Ողիմպիականէն Փունջեր Եւ Փուշեր
Համակիրներ Սուլեցին Բրիտանիոյ Վարչապետին
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն 8 օգոստոսին ներկայ գտնուեցաւ ողիմպիական խաղերու բռնցքամարտի կիներու մրցումներուն: Այն պահուն, երբ վարչապետը ցուցադրեցին մարզասրահին մէջ տեղադրուած խոշոր պաստառին վրայ, ներկայ համակիրները սկսան սուլել: Անոնց մեծ մասը իրլանտացիներ էին, որոնք եկած էին իրենց հայրենակիցը` Քեթի Թէյլըրը քաջալերելու:
Համակիրներու այս վերաբերումը չզարմացուց Բրիտանիոյ պաղարիւն վարչապետը, որ զանոնք «ֆանթասթիք» որակեց: Մարդուն երեսին թքած են, ան ալ ըսած է. «Անձրեւ կու գայ»:
Զբօսաշրջիկներ 576 Միլիոն Եւրօ Ծախսած Են
Լոնտոնի ամառնային 30-րդ ողիմպիական խաղերը դիտելու համար Անգլիոյ մայրաքաղաքը ժամանած զբօսաշրջիկները, որոնք կ՛օգտագործեն վիզա քարտերը, խաղերու առաջին շաբթուան ընթացքին ծախսած են 576 միլիոն եւրօ:
Զբօսաշրջիկները 8 առ հարիւրով աւելի գումար ծախսած են, քան անցեալ տարի նոյն ժամանակաշրջանին Լոնտոն ժամանած այցելուները:
Թուղթի Կտորը Ոսկի Մետալէն Արժէքաւոր
Չորեքշաբթի գիշեր անծանօթ անձեր Լոնտոնի մէջ թալանեցին ողիմպիական ախոյեան գերմանացի Ռոպերթ Հարտինկը, որ ոսկի մետալ նուաճած էր սկաւառակ նետելու մրցաշարքին մէջ: Հարտինկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ կը տեղեկացնէ, որ իրմէ գողցած են Ողիմպիական հաւատարմագիրը, եւ ինք չէ կրցած մտնել ողիմպիական աւան, նոյնիսկ երբ անվտանգութեան պաշտօնատարներուն ցոյց տուած է իր անցագիրը, անձնաթուղթը: Անոնք պահանջած են միայն ողիմպիական հաւատարմագիրը: Ոսկի մետալակիրը ստիպուած գիշերած է փողոցը:
Ուրեմն ախոյեան ըլլալն ալ բաւարար չէ. ինքնութիւնդ եւ կարգավիճակդ հաստատող թուղթի կտորի մը պէտք ունիս անպայման:
Քենիա 2024 Թուականի Ողիմպիական
Խաղերը Հիւրընկալելու Թեկնածու
Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպի կը պատրաստուի 2024 թուականի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու դիմում ներկայացնելու: Այս մասին յայտարարեց երկրին վարչապետը:
Ողիմպիական միջազգային կոմիտէն խաղերու մայրաքաղաքը պիտի ընտրէ 2017-ին, սակայն դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 2015 թուականը: Եթէ ողիմպիական միջազգային կոմիտէն ընտրէ Քենիան, ողիմպիական խաղերը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենան Ափրիկէի մէջ:
2016 թուականի ողիմպիական խաղերը առաջին անգամ պիտի կայանան Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 31-րդ ամառնային խաղերը պիտի հիւրընկալէ Ռիօ տը Ժանէյրօ: 2020 թուականի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար կը պայքարին Թոքիօ, Մատրիտ եւ… Պոլիս:
Ժպտացէ՛Ք, Թէ Ոչ…
Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մարզադաշտէն հետեւող 54-ամեայ անգլիացի Մարք Ուորտսորֆ, բրիտանացի ոստիկաններու կողմէ ձերբակալուեցաւ միայն անոր համար, որ իրաւապահները կասկածած էին անոր դէմքին արտայայտութիւններէն:
«Ես նստած էի առանձինս: Նոյնիսկ չհասկցայ ալ, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ, երբ զիս բռնեցին, դէմքս գետին պառկեցուցին եւ ձեռնակապեր անցուցին», պատմեց բրիտանացին եւ աւելցուց, որ այդ բոլորին պատճառը եղած է իր դէմքի հանդարտ արտայայտութիւնը:
Ձերբակալուելէ ետք բրիտանացին փորձած է 5 ժամ բացատրել իրաւապահներուն, որ չի կրնար ժպտալ, որովհետեւ կը տառապի փարքինսընէ եւ իր դէմքին մկաններուն մէկ մասը անշարժացած է:
Կացութիւնը փրկեց իր կինը, երբ մտահոգուելով ամուսինին ուշացումէն հեռաձայնեց իրեն եւ ապա զրուցեց ոստիկաններուն հետ:
Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցողներ… միշտ ժպտացէ՛ք:

