Շտապ Օգնութեան Դասընթացք
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ միաւորական կազմին` կիրակի, 5 օգոստոս 2012-ին, տեղի ունեցաւ շտապ օգնութեան միօրեայ դասընթացք մը` մասնաճիւղի խմբապետական կազմի, Ա. եւ Բ. կարգերու դասընթացքներուն հետեւած անդամներուն մասնակցութեամբ:
Լեռնալիբանանի զինուորական բժշկութեան բաժանմունքի պատասխանատուներէն Նաուալ Սըայպի եւ հինգ հիւանդապահ զինուորականներ ներկայացուցին զանազան արկածներու եւ դէպքերու յատուկ շտապ օգնութեան ձեւեր, ինչպէս այրուածքի, վէրքերու, կոտրուածքներու, արիւնահոսութեան, խեղդուելու, սրտի տագնապի եւ այլ պարագաներու շտապ օգնութեան դիմելու միջոցները:
Դասընթացքի աւարտին մասնակցող սկաուտներուն անունով սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Մարիա Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նաուալ Սըայպիի եւ իր օգնական խումբին, եւ իբրեւ յիշատակ իրենց նուիրեց մասնաճիւղի թի շըրթները: