Ուխտի Հասկացողութիւնը
ՎԱՐԱՆԴ ՎՐԴ. ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուխտը երկու հասկացողութիւն ունի` կրօնական եւ ժողովրդային:
Կրօնական հասկացողութեամբ ուխտ` կը նշանակէ կնիք, դաշինք, համաձայնութիւն եւ կամ խոստում: Ուխտի գաղափարը իր էութեան մէջ քրիստոնէական է, հակառակ որ Հին Կտակարանի մէջ է, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք ուխտ հասկացողութեան: Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Աստուած իր ժողովուրդին կը փոխանցէ թելադրութիւններ, պատգամներ ու օրէնքներ` որպէս ուխտ, որոնց միջոցով ժողովուրդին միտքը կը դաստիարակէր, որպէսզի երբ իր միածին Որդին ղրկէր աշխարհ, մարդիկը կարենային ընդունիլ զինք, առաւել եւս կարենային ընդունիլ Անոր աշխարհ բերած սիրոյ վարդապետութեան էութիւնը: Ինչպէս ըսինք, ուխտը իր էութեամբ քրիստոնէական է, եւ Քրիստոսի աշխարհ գալուստով այդ ուխտը կնքուեցաւ խաչին վրայ Իր իսկ թափած արիւնով: Հին Կտակարանին մէջ ուխտը անպայմանօրէն կապուած կ՛ըլլար նիւթական որեւէ մէկ բանի, մինչ Նոր Կտակարանին մէջ Քրիստոսով երկինքի արքայութեան ժառանգորդ դառնալու իրաւունքը ստացաւ:
Աճառեանն ու Մալխասեանը ուխտ բառը բացատրած են հետեւեալ ձեւով: Աճառեան. «Հաստատ խօսք, հաստատ առաջադրութիւն, դաշն, իրար մէջ կապուած պայման»: Իսկ Մալխասեան. «1) Հաստատուն խօսք, խոստում, երդումով կամ առանց երդումի, որ մարդ կու տայ որեւէ մէկ բան կատարելու համար. 2)… (Կրօն.) խոստում, որով մէկ խումբ մարդիկ կը պարտաւորուին հաւաքաբար բարեպաշտական գործի մը նուիրուիլ, դաշն, պայմանադրութիւն. 3) Աստուծոյ դաշինքը մարդոց հետ, որով մարդոց փրկութիւն կը խոստանայ եւ մարդոցմէ բարեպաշտ կեանք կը պահանջէ. կտակ. կտակարան. 4) Խնդրուածք, Աստուծոյ եւ սուրբերուն ուղղուած աղօթք. 5) Վանք, մենաստան. 6) Սրբավայր երթալ, որու անունը կրող սուրբին ուխտ ըրած են, կ՛երթան ուխտը կատարելու եւ երկրպագութիւն ընելու, եւ այլն»:
Զարեհ արք. Ազնաւորեան խօսելով ուխտի մասին, կ՛ըսէ. «Աստուծոյ կնքած ուխտը նաեւ «կտակ» կը կոչուի, որովհետեւ Աստուած իր ուխտը կը կնքէ արիւնով, որ խորհրդանիշ է մահուան, եւ այս պարագային` կտակագիրին մահուան: Այս մասին բացատրութիւնը կը քաղենք Եբրայեցիներուն նամակէն. «Քրիստոսի արիւնը շատ աւելի պիտի չընէ՞ միթէ: Արդարեւ, յաւիտենական Հոգիին միջոցաւ Քրիստոս ինքզինք որպէս անարատ զոհ Աստուծոյ մատուցանեց, որպէսզի իր արիւնով մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռելական գործերէ, եւ դուք կարենաք կենդանի Աստուածը պաշտել: Ատով իսկ Քրիստոս Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ, քանի իր մահով քաւեց այն յանցանքները, որոնք առաջին Ուխտի ժամանակին գործուեցան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած մարդիկը խոստացուած յաւիտենական կեանքը ժառանգեն: Որեւէ ուխտի, այսինքն` որեւէ կտակի պարագային, նախ անհրաժեշտօրէն կտակագիրին մահը պէտք է հաստատուի, որովհետեւ կտակ մը միայն կտակագիր անձերուն մահէն ետք ի զօրու կը դառնայ. իսկ այնքան ատեն որ կտակը գրողը դեռ ողջ է, կտակը չի կրնար ի զօրու ըլլալ: Ահա թէ ինչո՛ւ առաջին Ուխտը եւս չկնքուեցաւ, մինչեւ որ արիւն չթափուեցաւ: Մովսէս Օրէնքի գիրքի մէջ բովանդակուած բոլոր պատուիրանները ժողովուրդին կատարելէ ետք առաւ զոհ մատուցուած ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ քիչ մը ջուր եւ կարմիր բուրդէ ու զոպայի ճիւղերէ կազմուած փունջով մը սրսկեց Ուխտի գիրքին եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ` ըսելով. «Այս արիւնով է, որ կը կնքուի Ուխտը, որուն հնազանդիլ պատուիրեց ձեզի Աստուած: Ապա նոյն արիւնէն սրսկեց նաեւ վկայութեան խորանին եւ պաշտամունքային բոլոր առարկաներուն վրայ: Եւ Օրէնքին համաձայն, գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՛ըլլար» (Եբր. 9.14-22): Յստակ կ՛երեւի այս համարներուն մէջէն, որ ուխտը առանց արիւնի չէր ըլլար, եւ թէ՛ Հին Կտակարանին մէջ, թէ՛ ալ Նոր Կտակարանին մէջ ուխտը արիւնով էր, որ կը կատարուէր, Հին Կտակարանին մէջ` կենդանական զոհով, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ` աստուածային` Աստուծոյ միածին Որդիին զոհագործումով, Գողգոթայի խաչին վրայ:
Ժողովրդային առումով, ուխտ` կը նշանակէ խոստում տալ եւ կամ խնդրանքի պատասխան ստանալուն, գործի յաջողութեան, առողջութեան եւ կամ հակառակը որեւէ մէկ խնդրանք ներկայացնել, որեւէ մէկ գործի համար յաջողութիւն խնդրել, եւ անհանգստութեան պարագային` առողջութեան խնդրանք: Ուխտագնացութիւնն ալ այս հասկացողութեամբ է, որ մէջտեղ եկած է, որ բարեպաշտական սովորութիւն է: Հաւատացեալներ իրարու մօտ հաւաքուելով` ուխտագնացութեան կ՛երթան որեւէ մէկ սրբավայր իրենց աղօթքներն ու խնդրանքները` իրենց ուխտը մատուցելու Աստուծոյ: Հինէն սկսած է այս սովորութիւնը եւ գրեթէ բոլոր կրօններուն ու ժողովուրդներուն մօտ կայ: Քրիստոնեայ, հրեայ, այլազգ, մէկ խօսքով` բոլոր կրօններն ալ ունին ուխտագնացութեան սովորութիւնը, որ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով կը կատարեն:
Այս ուխտագնացութիւններուն ընթացքին կրօնական ու ծիսական արարողութիւններուն կողքին, նաեւ ժողովրդային սովորութիւններ ի յայտ կու գան, որոնք երկրէ երկիր կը տարբերէին: Այդ ուխտավայրերէն են, մահմետականներուն համար` Մեքքան: Շիիներուն համար մեծ սրբավայր է Իմամ Խումէյնի գերեզմանը, եւ հազարաւորներ ուխտի կ՛երթան Իրան` այցելելու համար այդ գերեզմանը եւ իրենց ուխտը կատարելու: Ճափոնի շինթոյիստները լեռներուն եւ աղբիւրներուն մօտ ուխտի կ՛երթան: Չինաստանի մէջ յայտնի են սուրբ լեռները: Հնդկաստանի մէջ Հիմալայայի բարձունքները: Քրիստոնէութեան ծագումով, Երուսաղէմը պիտի դառնար բոլոր քրիստոնեաներուն սրբավայրն ու ուխտավայրը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն քրիստոնեաներ մինչեւ օրս ուխտի կ՛երթան: Իսկ հայերուս համար, մինչեւ 1915-ի ապրիլեան Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեծ թիւով վանքեր կային, որոնց տօներուն առիթով ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուէին, օրինակ, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ յաճախակի առիթներով ուխտագնացութիւններ կը կատարուին դէպի վանքերն ու եկեղեցիները: Սփիւռքի մէջ, Իրանի Մակու շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Թադէի վանքի ուխտագնացութիւնը կը կատարուի ամէն տարի, ուր թէ՛ Իրանէն եւ թէ՛ ալ տարբեր երկիրներէ հայեր ուխտի կ՛երթան մեր առաջին լուսաւորիչ` Ս. Թադէի վանքը: 1930-ին Լիբանանի մէջ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ տարուան ընթացքին ուխտի երկու օրեր ունի. առաջինը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մտնելուն յիշատակի օրը, երբ Սուրբին Աջը դուրս կու գայ իր արկղէն օրհնելու համար հաւատացեալ ժողովուրդը: Եւ երկրորդը` Ս. Աստուածածնայ ուխտի օրը, Պիքֆայայի վանքէն ներս, որ սկիզբ առած է 1954-էն ետք: Ամէն տարի Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին հազարաւոր հաւատացեալներ, որպէս ուխտաւորներ, կը բարձրանան Պիքֆայայի վանք` իրենց ուխտը կատարելու:
Ուխտի եկո՛ւր, ժողովուրդ հայոց: Ուխտի՛ եկուր, հաւատացեալ ժողովուրդ: Ուխտի՛ եկուր, երիտասարդութիւն, եւ հաղորդ դարձիր քու պապերուդ արժէքներուն ու արժանիքներուն: Եկո՛ւր եւ ներկայութեամբդ օրհնութիւնը ստացիր Սուրբ Աստուածածինին, որովհետեւ ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հաստատէ, թէ` «դո՛ւն ես այսօր, ո՜վ հայ երիտասարդ, հայ մնալու պայքարին քաջ զինուորը եւ իմաստուն առաջնորդը: Մեր ազգին ապագան դո՛ւն պիտի կերտես` մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներուն, այլ խօսքով` քու հարազատ ինքնութեանդ նկատմամբ ունեցած խոր հաւատարմութեամբ ու անտեղիտալի յանձնառութեամբ»:


