Աւստրիոյ Ներքին Գործոց Նախկին Նախարարը Կաշառակերութեան Յանցանքով Կ՛ամբաստանուի
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Վիեննայի դատարանը Աւստրիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար Էռնսթ Շթրասըրը կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանած է:
Եթէ անոր մեղքը ապացուցուի, ապա նախկին նախարարը կրնայ մինչեւ վեց տարի բանտարկուիլ:
Նախորդ տարուան մարտին Շթրասըր ստիպուեցաւ լքել Եւրոպական խորհրդարանի անդամի պաշտօնը, երբ բրիտանական լրատուամիջոցները բացայայտեցին օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարելու դիմաց անոր կողմէ գանձուած կաշառքի միջադէպերը:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը Շթրասըրի կողքին յաջողած էր բացայայտել նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի երկու այլ անդամներու կողմէ կաշառք ստանալու դէպքեր:
CATEGORIES Միջազգային