Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ Անկարեւորութեան Կարեւորութիւնը
ՄԱԿԱՐ
Արմենակ «ծագումով հայեր»-ու անապատացող աւազանին Կոմիտասն է, ոչ թէ երգելու, այլ… ողբալու համար:
Եկեղեցիի բարձրաթռիչ գմբէթին տակ, Յուլիսի այդ օրը հաւատացեալները ցանցառ էին, նոր գաղթականներ ըլլալու էին, հիները արդէն մեկնած էին արեւ ըմպելու:
Խաչակնքելու մեր պարտականութենէն ետք եկեղեցիի հանդիպակաց սրճարանն էինք:
Արմենակ ներածական չ’ըներ: Ուրիշներ ներածականին ալ ներածական կ’ընեն: Ըսելի՞ք չունին, թէ՞ էջ կը լեցնեն:
– Մակա՛ր, այլեւս պիտի չզարմանամ: Մեր բեմադրութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հին, բայց չհինցած դիպաշարներ են, արդի հայերէնով` ցենարներ: Յօդուածի մը մէջ կար դար մը առաջ ըսուած խօսք: Կարդա՛, յետոյ ըսէ՛, թէ Կոմիտաս ներկա՞յ է այսօր: Իրմով հանդէս եւ բեմ կը զարդարենք, զայն որպէս այցետոմս կը գործածենք, բայց մեր ականջները կը բանա՞նք, կը լսե՞նք, թէ ի՞նչ ըսած է ժողովուրդի հանճարը լոյսին բռնած Կոմիտաս, ինչպէ՞ս տեսած է մեր հոգիի աւերները:
Արմենակն էր` իր դերով ու ցենարով: Գրպանէն հանեց հայերէն թերթէ մը մկրատով կտրուած թուղթ մը:
– Կարդա՛: Ասկէ ետք սրտմաշուք զրոյցի կարիք չի մնար:
Ինք լարուած ուշադրութեամբ կը լսէր: Դէմքին վրայ ցաւ կար:
«Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած… Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…»:
Լռած էինք: Սուրճը որբացած էր, բաժակները սեւ աչքերով մեզ կը դիտէին:
– Ամերիկա, ամէն տեղ կը գտնես Ուիլիըմ Սարոյեանի հայութեան ուժը փառաբանող խօսքը: Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր Կոմիտասի այս խօսքերը վերածել պաստառներու, կախել հանրահաւաքներու, հանդիսութիւններու, ճաշկերոյթ-պարահանդէսներու, ժողովներու բեմերուն վրայ, տպագրել որպէս բացիկ, եւ Կաղանդին, տարեդարձներու, եւ շնորհաւորութիւններու համար ղրկել… Եթէ կարդացող գտնեն:
– Արմենակ, ինչո՞ւ կը տառապիս: Գերմանացի իմաստասէրը կը խօսէր յաւերժական վերադարձի մասին: Այսօրը` ինչպէս երէկ:
– Երբ այս տողերը կարդացի, յիշեցի դրացիս, որ հայ դպրոցի մը դռնէն ներս ոտք չէր դրած, այդ «պարապ վախտի խաղալիք» էր: Հիմա թոշակառու է, չձանձրանալու համար հոգաբարձու է, որպէսզի կարեւորութիւն ունենայ: Ինչպէ՞ս չզարմանամ, երբ այդ աննպատակ կարեւորութիւնը ծափահարող ալ կը գտնէ,- ըսաւ յուզուած Կեդրոնականցին:
Պարզ է. գաղթականի եւ պարտուածի վիճակ է անկարեւորութիւնը որպէս կարեւորութիւն հետապնդել… անձնասպան չըլլալու համար, ճոկկինկ, մարզիկի գեղեցիկ հագուստով… Մնացեա՞լը, «պոֆ», որո՞ւ հոգ: Ո՞վ կը լսէ, որ «Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ»:
– Արմենա՛կ, Կոմիտասի նկարագրած մարդիկ չեն կարդացած իր խօսքերը, նոյնը` հիմա, սուրճդ խմէ՛ եւ եկեղեցի մտնենք, մասէն մեր բաժինը առնենք…
6 օգոստոս 2012, Նուազի-լը-Կրան

