Հ. Մխիթարեան` Յուլիս Ամսուան Ֆութպոլիստը
Ուքրանական «Սփորթ Էքսփրես» թերթի վարկածով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցք ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուած է Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան յուլիս ամսուան լաւագոյն մարզիկը:
Այս առիթով տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Հենրիխ Մխիթարեան ըսաւ. «Ֆութպոլէն բացի այլ մարզաձեւ չեմ կարծեր, որ կրնայի կիրարկել, թէեւ կրնայի 100 մեթր վազել (կը ծիծաղի), սակայն դժուար թէ մետալի յոյսեր ունենայի»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ պատկերասփիւռի եւ համացանցի միջոցով կը հետեւի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն հայ մարզիկներուն մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

