Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի Սիրոյն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՄԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐ Կ՛ԱՅՐԷ` ԶԱՆՈՆՔ ՓՐԿԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ: ՈՄԱՆՔ ԱՐԱՐՔԸ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՆ ԳՐԱՒԵԼՈՒ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՄԻՋՈՑ ՄԸ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՏԱՐԲԵՐ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԱՅՍ ԴԱՐՈՒՆ: ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԳՈՀ ԵՆ, ՈՐ ԿԸ ՁԵՐԲԱԶԱՏԻՆ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՅՆՊԻՍԻ ԳՈՐԾԵՐԷ, ՈՐՈՆՔ ՇԱՏ ԲԱՆ ՉԵՆ ԸՍԵՐ ԻՐԵՆՑ: ԱՐԴԵՕՔ ՆՈՅՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԷ՞Ր, ԵԹԷ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ՄԸ ՀՐԿԻԶՈՒԷՐ: ԱՐԴԵՕՔ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀՐԿԶՈՒՄԸ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵ՞Ր ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷՐ: ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՑՅ ՏՈՒԱԾ Է, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԱԿԱՒԱԹԻՒ ԳՈՐԾԵՐ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԻՆ ՄԷԿ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԷՆ ՄԻՒՍԸ: ԹԵՐԵՒՍ ԱՐԱՐՔԸ, ԲՈՂՈՔԷ ԱՒԵԼԻ, ԻՆՔՆԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է: ՔԱՆԴԵԼ` ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐԸ: ԿԱՐԵԼԻ Է ՄՏԱԾԵԼ ՇԱՏ ԲԱՆ… «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾԸ, ՈՐ ԱՄԷՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸՆ Է:
Քազորիայի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին տնօրէնը կանգնած է իր ցուցադրասրահին մուտքին: Ան մէկ ձեռքին բռնած է փայտի կտորի մը վրայ փաթթուած ճերմակ լաթով ջահ մը: Անոր կողքին, երկաթէ քառակուսի աստիճանի մը վրայ կախուած է գեղանկար մը: Ամպերը իջած են ցած: Օդին մէջ անձրեւի բոյր մը կայ: Մանֆրետի կը վերցնէ թեթեւ հեղուկ մը պարունակող շիշ մը եւ կը թրջէ ջահը, ապա` գեղանկարը: Հեղուկը կը սրսկէ պաստառին առջեւը, ապա` ետեւը, եւ երեք անգամ` շրջանակին երկայնքին: Հրահանով կը վառէ ջահը: Ապա զգուշութեամբ բոցը կը մօտեցնէ պաստառին:
Սկիզբը պաստառը չի վառիր: 2007-ին Ասթրիտ Շթուֆհաս անունով գերմանացի արուեստագէտի մը գծած այս գեղանկարը կը պատկերէ Պայերն Միւնիխի ֆութպոլի աղջկանց խումբէն 4 կիներ, որոնք կ՛ողջագուրուին` կոլ մը նշանակելէ ետք: Գեղանկարին ոճը տպաւորապաշտ է: Կարմիրով ճերմակ ֆութպոլի տարազներու խառնակոյտ մը կը տիրապետէ պաստառին: Վերը` մարզիկներուն դիմագիծները կ՛աղօտին վրձնահարուածներու ետին: Այնպէս ինչպէս` հերետիկոսներու հրկիզումը բազմութիւններ կը ներգրաւէր անցեալին, այժմ այս գեղանկարին հրկիզումը ներգրաւած է պատկերասփիւռի երեք կայաններէ լրագրողներ, նկարահանողներ եւ լուսանկարիչներ: Քանի մը երկվայրկեանի համար միակ ձայնը կու գայ լուսանկարչական գործիքներէն: Մուխը կը սկսի գոլորշիանալ գեղանկարին մակերեսին, լիճի մը վրայ կազմուող մշուշին պէս:
Մանֆրետի թանգարանին բացումը կատարած է 2005-ին` Քազորիայի այդ ժամանակներու քաղաքապետին խնդրանքով, Նափոլիի խորերը, բազմութիւններով վխտացող արուարձանի մը մէջ. Իտալիոյ յետամնաց շրջաններու բնորոշ վայր մըն է ասիկա, ուր աղբակոյտերը կը կուտակուին մայթերուն վրայ, եւ ուր անճրկած զբօսաշրջիկներ կը մտածեն, թէ արդեօք Երրորդ աշխա՞րհ մուտք գործած են: Խոստացուած դրամական ներդրումները չեն հասած: Թանգարանին բացումէն 6 ամիս ետք Քազորիայի քաղաքապետական խորհուրդը փակած է իր սեփական դռները. ազգային կառավարութիւնը լուծած է զայն` մաֆիայի կասկածելի թափանցումէ մը ետք: Մանֆրետի որոշած է շարունակել գործը` իբրեւ ցուցադրասրահ օգտագործելով սկիզբը իբրեւ ժամանակաւոր վայր սահմանուած տարածքը, տեղական դպրոցի մը թանձրաձոյլ պատերով նկուղին մէջ:
Քաղաքապետութիւնը վարձք չէ պահանջած, ոչ ալ վճարում` որեւէ սպասարկութեան համար: Սակայն թանգարանը պետական որեւէ այլ օգնութիւն չէ ստացած: Մանֆրետի, ինքնին արուեստագէտ մը եւ բնիկ քազորիացի մը, դիմած է բարեկամներու եւ անձնական կապերու` կազմելու համար հաւաքածոյ մը, որ այսօր կը բաղկանայ աւելի քան երկու հազար արուեստի գործերէ, բերուած` մինչեւ հեռաւոր Չինաստանէն, Չիլիէն, Նոր Զելանտայէն եւ Պուրքինա Ֆասոյէն: «Չէի ուզեր ստեղծել ԻՔԷԱ-ի մէկ թանգարանը, միշտ ցուցադրելով մեծ պատկերասրահներու մէջ ներկայ` միեւնոյն 200 արուեստագէտներուն գործերը,- կ՛ըսէ Մանֆրետի:- Ուզեցի ստեղծել կենսունակ թանգարան մը, բաց` նոր ուղղութիւններու դիմաց… Նաեւ կ՛ուզէի առիթ տալ մեծ շուկաներէ զուրկ արուեստագէտներու, որ արտայայտեն իրենք զիրենք եւ իրենց գործերով մաս կազմեն թանգարանի մը»: Մանֆրետի ցուցադրասրահը բաց պահած է օգնութիւն խնդրելով եւ նոյնիսկ` վաճառելով իր սեփական արուեստի գործերը: Սակայն տնտեսական տագնապը պատճառ դարձած է, որ անոր տեղացի նուիրատուները ցամքին, եւ ան անդրադարձած է, թէ այլեւս չի կրնար պահպանել իր ստացած գեղանկարները:
Իտալիոյ տնտեսական դժուարութիւնները սուր հարուած հասցուցած են թանգարաններու կատարուած պետական թէ սեփական նպաստներուն: Իտալիոյ ժամանակակից արուեստի գլխաւոր թանգարանը` Մաքսի, որուն բացումը մեծ շեփորումներով կատարուեցաւ 2010-ին, ապրիլին դարձաւ պետութեան սեփականութիւնը, երբ հաշուեքննիչներ յայտարարեցին, թէ 1 միլիոն տոլարի բաց մը արձանագրուած էր անցեալ տարուան պիւտճէին մէջ: Իտալիոյ տարածքին թատերասրահներ, հնագիտական վայրեր եւ մշակութային այլ հաստատութիւններ սկսած են զգալ խնայողական ծրագիրներու կսմիթը:
Ճարահատ` Մանֆրետի որոշած է իտալական մշակոյթին ապրած տագնապին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել` իր սեփական հաւաքածոն վերածելով «մատաղ գառնուկի»: Ան լուսանկարած է թանգարանին հաւաքածոյին մաս կազմող գեղանկարները եւ անոնց 1000 էջնոց լուսապատճէններուն տրցակը ուղարկած է Իտալիոյ մշակոյթի նախարարին, ինչպէս նաեւ` Նափոլիի շրջակայ Քամփանիա շրջանի նախագահին: Տրցակը կը պարունակէր փրկագին պահանջող երկտող մը. եթէ Մանֆրետի օգնութիւն չստանար, ապա մէկ առ մէկ կրակի պիտի տար արուեստի գործերը, ինչպէս կը զգուշացնէր ան: «Պարզ է,- կ՛ըսէ Մանֆրետի:- Եթէ ոչ ոք հետաքրքրուած է թանգարանին մէջ գտնուող արուեստով, ապա կ՛այրեմ զայն»: Ան իր հրկիզելու արշաւին ձեռնարկեց փետրուարին` այրելով իր սեփական ստեղծագործութիւնները. մարդու հասակով պատկերուած մաֆիայի փախստականներու 5 գեղանկարներէ բաղկացած շարք մը, որ 2011-ին մաս կազմած էր երկու տարին անգամ մը Վենետիկի մէջ տեղի ունեցող արուեստի ցուցահանդէսին (պիեննալէ) իտալական տաղաւարին:
Շթուֆհասի գործը Մանֆրետիի հրկիզած հինգերորդ գեղանկարն է, եւ չորրորդը` հազիւ մէկ շաբթուան մէջ: Թանգարանին մէջ կախուած են բեկորները ծաղիկի մը գեղանկարին, զոր գծած էր ֆրանսացի արուեստագէտ Սեւերեն Պուրկինիոն. անկէ մնացած է միայն սեւցած շրջանակ մը, որուն կողմերէն կը կեղուըւին պաստառին եզրերը` վէրքի մը շուրջ բզկտուած միսի ծուէններու պէս: Այլ գործ մը` փայտէ քանդակ մը, որ կը պատկանի իտալացի արուեստագէտ Ռոզարիա Մաթարեզէի, այժմ վերածուած է ածխացած փայտի երկու կտորներու, որոնցմէ մէկուն մէջ մեխուած է սեւցած մեծ գամ մը: Հրկիզուած միւս գործերէն մոխիրներ մնացած են միայն:
Գործ մը հրկիզելէ առաջ Մանֆրետի արտօնութիւն կը խնդրէ արուեստագէտէն: Շթուֆհաս Գերմանիոյ մէջ Սքայփի վրայ կը դիտէ իր գեղանկարին հրկիզումը: Անոր դէմքը կը տեսնենք գիրկի համակարգիչի մը վրայ, զոր բարձր բռնած է թանգարանին մէջ աշխատող կամաւորներէն մէկը: Առաջինը, որ բոցերուն կուլ կ՛երթայ, պաստառին ձախ կողմը պատկերուած կերպարն է. ճեղք մը կը բացուի հոն, ուր անոր ուսը գծուած էր: Ապա կրակը աւելի փոքր ծակ մը կը բանայ գեղանկարին վերի աջ անկիւնին մէջ: Այրող աքրիլիքի գարշահոտը կը խուժէ դէպի լուսանկարիչները: Միջնակարգի տարիքի երկու պատանիներ կը մօտենան` աւելի լաւ տեսնելու համար կատարուածը: Մամուլէն զատ անոնք հանրութեան միակ ներկայացուցիչներն են, որոնք ականատես կը դառնան պատահածին:
Եու Թիուպի եւ Թուիթըրի ժամանակաշրջանին Մանֆրետի բողոքը իր արձագանգը կը գտնէ Եւրոպայի տարածքին: Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Հունգարիոյ եւ հիւսիսային Իտալիոյ մէջ արուեստագէտներ կը հրկիզեն իրենց գործերը եւ իրենց կատարած արարքին տեսերիզները կ՛ուղարկեն` իբրեւ զօրակցութիւն: «Թերեւս ասիկա կայծ մըն էր,- կ՛ըսէ Մանֆրետի:- Պէտք է յիշել, թէ յեղափոխութիւնները կրակի կարիքը ունին, ինչպէս պատահեցաւ Թունուզի մէջ, ուր պտղավաճառ մը այրեց ինքզինք, ապա պայթեցաւ ամէն ինչ»:
Լրագրողներ կը սպասեն` երկու խօսք փոխանակելու համար Մանֆրետիի հետ: Հետեւաբար ան կը մտնէ թանգարան: Անոր կը հետեւին նկարահանողներն ու լուսանկարիչները: Երկու պատանիները արդէն անհետացած են: Քանի մը վայրկեան իր առանձնութիւնը կ՛ապրի. այն, ինչ որ մնացած է Շթուֆհասի «Ֆութպոլ»էն: Անոր վարի մասը կը շարունակէ մխալ, մինչեւ որ հով մը կը փչէ եւ զայն երեսն ի վար կը փռէ գետին: