Փունջեր Եւ Փուշեր Ողիմպիականէն

Պոլթ Պիտի Չմասնակցի
Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հնգակի ողիմպիական ախոյեան, 100 մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր, ճամայքացի Ուսէյն Պոլթ պիտի չմասնակցի 2013 թուականին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք աթլեթի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն: Այս մասին Պոլթ յայտարարեց հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան նաեւ քիչ հաւանական նկատեց 2016 թուականին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը:

Պոլթ աւելցուց. «Այլեւս ոչինչ ունիմ ապացուցելու, որովհետեւ յաղթած եմ բոլորին: Ես իմ անունս գրեցի պատմութեան էջերուն մէջ: Ըրի այն, որ կ՛ուզէի: Ատիկա շատ դժուար ժամանակաշրջան մըն էր, սակայն ես Լոնտոն եկած էի մէկ նպատակի` յաղթելու համար: Կարծեմ հիմա ես առասպել դարձած եմ: Այլեւս ոչինչ ունիմ ապացուցելու: Ես պարզապէս լաւագոյնն եմ: Հիմա պէտք է վայելեմ կեանքը»:

Արդար նուաճուած վայելք մը…

Յիշեցնենք, որ Փեքինի ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեանը Լոնտոնի մէջ 9 օգոստոսին նուաճեց երկրորդ ոսկի մետալը` 200 մեթր վազքի մէջ: Քանի մը օր առաջ ան նաեւ յաղթած էր 100 մեթր վազքի մրցումին:

 

Ափրիկեան Տաղաւարը
Պարտքերու
Պատճառով Փակուեցաւ

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ծիրին մէջ բացուած «Ափրիկեան գիւղ» տաղաւարը փակուեցաւ հազարաւոր տոլարներու պարտքի պատճառով:

Կազմակերպիչներուն պարտքերը ստիպած են ժամանակէն շուտ փակել տաղաւարը, որ հաստատուած էր ափրիկեան 53 երկիրներու ողիմպիական կոմիտէներուն կողմէ: Այս պահուն բանակցութիւններ կ՛ընթանան այն հարցին վերաբերեալ, թէ կրնա՞յ տաղաւարը գործել մինչեւ ողիմպիական խաղերու փակման օրը` 12 օգոստոս:

Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ ափրիկեան երկիրները միասին տաղաւար բացած են ողիմպիական խաղերու ծիրին մէջ:

Տաղաւարին մէջ կան ցուցասրահներ, սրճարաններ եւ յատուկ սրահներ` բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, մարզիկներու եւ հովանաւորներու համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )