Կիրակնօերայ Խօսքը. Լուսաւորչաւանդ «Շողակաթ»-ի Լոյսին Մէջ Դեգերիլ…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, այս կիրակին կը յորջորջուի «Բարեկենդան Աստուածածնի», «Բարեկենդան Ս. Աստուածածնի պահոց», ««Բարեկենդան եւ ապա պահք Ս. Աստուածածնի» կամ պարզապէս` «Աստուածածնի շաբաթապահք»:
«Հաւատքը չի վնասեր գիտութեան, եւ գիտութիւնը չի խափաներ հաւատքը» բնաբանին դիմաց` շաբաթապահքներուն մասին քանի մը թեթեւ գիտելիքներ հայթայթեմ, որոնք քեզ եւ ուրիշները կը հարստացնեն` խորացնելով ձեր կրօնական համոզումին մէջ եւ աւելի գիտակցիլ տալով ձեր քրիստոնէական ապրելակերպին:
Մեր եկեղեցին ունի 158 պահքի օրեր: Անոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն ամսօրեայ «Շաբաթապահք» տասներկու յորջորջեալները, որոնք իւրայատուկ են հայկական ծիսակարգին, շաբաթ մը տեւող կամ աւելի ճիշդ` հինգ օրերէն բաղկացած պահքերն են, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթը: Շաբաթապահքի շաբաթ օրը նաւակատիք է, որ պահքին աւելի մեղմ օրն է. անոր ընթացքին արգիլուած է միայն մսեղէնը:
«Աստուածածնի շաբաթապահք»-ը կ՛աւարտի «Շողակաթի տօն»-ով: Շողակաթ այն եկեղեցավայրը կամ սրբատեղին է, ուր երկինքէն «շող լուսոյ կաթեաց» Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ունեցած տեսիլքին ատեն:
Հաւատքի մեր Հօր կառուցած Ս. Էջմիածնի տաճարը ստացաւ իր շինող հայրապետէն «Մարիամ Աստուածածին» վեհանունը` նուիրուած ըլլալով Տիրամօր «Վերափոխում» տաղաւար տօնին, որուն նախընթաց օրը ամէն տարի կը տօնուի «Շողակաթ»-ը:
«Շողակաթ»-ի կանոն շարականէն կը կատարեմ քանի մը մէջբերումներ, որոնք թէ՛ կը բացայայտեն լուսաբաշխ տօնին խորհուրդը եւ թէ՛ մեզ կ՛առաջնորդեն լուսակեաց ապրելակերպին: Երգային բացագանչիւնները սրբազան հեղինակը կ՛ուղղէ «առաքելական Վէմին վրայ» Քրիստոսէ հաստատուած Ս. Եկեղեցիին, որուն անդամ-անդամուհիները կը կազմեն պարզ ջուրին մէջ եւ մեռոնով մկրտուածները:
«Ուրախ եղի՛ր, ո՜վ Ս. Եկեղեցի, որովհետեւ Քրիստոս` Երկնաւոր Արքան այսօր քեզ պսակեց իր խաչով եւ զարդարեց հաստատութիւններդ իր փառքով:
Սրբութեան խորան կառուցուեցաւ Ս. Եկեղեցին, եւ Քրիստոս` Թագաւորը կը պատարագուի անոր մէջ: Եկէ՛ք, ո՜վ հաւատացեալներ, երգենք նոր երգ մը Քրիստոսին:
Ուրախացի՛ր, հրճուէ՛, ո՜վ հարսնացեալ Ս. Եկեղեցի, եւ պայծառացո՛ւր քու զաւակներդ` օրհնաբանելու համար լոյսի ճառագայթը քու մէջդ Ծագողը, ո՜վ մայր Եկեղեցի:
Ուրախ եղի՛ր, ո՜վ Սիոն, մայր Եկեղեցի, որովհետեւ լոյսի Հօրմէն քու մէջդ ծագեցաւ աստուածեղէն Շողը, որ Տէր Աստուածն է մեր հայրերուն:
Սուրբ աւազանին վերստին ծնունդով` Ան լուսաւորեց մարդկային ցեղերը: Երգով օրհնեցէ՛ք Տէրը եւ յաւերժօրէն փառաւորեցէ՛ք Զայն»:
Արդ, «Շողակաթ»-ի լուսաստեղծ եւ լուսափայլ մթնոլորտին մէջ ենք: Լոյսի զաւակներն ենք, որոնց տրուեցաւ աւետիսը, թէ` «Աստուած լոյս է, եւ Անոր մէջ չկայ խաւար (1Յվհ. 1,5): Կեանքը Անով էր եւ կեանքը լոյսն էր մարդերուն: Լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ, եւ խաւարը չհասաւ Անոր: (Յիսուս Քրիստոս, Բանն Աստուծոյ,) Ան է ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով` կը լուսաւորէ ամէն մարդ: Իր անունին հաւատացողներուն տուաւ իշխանութիւն` Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու» (Յվհ. 1,4-5, 9 եւ 12):
«Շողակաթ»-ը նախատօնակն է «Վերափոխում»-ին: Լոյսն ընդունողներուն եւ Անոր անունին հաւատացողներուն առաջինն է Մարիամ Կոյսը, որուն լուսափառ վեհութեան ու լուսավառ սրբութեան մասին կը լսենք հայադրոշմ «մեծացուսցէ»-ներէն մէկը միւսէն աւելի լուսագեղ սքանչացումներ եւ լուսահրաշ որակումներ, ինչպէս` «սիւն Լուսոյ», «Մայր Լուսոյ, Մարիամ», «Աստուածածին, խորան Լուսոյ», «Աստուածածին, տաճար Լուսոյ», «Աստուածածին, ամպ լուսաւոր», «անկէզ մորենի եւ տաճար ընդհանուր Լուսոյն», «զԼոյսն անստուեր յարգանդի կրեցեր», «Լոյս, Լուսոյ Մայր եւ կենարար Բանին բնակարան, Լոյս ծագեցաւ ի քէն նստելոցս ի խաւարի»:
Այսպէս, Մարիամ Լուսամայրը ստոյգ երաշխիքն է խաւարին դէմ լուսածին զաւակներուն յաղթութեան. անոնցմէ մէկուն կանչուածութեան մասին այսօր կարդացինք երկրորդ աւետարանիչէն` Ս. Մարկոսէն այն հատուածը (Մրկ. 2,13-17), որուն սկիզբը շրջագայող ու քարոզիչ Աստուածամարդը իր աշակերտութեան կը հրահանգէ Ղեւի մաքսապետը. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ղեւի ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ Անոր» (Մրկ. 2,14):
Երրորդ աւետարանիչը` Ս. Ղուկաս, որ կը պատմէ նոյն դէպքը (Ղկ. 5,27-32), կը շեշտէ, որ Ղեւի մաքսաւորը «կանգնեցաւ, թողուց ամէն բան ու հետեւեցաւ Յիսուսին» (Ղկ. 5,28):
Իսկ առաջին աւետարանիչը` նոյնինքն Ղեւի, որ դարձած էր Ս. Մատթէոս, շեշտաւորումը կը դնէ իր ցուցաբերած արտաքին ու ներքին ընդոստութեան վրայ. «Իսկոյն ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Անոր» (Մտթ. 9,10):
Հետեւողութիւնը Յիսուսի կանչին վաւերական հետեւորդութիւնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, որուն կը ձայնէ մեր շարակնոցը.«Կեանքի Արեւէն պայծառացած փայլումով` երկրին վրայ ծագած իբրեւ երկնային լոյս երեւցար, որով վերցուեցաւ հայոց ազգին թանձրամած խաւարը, եւ անոնք տեսան Ս. Հոգիին շնորհքներուն լոյսը»:
Այսօր ալ այժմէական է այս հայակնիք աղաչանքը հայադաւան շարականագրին.«Դուն, որ քրիստոսանուէր կոչումով որպէս արեգակ ծագեցար եւ աստուածգիտութեամբ լուսաւորեցիր Հայաստան աշխարհը, ո՜վ տէր Ս. Գրիգոր, անդադար բարեխօսէ՛ մեզի համար»:
Այնճար, 5 օգոստոս 2012

