Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ուաշինկթըն Արաբական Ծոցին Մէջ Հակահրթիռային Համակարգեր Պիտի Տեղադրէ»
Ռուսական «Vz.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրել յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Արաբական ծոցին մէջ իրենց դաշնակիցներուն հետ հակահրթիռային պաշտպանութեան մարզին մէջ սերտ համագործակցութիւն հաստատած են:
«Միացեալ Նահանգներ մտադիր են անվտանգութեան ապահովման ուղղուած բոլոր միջոցառումներուն ձեռնարկելու», ըսած է ան` մեկնաբանելով մէկ օր առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հրապարակած այն յօդուածը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Միացեալ Նահանգներ շարք մը արաբական երկիրներու հետ շրջանին մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայելու ուղղութեամբ ջանքերը աշխուժացուցած են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած, թէ Արաբական ծոցի ճիշդ ո՛ր շրջանին մէջ պիտի տեղադրուին այդ համակարգերը, սակայն ընդգծած է, որ ատիկա կը կատարուի շրջանը իրանեան հրթիռներէն պաշտպանելու համար:
Շրջանին մէջ պիտի տեղադրուին կանուխ յայտնաբերման ամերիկեան ռատարներ, որսացող հրթիռներ, ինչպէս նաեւ միասնական հրամանատարային-տեղեկատուական կեդրոն մը:
Ինչպէս ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ընդգծած էր, Փենթակոն արդէն Արաբական ծոցի երկիրներուն քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ զինամթերք մատակարարած է: