Ողիմպիականը Այսօր
Ա. Տանկօ.
«Դ. Հայրապետեան Հիանալի Մենամարտեցաւ»
«Դաւիթ Հայրապետեան հիանալի մենամարտեցաւ` յաղթելով թուրք բռնցքամարտիկին», յայտարարեց Ռուսիոյ բռնցքամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Անտրէ Տանկօ:
Ան աւելցուց. «Դաւիթ Հայրապետեան իբրեւ խմբապետ հիանալի օրինակ ծառայեց միւս բռնցքամարտիկներուն: Եթէ Դաւիթ այսպէս շարունակէ, կը յաղթէ նաեւ չինացի աշխարհի ախոյեան Զոու Շիմինկինէի»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Դաւիթ Հայրապետեան (49 քկ) բռնցքամարտի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին 19 – 11 արդիւնքով յաղթեց թուրք Ֆարհատ Փեհլիվանին:
Դ. Հայրապետեան Եւ Մ. Ալոյեան
Ախոյեանութեան Թեկնածուներ
Ռուսիան ներկայացնող բռնցքամարտիկներ Դաւիթ Հայրապետեան (49 քկ) եւ Միշա Ալոյեան (52 քկ) հասած են իրենց դասակարգերու կիսաւարտական հանգրուանին: Անոնց մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր:
Ռուսիոյ հաւաքականի աւագ մարզիչ Ալեքսանտր Չեռնոիվանով ըսաւ, որ Դաւիթ եւ Միշա նախորդ հանգրուանին շատ յաջող մրցումներ կատարեցին եւ յաղթեցին շատ ուժեղ մրցակիցներու:
«Տղաներէն շատ գոհ ենք: Յոյս ունինք, որ աւելի լաւ արդիւնքներ ցոյց կու տան: Դաւիթ Հայրապետեան պիտի մենամարտի թայլանտցի բռնցքամարտիկ Փոնկպրայունի հետ, իսկ Միշա Ալոյեանի մրցակիցն է մոնկոլ Նիամպայար», ըսաւ ռուս մարզիչը: Ան աւելցուց, որ իրենք դիտած են անոնց բոլոր մենամարտերը եւ ուսումնասիրած են մարտավարութիւնները:
«Եթէ իրատես ըլլանք, երկուքէն ալ (Դաւիթէն եւ Միշայէն) ոսկի մետալ կ՛ակնկալենք: Կանխատեսել դժուար է, որովհետեւ ամէն բան մեզմէ կախեալ չէ: Յոյս ունինք, որ լաւ կ՛ըլլայ», ըսաւ Ռուսիոյ հաւաքականի աւագ մարզիչ Ալեքսանտր Չեռնոիվանով:
ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԿԵՐԸ` ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ
Ոսկի Արծաթ Պրոնզ Ընդհանուր
1.- Միացեալ Նահանգներ 37 24 25 86
2.- Չինաստան 37 23 19 79
3.- Մեծն Բրիտանիա 24 13 14 51
4.- Ռուսիա 12 21 23 56
5.- Հարաւային Քորէա 12 7 6 25
………………………………………………..
49.- Հայաստան 0 1 2 3
69.- Թուրքիա 0 0 1 1