Ռուսիա «Էս-300» Հրթիռներու Դատական Հայցի Պատճառով Կը Սպառնայ Իրանը Զրկել Աջակցութենէ

«Էս – 300» հրթիռային համակարգ մը

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդեց, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները որոշած են Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցին մէջ աւելի կարծր դիրքորոշում որդեգրել, եթէ Թեհրան Ժընեւի միջազգային դատարանէն ետ չվերցնէ «Էս-300» հակաօդային համակարգերու մատակարարման մասին համաձայնագիրը չգործադրելու մասին դատական հայցը:

Ռուսիոյ կառավարութենէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ հայցին հետ կապուած այս «ոչ գեղեցիկ» իրավիճակը Իրանը իբրեւ «անշնորհակալ» երկիր ցոյց կու տայ: «Մենք կ՛աջակցինք անոնց, հիւլէական հարցին վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ որդեգրած ենք կառուցողական դիրքորոշում, իսկ անոնք ահա թէ ինչպէ՛ս մեզի կը պատասխանեն», ըսած է աղբիւրը:

Ան նաեւ նշած է, որ Մոսկուա նախապէս Թեհրանին յայտնած է, որ ներկայացուած հայցը «չի նպաստեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման», սակայն այդ խօսքերը «անտեսուած են»:

Ըստ նշեալ աղբիւրին, իրանեան խնդիրի «5+1»-ի հետ յաջորդ նիստի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի վերջաւորութեան, Ռուսիա «պիտի փորձէ անգամ մը եւս իր դիրքորոշումը տեղ հասցնել», սակայն եթէ Իրան դարձեալ բացասաբար պատասխանէ, ապա «միջազգային հարթակին վրայ ան ստիպուած պիտի ըլլայ հիւլէական հարցիh շուրջ առանձին համաձայնութեան գալ»:

800 միլիոն տոլարով «Սի-300» վաճառելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած էր 2007-ին, սակայն ատոր իրագործումը պարբերաբար թեքնիք պատճառներով ձգձգուած էր: Համաձայնագիրի կատարումէն հրաժարելէ ետք, Ռուսիա Թեհրանին վերադարձուցած էր ստացած նախնական գումարը` 167 միլիոն տոլարը:

Իսկ յուլիսի սկիզբը յայտնի դարձաւ, որ Իրան համաձայնագիրը չգործադրելու վերաբերեալ Ռուսիոյ դէմ Ժընեւի միջազգային դատարանին դատական հայց ներկայացուցած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )