Ակնարկ. Ո՞ւր Է Սխալը

ԹՈՐԳՈՄ

Տեղ մը սխալ բան մը կայ Հայաստանի մարզական կեանքին մէջ: Միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին սպասուած, ակնկալուած արդիւնքները չեն նուաճուիր: Կառավարման թափթփածութի՞ւն, մարզումի խնդիրնե՞ր, պիւտճէի հա՞րց, թերեւս բոլո՞րը…

Անշուշտ մենք մանրամասնութիւնները չունինք, թէ իւրաքանչիւր մարզաձեւի ֆետերասիոն ինչպէ՞ս կը կազմուի, ի՞նչ ծրագիրներով կ՛աշխատի, պիւտճէ ինչպէ՞ս կը գոյացնէ, կամ որո՞ւ կողմէ կը հովանաւորուի:

Սակայն ունինք արդիւնքները, մարզիկներու եւ մարզիչներու հատուկտուր խոստովանութիւններ, երկչոտ քննադատութիւններ, որոնք յաճախ ենթակայական են եւ հազուադէպօրէն` առարկայական:

Կան սակայն յստակ տուեալներ, գոնէ ողիմպիական խաղերու պարագային.

  • 1996. Աթլանթա. Հայաստան գրաւեց 45-րդ դիրքը` առաջ անցնելով Ազրպէյճանէն (61-րդ) եւ Վրաստանէն (65-րդ):
  • Սիտնի. Հայաստան բաւարարուեցաւ 64-րդ դիրքով:
  • Փեքին. Հայաստան նահանջեց 78-րդ դիրք:
  • Աթէնք. Հայաստան 0 եղած է ընդհանրապէս:

Վերջին 3 դէպքերուն Հայաստան միշտ ալ զիջած է Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի:

Ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարման ձեւին, ֆետերասիոններու գործունէութեան եւ հովանաւորութիւններու հոլովոյթին մէջ թերացումներ կամ սխալներ կան: Արհեստավարժ մօտեցումը, աշխատանքը ընդհանրապէս կը պակսի:

Անհատական մարզաձեւերէն` այս պարագային բռնցքամարտի, ժիւտոյի եւ ծանրաբարձութեան ներկայացուցիչները յաճախ կը պնդեն, որ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն ստեղծած է անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որպէսզի իրենք նախապատրաստական փուլի ընթացքին ոչ մէկ խնդիր ունենան:

Տեղին է նշել, որ բռնցքամարտը, ծանրաբարձութիւնը եւ ժիւտոն միասնաբար պետական պիւտճէէն տարեկան կը ստանան շուրջ 360 միլիոն դրամ, մինչ խմբային երեք մարզաձեւերու` պասքեթպոլի (18 միլիոն դրամ), ձեռնագնդակի (18 միլիոն դրամ) եւ վոլիպոլի (12 միլիոն դրամ) յատկացուող գումարը կը կազմէ միայն 48 միլիոն դրամ, իսկ ֆութպոլին ընդհանրապէս գումար չի յատկացուիր (խօսքը անշուշտ ողիմպիականի մասին է):

Պարզ է, որ ողիմպիականի խմբային մարզաձեւերը կը զոհուին յանուն անհատական մարզաձեւերու:

Սակայն ատիկա Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն արդարացուեցա՞ւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )