Թուրքիա Եւ Իրան Չկրցան Համաձայնիլ Սուրիոյ Տագնապին Շուրջ. Իրանի Կարծիքով Տագնապը Չի Կրնար Լուծուիլ, Որովհետեւ Առանց Ասատի Երկրին Մէջ Քաոս Կը Ստեղծուի
«Մարմարա» կը գրէ, որ Թուրքիա, որ կը զօրակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող ընդդիմադիրներուն, Իրանէն ալ կը պահանջէ, որ այդ երկիրը դադրի Ասատին զօրակցելէ, բայց Իրան պիտի շարունակէ կանգնիլ Պաշշար Ասատի կողքին: Իրանի իշխանութիւններուն կարծիքով, Սուրիոյ տագնապը չի կրնար լուծուիլ առանց Պաշշար Ասատի, որովհետեւ այդ պարագային երկրին մէջ մեծ քաոս կը ստեղծուի:
Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միանմար մեկնելէ առաջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Թուրքիա Իրանէն անգամ մը եւս պահանջեց, որ վերջ տայ Պաշշար Ասատի նկատմամբ ցոյց տրուած զօրակցութեան, իսկ Սալեհի Թուրքիոյ առաջարկեց, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ գործակցութեամբ աշխատանք տարուի, որպէսզի բանակցութեան սեղանի մը շուրջ բերուին Պաշշար Ասատն ու ընդդիմադիրները, բայց Թուրքիա մերժեց մտնել այսպիսի գործակցութեան մը մէջ: Թուրքիոյ կարծիքը այն է, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիա ընդունի այսպիսի բանակցութեան մը ի նպաստ աշխատիլ, Սուրիոյ ընդդիմադիրները պիտի չընդունին:
Ահմեթ Տաւութօղլու Սալեհիի հետ հանդիպման ընթացքին գանգատեցաւ Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Հասան Ֆիրուզ Ապատիի անցեալ օրուան այն խօսքէն, ըստ որուն, «կարգը Թուրքիոյ պիտի գայ»: Տաւութօղլու ըսաւ, որ այսպիսի յայտարարութիւններ վնաս կը պատճառեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն: Բայց Սալեհի պատասխանեց, որ Իրանի մէջ Թուրքիոյ ի նպաստ յայտարարութիւններ ալ կը կատարուին:
Տաւութօղլու լրագրողներուն յայտնեց, որ հակառակ բացասական երեւոյթներու, Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները լաւ կ՛ընթանային: Իրանի իշխանութիւնները, որոնք հիւլէական թղթածրարին վերաբերող բանակցութիւններու ընթացքին Արեւմուտքի դէմ առանձին մնացած էին, Ահմեթ Տաւութօղլուէն խնդրած էին, որ միջնորդի դեր կատարէ. այդքան կը վստահէին Թուրքիոյ, մանաւանդ Ահմեթ Տաւութօղլուին: Բայց Սուրիոյ տագնապը յանկարծ վերջ տուաւ Թուրքիոյ ու Իրանի միջեւ գարնանային այս յարաբերութիւններուն: Թուրքիա միշտ պնդեց, որ Ասատ իր ժողովուրդին դէմ սպանդ կը կազմակերպէ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նման զինք պաշտպանող երկիրներէն ուժ կ՛առնէ եւ նորանոր սպանդներ կ՛իրագործէ: Իսկ Իրան համակարծիք չէ: Սալեհի ըսաւ. «Մենք ալ կ՛ուզենք, որ ստեղծուի ժողովուրդին պահանջները գոհացնող կարգավիճակ մը, բայց ասիկա առանց Ասատի չ՛ըլլար, որովհետեւ եթէ Ասատ երթայ, երկրին մէջ քաոս կը ստեղծուի»: