Քանատա Զօրավիգ Կը Կանգնի Լիբանանի Գերիշխանութեան
Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պերտ բարձր գնահատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ճիգերը` «Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման գծով, շրջանի այս տագնապալի պայմաններուն մէջ»: Երէկ գիշեր միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած քանատացի նախարարը նախ եւ առաջ այցելեց վարչապետարան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլզի:
Այս առիթով նախարար Պերտ տրամադրութիւն յայտնեց իր երկրին անունով օժանդակելու սուրիացի գաղթականներուն: Ան նաեւ վերահաստատեց Քանատայի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան