50 Տարի Առաջ ( 11 Օգոստոս 1962 )

Խմբագրական

Հոգեկան Բերդը
(Ս. Աստուածածնայ Տօնին Առթիւ)

Վաղը` կիրակի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Պիքֆայայի մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ: Պիտի պատարագէ ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, որ վերջերս ժամանեց Լիբանան, վեհափառ կաթողիկոսի հրաւէրով:

Ամէն տարի այս օրերուն շրջանի գիւղերը օդափոխութեան ելած հայ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հեռաւոր գիւղերէ եւ Պէյրութէն  առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ կը փութան Պիքֆայա, ուխտի օրուան մը ջերմեռանդութեամբ հաղորդակից դառնալու համար անմահ պատարագի եւ եկեղեցական  հոգեպարար արարողութիւններու:

Այս խուռներամ բազմութեան ներկայութեան մէջ ամէն տարի մենք կը հաստատենք այն յարաճուն փարումն yu նուիրումը, որ հայ ժողովուրդը ցոյց կու տայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ, կրօնական եւ ազգային զոյգ մօտեցումներով:

Երբ անվիճելիօրէն կ՛ընդունինք, որ գոնէ ներկայ պայմաններու ներքեւ Հայաստանեայց եկեղեցին գլխաւոր կռուաններէն մէկն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման, ինչպէս եղած է դարեր շարունակ, պետական ուրոյն կառոյցէ զուրկ մեր ժողովուրդին համար, ապա ուրեմն, գերազանցապէս խրախուսիչ կը գտնենք այն երեւոյթը, որ ամէն անգամ կը պարզուի, երբ հանդիսաւոր առիթներու, հաւատացեալներու բազմութիւններ կը լեցնեն մեր եկեղեցիները, Հայաստանեաց եկեղեցւոյ դերին ու կոչումին հանդէպ գիտակից մօտեցումով մը:

Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին մանաւանդ, երբ Կիլիկեան Աթոռին ու անոր նուիրեալ հոգեւորականներուն դէմ պոլշեւիկներու ղեկավարութեամբ շղթայազերծուած պայքարը արուեստական տագնապի մը ծնունդ տուաւ հայ ժողովուրդին մէջ, ազատատենչ հայութեան այս անվերապահ գուրգուրանքն ու յարումը Հայաստանեայց եկեղեցիին, կրկնակի իմաստ կը ստանայ եւ մեր ժողովուրդի ապագային հանդէպ ինքնավստահութեամբ կը լեցնէ իւրաքանչիւր հայու հոգին:

Որովհետեւ կիլիկեան Աթոռին հանդէպ հայ ժողովուրդին ցոյց տուած այս ջերմեռանդ փարումը միայն կրօնասիրութեամբ կարելի չէ բացատրել: Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս հայ եկեղեցին եւ մասնաւորաբար Կիլիկեան Աթոռին մէջ կը տեսնէ ոչ միայն նեղ օրերու իր ապաւէնը, այլ նաեւ` այն ղեկավար ուժը, որ ազգային գետնի վրայ կոչուած է կատարելու նախախնամական դեր մը, ինչպէս եղած է միշտ, ամէն անգամ որ մեր վանքերը վերածուած են հայ հոգիի պահպանման անառիկ բերդերու, որոնք դիմացած են արշաւող բոլոր ուժերուն եւ թշնամի ալիքներուն:

Այսօր եւս, երբ ներքին ու արտաքին վտանգներէ զերծ չէ հայ ժողովուրդը, երբ մութ ուժեր եկեղեցւոյ ճամբով կ՛ուզեն հարուածել հայութիւնը եւ անոր Դատը, Կիլիկեան Աթոռը, սփիւռքի տարածքին վրայ, իբրեւ մէկ թեւը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, իր առաքելութեանը լրիւ գիտակցութեամբ, դարձած է խորապէս ազգային ու հոգեւոր հաստատութիւն մը:

Կիլիկեան Աթոռը այսօր կը հանդիսանայ գաղթաշխարհի ազատ հայութեան ամէնէն վստահելի եւ ամուր բերդը, անխառնօրէն հոգեւոր եւ ազգային մտահոգութիւններէ  առաջնորդուող  եկեղեցական գերագոյն հեղինակութիւն մը, որ, գործակցաբար ազգային գերագոյն ժողովներու եւ մարմիններու` կոչուած է Հայ. եկեղեցին փրկել ներքին ու արտաքին ամէն կարգի վտանգներէ:

Վստահ ենք, որ նոր հասնող հայ հոգեւորականութիւնը, ստեղծուած նոր մթնոլորտին մէջ, ի վիճակի պիտի ըլլայ հոգեւոր վերածնութեան շարժում մը վերածել գործի, խորապէս գիտակ իր կոչումին եւ ծառայութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )