէն: Անոր հետքը ի յայտ եկած է Ճափոնի մէջ:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերայայտնաբերուած հնութիւնները օդանաւով ուղարկած է Աֆղանիստան: Անոնք հսկայական սնտուկներու մէջ էջք կատարած են Պասթիոնի բանակավայրին զինուորական խարիսխին մէջ:
Աֆղան հնագէտներ այն մտավախութիւնը ունէին, թէ հնութիւնները ի սպառ կորսուած էին: Անոնք կ՛ըսեն, թէ այս գանձերուն վերադարձը ազգային հպարտութեան առիթ մըն է:
Քապուլի Ազգային թանգարանին մէջ ցուցադրուող գործերուն աւելի քան 70 առ հարիւրը գողցուած է կամ աւերի ենթարկուած` երկրին քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ:
Քապուլի մէջ «Պի. Պի. Սի.»-ի թղթակից Ալիմ Մաքպուլ կ՛ըսէ, թէ մտահոգիչ է վերադարձած հնութիւններուն ճակատագիրը` նկատի ունենալով Աֆղանիստանի աննախատեսելի ապագան:
«Մինչ Պուտտայի կերպարը մեզի կը նայի` ի վերջոյ հանգիստ գտնելով իր 20 տարուան տառապանքէն ետք, դժուար է չմտածել անոր ապագային մասին», կը նշէ ան:

