Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ը Նուաճողը 37.5 Միլիոն Եւրօ Կը Ստանայ

Եու.Է.Էֆ.Ա.ն երէկ հրապարակեց 2012-2013 թուականներու մրցաշարքի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան, «Չեմփիընզ լիկ»-ի շահոյթներու ծրագիրը: Այս մրցաշրջանին մէջ ախոյեաններու լիկայէն եւ Եու.Է.Էֆ.Ա.ն գերբաժակէն ստացուած շահոյթը կը կազմէ 1.34 միլիառ եւրօ:

Այս գումարէն 55 միլիոն եւրօ կը տրամադրուի փլէյ-օֆի մասնակիցներուն: Մրցաշարքի ախոյեանը կը հարստանայ 37.5 միլիոն եւրօ… կոկիկ գումարով մը:

Խմբային մրցաշարքին մասնակցած 32 խումբերէն իւրաքանչիւրը ամէնէն քիչը կը ստանայ 8.6 միլիոն եւրօ:

1/8-րդ հանգրուանին հասած խումբերը կը ստանան 3.5 միլիոն եւրօ, քառորդ աւարտականինը` 3.9 միլիոն, կիսաւարտականինը` 4.9 միլիոն: Աւարտականին յաղթած խումբը կը ստանայ 10.5 միլիոն եւրօ եւս, իսկ փոխախոյեանը` 6.5 միլիոն եւրօ:

Մարդիկ տակաւին կ՛ըսեն, թէ Եւրոպայի մէջ ելեւմտական-տնտեսական ճգնաժամ է…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )