Տարբեր Անկիւնէ. Մարդիկ Նախապատրաստուած Են «Սիրելու Իրենց Դրացիները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ ՆՈՒԱԶ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՆ ՊԱՏԺԵԼՈՒ Ա`ՅՆ ԱՆՁԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԳՏՆՈԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՐՋԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ: «ՀԵԼԹ ՏԷՅ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Մարդոց միջեւ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ` որոշ վիճակներու մէջ իրարու նկատմամբ անոնց ցուցաբերած հակազդեցութիւններուն վրայ, ինչպէս մտածել կու տայ նոր ուսումնասիրութիւն մը:

Լինկքըն համալսարանէն բրիտանացի ուսումնասիրողներ կը վիճին, թէ մարդիկ իրականութեան մէջ հաւանաբար նախապատրաստուած են «սիրելու իրենց դրացիները»:

Իրենց ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնագէտները վերլուծած են «Պի. Պի. Սի.»-ի հարց-պատասխանի մէկ յայտագիրին` «Տը ուիքեսթ լինք»ի առաջին հանգրուանին մասնակցողներուն վարուելակերպը:

«Այս յայտագիրին մասնակցողները պէտք է կատարեն ընտրութիւն մը եւ որոշեն, թէ ո՛վ է ամէնէն վատ խաղցողը, հիմնուելով տեղեկութիւններու բոլորովին տարբեր երկու աղբիւրներու վրայ,- կ՛ըսէ Փոլ Կոտտարտ, որ կը վարէ աւագ դասախօսի պաշտօն մը` Լինկքըն համալսարանին հոգեբանութեան դպրոցին մէջ:- Գլխաւոր եւ ամէնէն վստահելի աղբիւրը ինքնին խաղն է: Եթէ խաղցողներէն մէկը սխալ պատասխանէ բոլոր հարցումներուն, արդար պիտի ըլլայ զայն խաղէն դուրս ձգելու որոշումի մը քուէարկելը: Սակայն մրցակիցներու միջեւ անել կացութիւն մը կը ստեղծուի, երբ անոնք չեն կրնար համաձայնիլ, թէ ո՛վ է յոռեգոյն խաղցողը, մանաւանդ երբ բազմաթիւ խաղցողներ միայն մէկ հարցումի սխալ կը պատասխանեն իւրաքանչիւր հանգրուանի: Նման պայմաններու մէջ խաղցողները կ՛ապաւինին տեղեկութեան երկրորդական աղբիւրի մը. այլ խօսքով` իրենց դատողութեան: Եւ այստեղ է, որ կը յայտնուի կողմնակալութիւնը»:

Ուսումնասիրողները չափած են քուէներու հաւանականութիւնը եւ  իրենց ենթադրութիւնները բաղդատած են գետնի վրայ կատարուած իրողութեան հետ: Անոնք ի յայտ բերած են, թէ խաղցողները բուռն դժկամութիւն ցուցաբերած են դէմ քուէարկելու իրենց կողքին կանգնած անձի մը: Ուսումնասիրողները այս կրկնուող երեւոյթը կոչած են «դրացիէն խուսափելու ներգործութիւն»: Անոնք նկատած են, թէ այս նախապաշարումը շատ աւելի ուժեղ էր, երբ խաղցողներու խումբ մը չէր յաջողեր որոշել, թէ ո՛ր խաղցողները ամէնէն աւելի տկար էին:

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբ մարդիկ պարտաւոր են որոշումներ կայացնելու, նուազ հաւանական է, որ անոնք քուէարկեն իրենց կողքին կանգնած անձերուն դէմ եւ իբրեւ թիրախ կ՛ընտրեն շատ աւելի հեռու կանգնած անձեր:

Ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, թէ իրենց դիտարկութիւնները զուգահեռներ կը գծեն 1960-ական տարիներու կատարուած ընկերային հոգեբանութեան փորձարկութեան մը միջեւ: Այս փորձարկութեան ընթացքին Եէյլ համալսարանէն հոգեբան Սթենլի Միլկրամ ի յայտ բերած էր, թէ մարդիկ աւելի հակամէտ էին ելեկտրական ցնցումով պատժելու այն անձերը, որոնք կը գտնուէին այլ սենեակի մը մէջ: Սակայն, երբ անոնք կը գտնուէին նոյն սենեակին մէջ, մարդիկ շատ աւելի դժկամութիւն կը ցուցաբերէին կիրարկելու այս պատիժը:

Խաղցողներուն միջեւ հեռաւորութեան կողքին, ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են նաեւ սեռային կողմնակալութեան ապացոյցներ` քուէարկութեան կրկնուող երեւոյթներու միջեւ: Անոնց համաձայն, աւելի հաւանական է, որ կիներ եւ տղամարդիկ խաղէ մը քուէարկութեամբ դուրս ձգեն կին մը, քան` տղամարդ մը:

Այս ուսումնասիրութիւնը վերջերս ներկայացուած է Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Տնտեսական վարուելակերպի յառաջդիմութեան ընկերակցութեան տարեկան համագումարին առիթով: Ներկայացուած տուեալներն ու եզրակացութիւնները կը նկատուին նախնական, մինչեւ որ հրատարակուին թերթի մը մէջ եւ արժանանան այլ հոգեբաններու ուշադրութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES