Ճատրակ. Տէր Սահակեան Եւ Գրիգորեան Կը Հետապնդեն Յառաջատարը
Աթէնքի մէջ ընթացող ճատրակի մինչեւ 20 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Կարէն Գրիգորեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց խաղերուն, իսկ Վահէ Պաղտասարեան` յաղթանակ:
Տէր Սահակեան եւ Գրիգորեան ունին 5.5-ական կէտ եւ կը գտնուին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերուն վրայ:
Աղիւսակը առանձինն կը գլխաւորէ Թուրքիան ներկայացնող Ալեքսանտր Իպատով, որ 6 կէտ ունի:
Արթուր Աբրահամ Կը Պատրաստուի
Գերմանիան ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ Բռնցքամարտի համաշխարհային կազմակերպութեան վարկածով երկրորդ միջին ծանրութեան դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Ռոպերթ Շթիկլիցի միջեւ տիտղոսային մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 25 օգոստոսին` Պերլինի մէջ: Արթուր Աբրահամ լրջօրէն կը պատրաստուի: Այս առնչութեամբ ան ըսաւ. «Այժմ կը պատրաստուիմ Պերլինէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մարզաառողջարանային Քինպա քաղաքին մէջ, ուր հրաւիրած են Շթիկլիցի ոճին համապատասխան բռնցքամարտիկներ, որոնց հետ փորձեր կ՛ընեմ: Ամէն ինչ հիանալի է: Վստահ եմ, պիտի յաղթեմ»:

