Երիտասարդական Պրիսմակ. Սեւրի Դաշնագիրը Նաեւ Հայոց Քաղաքական Ինքնութեան Միջազգային Փաստաթուղթն Է

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Փարիզի, Սան Ռեմոյի ու Սեւրի պայմանագրի` Հայաստանին վերաբերող հատուածը Թուրքիայի իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի հայրենատիրութիւնը միջազգայնօրէն հաստատող եւ ցայսօր իրաւական նշանակութիւնը պահպանած փաստաթղթեր են»:

Ռաֆայէլ Համբարձումեան
(Մամիկոնէից տարօնականների ուխտի ատենավար)

Եթէ մէկ կողմէ երկու համաշխարհային պատերազմները յանգեցան ահաւոր կործանումներու եւ մարդկային անասելի կորուստներու, միւս կողմէ նաեւ, անոնք պատճառ դարձան բացայայտելու միջազգային հարթակի վրայ առկայ տնտեսական խօլ արշաւներու պարունակն ու գաղութատիրութիւններ ձեւաւորելու հեռակայ առաջադրանքները:

Փաստօրէն, աշխարհաքաղաքական սուր մրցակցութիւններու իբրեւ հետեւանք` ճիշդ է, որ ի յայտ եկան քարտէսագրական արդի իրադրութիւններ եւ երկրամասային բաժանումներ, այդուհանդերձ, ստեղծուած թոհուբոհին մէջ` երբ տարբեր երկիրներու անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնն անգամ ապրեցան տատանումի եւ անորոշութեան վիճակներ, անդին արձանագրուեցան նաեւ քաղաքական եւ իրաւական գործընթացներ, յաչս` միջազգային դաշնագիրներու:

Այլ խօսքով, մասնատուած եւ իրերամերժ քաղաքական ճակատներու եւ պատերազմական սպառնալիքներու առընթեր, հայոց պարագային կը ստեղծուէր պատեհութիւնը, վերանուաճելու իրաւունքը` հայրենիքի վերատիրացման ու անոր քաղաքական ինքնութեան առաւել հաստատագրումին, իբրեւ ազգերու շարքին իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող պետականութիւն եւ ժողովրդավար հասարակակարգ:

Հաստատել է պէտք, որ բազմաթիւ առումներով 10 օգոստոս եւ 22 նոյեմբեր 1920 զոյգ թուականները հայ քաղաքական մտքին համար իսկապէս շրջադարձային են, նկատի ունենալով Սեւրի դաշնագիրին միջազգային պարտաւորութիւնն ու անկէ բխած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուլիսընի իրաւական վճիռին բացարձակ հայանպաստ առաջադրութիւնը, հակառակ այն իրողութեան որ անիկա մնաց անիրագործելի` զոհ դառնալով մեծապետական սադրանքներու:

Ընդգծենք, որ եթէ երբեք սփիւռքահայութիւնը` տասնամեակներ շարունակ զրկուած հողի ու պետականութեան նեցուկէն, կարողութիւնը ունեցաւ գէթ ներհայկական առումով վառ պահելու Սեւրի դաշնագիրի իմաստն ու կարեւորութիւնը` հետագայ սերունդներու հաշուոյն, ապա, այսօր, աւելի քան երբեք հայրենի պետական մտածողութեան համար անիկա պէտք է զգենու իբրեւ ազգային արժեհամակարգի մնայուն առանցք եւ անժամանցելիութեան ցուցանիշ:

Իրողութիւն է, որ սփիւռքի տարածքին իրերայաջորդ սերունդներու հայ ներկայացուցչութիւններ` քաղաքական ասպարէզի, պատմաբանի, մտաւորականի թէ հանրային գործիչի, աներկբայօրէն շեշտադրած են վերոնշեալ դաշնագիրին մէկ կողմէ պատմաքաղաքական, եւ միւս կողմէ` իրաւական հասկացողութիւնները, իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պսակադրում, պահանջատիրական երթի ու քաղաքական իրաւունքներու ձեռքբերման վաւերական ու ցայտուն արտայայտութիւն, ատենի միջազգային ուժերու կողմէ ընդունուած եւ վճռուած փաստաթուղթի օրինականութիւն:

Յստակացնենք:

Հայաստանի վերանկախացումով, բնականաբար, վերջ կը տրուէր այսպէս ասած զգացական եւ յուշագրային արտայայտութիւններու ասպարէզին, որովհետեւ հայոց պետականութեան հաստատումով, սկիզբ պէտք էր առներ ազգային պահանջատիրական երթի այլ մակարդակ մը, որով պիտի յատկանշուէր հայ պետական կեանքի նորովի ընկալումը:

Այնուամենայնիւ, ազգային տենչերու համազօր վերաբերումներու ականատես չեղանք ազգովին, այլեւ հայ եւ թուրք պետական մակարդակի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, ամբողջ հայութեան հրամցուեցան անհարկի կացութիւններ եւ ապաշնորհ վարքագծեր:

Անցնինք:

Մնալով ականջալուր ազգային երազանքին ու քաղաքական տրամաբանութեան եւ ըմբռնելով հանդերձ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պարտադրանքները, հայութիւնը երբեւէ ականատես եղա՞ւ հայ դիւանագիտական մակարդակի նպատակային նախաձեռնութիւններու` Սեւրի դաշնագիրի անժխտելութիւնը բնորոշող:

Յայտնապէս, հայ քաղաքական միտքը իր պետական կարգ ու սարքով դրսեւորե՞ց այնպիսի կեցուածք` միջազգային տարողութեամբ, ուր հասանելի ըլլային հայոց կամքի ուժականութիւնն ու նախանձախնդիր մօտեցումը` Արեւմտահայաստանի ազատագրումին կամ գէթ միջազգային ատեաններու մէջ Սեւրի դաշնագիրով իսկ ամրագրուած հայոց իրաւունքի վերարծարծումին:

Բաւարա՞ր պէտք է նկատել հեղ մը նախագահին եւ այլ առիթով նախարարի մը զգացական խօսքերն ու մատնանշումները` Սեւրին ակնարկուող կամ Արարատի վերատիրացումին անդրադարձող:

Հայ դիւանագիտական համակարգը մտածե՞ց որ ամէն Օգոստոսի 10-ին, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու (Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Փորթուքալ, Միացեալ Նահանգներ, Ճափոն, Պելճիքա, Պրազիլ, Չինաստան, Յունաստան, Լեհաստան, Ռումանիա, Հիճազ,  Սէուտական Արաբիա, եւ այլն) դեսպանութիւններուն պահանջագիր յղել  պարտաւորութիւններու վերյիշեցման նպատակով` վկայակոչելով պատմական անշրջանցելու իրողութիւններ:

Հաւանաբար հայութիւնը զզուած է յուշագիրներու տուչութիւններէ կամ դասական վերաբերումներէ, այն համոզումով, որ «արդարութիւնը սուրին ծայրն է միայն»: Այդուհանդերձ, որդեգրեցինք նպատակային այնպիսի միջոցառումներ, որոնք պիտի նպաստեն հայ ազգային հեռակայ ռազմավարութիւններու կենսագործումին:

Յիշեցում մը:

Միթէ գաղտնիք յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ հրապարակաւ խօսինք  աշխարհաքաղաքական նորովի բաժանումներու եւ քարտէսագրական միտումներու մասին` ի տես եռեւեփող ու ահաւոր պատերազմական անդոհանքներու եւ քաղաքական անսովոր հակադրութիւններու:

Պիտի շարունակե՞նք մնալ դիտողի ու լսողի հանգամանքներուն ընդառաջ, ձեւով մը կղզիացած եւ հեռու քաղաքական ոլորտներու հասողութենէն:

Պատմութեան ամբողջ տեւողութեան պատահա՞ծ է, որ ազգեր կարենան տոկալ եւ պահպանել իրենց ազգային դիմագիծն ու քաղաքական ինքնութիւնը, առանց դիմակայելու պարտադրուած կացութիւններն ու հրամցուած սադրանքները:

Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել Արեւմուտքի այն կողմնորոշիչ կարգ մը քաղաքական մտմտուքները, երբ մերթ ընդ մերթ ակնարկութիւններ կը կատարուին այն իրաւունքին մասին, որ հայութեան համար դէպի Սեւ ծով ելքի մը կարելիութիւնը պէտք է ապահովուի:

Կամ ինչպէ՛ս հասկնալ նոյնինքն թուրք զազիր պետութեան այսպէս ասած բարի դրացիական այն մօտեցումին խորքը, թէ կը մտածուի տալ այն առիթը, որ հայ ժողովուրդը կարենայ օգտագործել Տրապիզոնի նաւահանգիստին «բարիք»-ները:

Ընդմիշտ ընդգծելի է այն ճշմարտութիւնը, որ ազգերու քաղաքական ինքնութեան եւ պետական իրաւունքի պահպանման ու պաշտպանութեան համար վճռորոշ են եղած ազգային լիարժէք  արժեհամակարգերու առաւել տոկունութիւնն ու ճկունութիւնը, տնտեսական հզօրանքին լիցք հայթայթող դիւանագիտական ճարտար եւ հեռանկարային առաջադրանքները, ապա նաեւ` մեր պարագային`  հայոց իրաւունքի վերատիրացման կամքի ամէն առիթի դրսեւորումը:

Յայտնապէս, նման արդիւնաւէտ աշխատանքի ու խրոխտ կեցուածքի իբրեւ ներշնչում  Սեւրի դաշնագիրին ընձեռած կարելիութիւնն է` իրաւական ու փաստական իր էատարրերով եւ որոշակի քաղաքական կշիռով:

Ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն համաշխարհային քաղաքական ու տնտեսական նոր ձեւաւորումներու լոյսին տակ հարկ է լծուիլ լուրջ եւ բազմամակարդակ աշխատանքներու, որպէսզի կրկին անգամ հայոց չհրամցուին անախորժ կացութիւններ եւ յորդորներ:

Ազգային կամքի ու յաջողութեան լաւագոյն փաստը ցոյց տուաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, որ շրջեց ամէն պարտադրուած կացութիւն եւ վերատիրացաւ իր պապենական իրաւունքին` այո՛, ազատ, անկախ ու հպարտօրէն ապրելու եւ ազգերու շարքին ունենալու   քաղաքական ինքնութեան հրաշալի արժեհամակարգը:

Սեւրի դաշնագիրը հայութեան տուած է այս նուիրական պատիւը, կը մնայ մեր հաւաքական տիրութիւնը յայտնել ամէն քայլափոխի եւ  յաչս աշխարհին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES