Կրթութեան Նախարարութիւնը Յայտարարեց Պետական Քննութեանց Դիմումի Ժամանակացոյցը
Կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք, երէկ շրջաբերականով մը յայտարարեց Պրէօվէի եւ Պաքալորէայի պետական քննութեանց երկրորդ հանգրուանի դիմումներու ժամանակացոյցը` հետեւեալ ձեւով.
– Երկրորդականի քննութիւնները` անոնց չորս բաժանմունքներով, 13-էն 20 օգոստոս ներառեալ:
– Միջնակարգի (Պրէօվէի) քննութեանց դիմումները` 16-էն 25 օգոստոս ներառեալ: Թեկնածուները պարտին իրենց հետ ունենալ 2012-ի սովորական քննութեանց անդամաքարտը:
CATEGORIES Լիբանանեան