«Հետաքրքիր» Անջրպետամեքենան…

Ինը ամսուան Ճամբորդութենէ եւ 750 միլիոն քիլոմեթր կտրելէ ետք, «Քիւրիոսիթի» վերջապէս իջաւ Հրատ մոլորակին վրայ, երկուշաբթի, 6 օգոստոսի առտուն:

Ո՞վ է «Քիւրիոսիթին»: Ան կողմէ շինուած անջրպետամեքենայ մըն է`օժտուած 6 անիւներով եւ 17 տեսախցիկներով եւ 900 քիլօ ծանրութեամբ, որպէսզի ան չջախջախուի, ՆԱՍԱ-ի գիտնականները շատ յառաջապահական եւ խրթին դրութիւն մը հնարած են, եւ անոր փորձերը պիտի կատարեն այս մեքենային վրայ:

«Քիւրիոսիթի»-ի Հրատ հասնիլը արդէն ինքնին մեծ իրագործում մըն է: Կարմիր մոլորակին մթնոլորտին մէջ մտնելով` ան իր արագութիւնը դանդաղեցուցած է` ժամական 21.243 քմ արագութենէն անցնելով ժամական 2.74 քմ-ի: Ան նոյն ատեն բացաւ 21 մեթր տրամագիծ ունեցող անկարգել մը, որ աւելի դանդաղեցուց իր վայրէջքը: Վերջապէս, գետնէն մօտաւորապէս 20 մեթր բարձրութեան վրայ, ուրիշ մեքենայի մը միջոցով ան զգուշութեամբ իջեցուցին եւ զետեղեցին գետնին վրայ:

Ան յատուկ վայր մը իջաւ` Հէյլ խառնարան եւ սփռեց իր տեսախցիկները` առաջին նկարները առնելու համար:

«Քիւրիոսիթիի» այս գործողութիւնը արժած է 2.5 միլիառ տոլար: Ան դէպի Հրատ ամէնէն սուղ գործողութիւնն է: Գիտնականները շատ բան կը սպասեն «Քիւրիոսիթի»-էն` իբրեւ անջրպետային հետախուզութիւն: Անկէ առաջ արդէն ուրիշ 6 անջրպետանաւեր Հրատ գացած են («Վայքինկ» 1 եւ 2, «Սոճըռնըր», «Սփիրիթ», «Օփորթիւնեթի», եւ «Ֆինիքս»): Սակայն անոնց պաշտօնը շատ աւելի սահմանափակ եղած է, որովհետեւ անոնք չունէին հողը ուսումնասիրելու գործիքները եւ անոնք յաճախ խանգարուած են: Հետեւաբար այս բոլոր «թակարդներէն» խուսափելու համար «Քիւրիոսիթի» շինուած է անցեալի փորձառութիւններէն դասեր առնելով: Այս պատճառով ալ սկզբունքով ան աւելի տոկուն եւ գործօն պէտք է ըլլայ:

«Քիւրիոսիթի»-ի պաշտօնը պիտի ըլլայ ճշդել, թէ Հրատ մոլորակը ունեցա՞ծ է կամ կրնա՞յ ունենալ կեանքի պայմաններ, մանրէներ, մեթան կազ (որ նպաստաւոր է կեանքի յայտնուելուն…): Անոր աշխատանքները պիտի տեւեն 2 տարի:

 

Աշխարհի Շուրջ

Վստահաբար Մաթ շատ կը սիրէ ճամբորդել… Նոյնքան ալ` պարել:

Եւ ըստ երեւոյթին, ան կրցած է իրականացնել այս երկու ժամանցները միաժամանակ: Հնդկաստանէն մինչեւ Նոր Հինէա, անցնելով Փերուէն, Աւստրալիայէն, Միացեալ Նահանգներէն կամ Հոլանտայէն, այս 33 տարեկան ամերիկացին «այցելած է» մօտաւորապէս քառասուն երկիր եւ իւրաքանչիւր երկրին մէջ նկարուած է պարելով միակ պարը, որ ինք գիտէ:
Ան նոյնիսկ իր վիտէոն համացանցին վրայ ցուցադրած է 2007 թուականին եւ` յաջողութիւն արձանագրած:

Տարբեր տեսակի ճամբորդութեան գեղեցիկ գաղափար…

Այո, սակայն այս պարագային Մաթ իր պարը կատարած է… առանց իր երկրէն դուրս ելլելու, շնորհիւ լաւ բեմադրութեան մը եւ մոնթաժի մը, որ մեր մէջ ճամբորդելու փափաքը կը յառաջացնէ:

 

Հարցում/Պատասխան

 

Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն բարձր շէնքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ միլիառ «հոթ-տոկ» կ՛ուտեն ամերիկացիները ամէն տարի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ո՞ր երկրին մէջ յայտնուած են առաջին իր ջաղացքները, ք. ե. մօտաւորապէս 644 թուականին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ տարբեր տեսակ թեւատ գոյութիւն ունի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները՝ վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել խոհարարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղեր

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերները` տուփիկներուն հետեւելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) Պուրժ Խալիֆա: Կը գտնուի Տուպայի մէջ, ունի 828 մեթր բարձրութիւն եւ աւելի քան 160 յարկ:

2) 20 միլիառ: Իսկ գիտէի՞ր, թէ այդ 20 միլիառէն 150 միլիոն «հոթ-տոկը» ամերիկացիները կ՛ուտեն իրենց ազգային տօնին օրը, յուլիս 4-ի տօնակատարութիւններուն ընթացքին:

3) Պարսկաստան: Առաջին ջաղացքները կը գործածուէին ուժանիւթ յառաջացնելու` հովին ուժը գործածելով: Անոնք հորիզոնական ձեւով կը դառնային ուղղահայեաց առանցքի մը վրայ:

4) Տասնեօթը: Թեւատներու մեծ մասը կ՛ապրի ցուրտ Անթարքթիքոյի մէջ, սակայն կարգ մը ուրիշ տեսակներու կարելի է հանդիպիլ աւելի տաք կլիմաներու մէջ, ինչպէս, օրինակ, Կալափակոս կղզիներուն մէջ:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )