«Իրան-Հըզպալլա-Դամասկոս Դաշինքը Ոչ Միայն Իրանի Համար Վատ Է, Այլ Նաեւ` Շրջանի Եւ Մեր Շահերուն Համար» Կ՛ըսէ Սիւզըն Ռայս
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց սուրիական տագնապին մէջ Իրանի «ժխտական դերակատարութիւնը»:
Ան Թեհրանի մէջ Սուրիոյ վերաբերող ժողովին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ «Իրան ժխտական դեր կը կատարէ ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ նաեւ` շրջանին մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին իր աշխուժ աջակցութեան պատճառով»:
Պատասխանելով Լիպիոյ նախադէպին նման Սուրիոյ վերեւ եւս թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման կարելիութեան մասին հարցումի մը` Ռայս ըսաւ, որ «այդ հարցը կրնայ ցամաքային զինուորական միջամտութեան առաջնորդել»` նշելով, որ «սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը աշխարհի մէջ ամէնէն արդիականներէն մէկը կը նկատուի»:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսաւ, որ «եթէ նկատի ունենանք, որ Իրան, լիբանանեան շիի Հըզպալլա կուսակցութիւնը եւ Դամասկոսը դիմադրութեան առանցք ստեղծած են, ապա այդ դաշինքը ոչ միայն Իրանի համար վատ է, այլ նաեւ` շրջանի եւ մեր շահերուն համար»:
Ան վստահեցուց, որ «Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կացութիւնը յստակօրէն ի նպաստ ընդդիմութեան կը զարգանայ, վարչակարգէն անջատումները յաջորդական կը դառնան, տնտեսական ճնշումները կը շատնան, իսկ Ասատի քաղաքական մեկուսացումը կ՛աւելնայ»:
Ռայս շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն սուրիական ընդդիմութեան աջակցիլ, անոր քաղաքական եւ նիւթական գետնի վրայ օժանդակել` անոր տրամադրելով հեռահաղորդակցութեան միջոցներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ, «ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք ճնշում բանեցնել Ասատի վարչակարգին վրայ, որպէսզի տապալի»:
Դամասկոսի Մէջ Լիբանանի
Դեսպանը Արձակուրդի Է
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լրատուամիջոցներէն մէկը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրի լիբանանեան առնչակից իշխանութեանց համաձայնութենէն ետք հեռացած է Դամասկոսէն` լքելով սուրիական մայրաքաղաքին մէջ իր պաշտօնատեղին եւ վերջին շաբաթներուն Դամասկոսի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումին պատճառով խնդրած է Պէյրութ վերադառնալ:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ այդ լուրը բացարձակապէս ճիշդ չէ, որովհետեւ դեսպան Խուրի երկօրեայ վարչական արձակուրդով Պէյրութ կը գտնուի: Նախարարութիւնը լրատուամիջոցներէն խնդրեց իրենց վերլուծումներուն մէջ շատ հեռուները չերթալ եւ լուրերու հաղորդման ընթացքին ճշգրիտ ըլլալ ու տեղեկութիւնները իրենց հիմնական աղբիւրէն առնել:
Ապահովական Կացութիւն
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ բախումները վերջ գտած են: Սուրիական կանոնաւոր բանակը թաղամասը եւ Հալէպի բերդի շրջանը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ` շրջանը ձերբազատելով զինեալներէն: Կը հաղորդուի, որ Հալէպի մէջ մեծ բախումի յաջորդ թատերաբեմը պիտի ըլլայ Սուքքարի թաղամասը, ուր բախումները կը շարունակուին: Սուքքարի թաղամասը Հալէպի արեւմտեան թաղամասերուն մէջ վերջին ճակատամարտը պիտի ըլլայ, իսկ քաղաքի արեւելեան թաղամասերուն մէջ գտնուած
ընդդիմադիր զինեալներուն հետ բախումներ տակաւին չեն արձանագրուիր:
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը գրէ, որ «սուրիացի ընդդիմադիրները չբաւարարուեցան Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական ռուս զօրավար Վլատիմիր Քոճիեւի սպանութեան լուրը յօրինելով, այլ աւելի անդին անցան, երբ անոր դիակին Թուրքիոյ մէջ ռուսական դիւանագիտական առաքելութեան յանձնումը ցուցադրեցին»:
Վերլուծաբաններ օրաթերթին յայտնած են, որ ռուս զօրավարին սպանութեան լուրը «սկիզբէն ի վեր ոչ համոզիչ էր, որովհետեւ ըմբոստներուն ցուցադրած տեսերիզը կը ցուցադրէ անձնագիր մը, որուն վրայ Քոճիեւի նկարը մետաղեայ կցիչներով կցուած է, ինչ որ անցեալ դարէն ի վեր Սուրիոյ մէջ դադրած է կիրարկուելէ, բացի ատկէ, այդ այսպէս կոչուած անձնագիրին հրապարակման թուականը 2007-ն է: Զարմանալի է, որ զօրավար Քոճիեւի պատկերասփռուած ելոյթ ունենալը արգելք չեղաւ, որ ըմբոստները այս հարցին մասին խօսելէ դադրին»:
Փորձագէտ Իկոր Քորուչենքօ օրաթերթին յայտնած է, որ «Ռուսիա ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն կը մասնակցի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութեանց, եւ այն, ինչ որ այս հարցին վերաբերեալ կ՛ըսուի, կատարելապէս սխալ է»:
Սուրիական Արբանեակային Նոր Կայան
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի արաբական եւ ամբողջ աշխարհին ուղղուած արբանեակային նոր կայանի մը սփռման:
Ան ըսաւ, որ կայանի սփռման նախապատրաստական աշխատանքները իրենց աւարտին մօտեցած են եւ կը նախատեսուի, որ անոր սփռումը սկսի ռամատան ամսուան աւարտին, իսկ պատկերասփիւռի կայանին կողքին «Իխպարիյա» անունը կրող ձայնասփիւռի կայանի մը սփռման նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են: