Տարբեր Անկիւնէ. Շատ Խելացի Չըլլալու Իմաստութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Խելացի ագռաւը

ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԼՈՒԾԵԼ ԽՆԴԻՐՆԵՐ` ԵԶՈՎԲՈՍԻ ՄԷԿ ԱՌԱԿԻՆ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ԿԸ ՏԻՐԱՊԵՏԵՆ  ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԴԻՄԻ ՀԱՐՑԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ: «ՍԱՅԸՆՍ ՆԱՈՒ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Բազմաթիւ մանուկներ եւ չափահասներ լսած են Եզովբոսի ագռաւին եւ կուժին առակը: Ծարաւ ագռաւ մը կը տեսնէ կէսը ջուրով լեցուն կուժ մը, սակայն չի կրնար իր կտուցով հասնիլ ջուրին: Հետեւաբար կը սկսի խճաքարեր նետել կուժին մէջ, մինչեւ որ ջուրին մակարդակը բարձրանայ բաւարար չափով: Այժմ նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ մանուկներ եւ ագռաւի ընտանիքէն թռչուններ նոյնքան ատակ են լուծելու այս խնդիրը, սակայն յայտնապէս մանուկներ թռչուններէն շատ տարբեր ձեւերով կը սորվին լուծել զայն:

Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք կատարուած են Բրիտանիոյ մէջ Քէյմպրիճի համալսարանէն փորձառական հոգեբանութեան խումբ մը մասնագէտներու կողմէ, գլխաւորութեամբ` Նիքոլա Քլայթոնի, ցոյց կու տան, թէ ագռաւներու ընտանիքին պատկանող թռչունները «թռչունի խելք» չունին, երբ հարցը կը վերաբերի իմացական կարողութեան: Անոնք կարողութիւնը ունին գործիքներ շինելու եւ գործածելու, ապագայի ծրագիրներ մշակելու եւ հաւանաբար կռահելու, թէ ի՛նչ կը մտածեն այլ թռչուններ: Թէեւ այս վերջինը այժմ տարակարծութեան նիւթ է: Քանի մը տարի առաջ Քլայթոնի գլխաւորած խումբէն երկու մասնագէտներ ապացուցեցին, թէ ճեղագռաւները (ռուք) կարողութիւնը ունին քար նետելու ջուրով լեցուն սրուակի մը մէջ, որպէսզի անոր մէջի որդը սկսի ծփալ ջուրին մակերեսին եւ իրենք կուլ տան զայն: Անցեալ տարի Քլայթոնի ուսանողներէն մէկը` Լիւսի Չեք տեղեկագրեց նմանօրինակ փորձարկութիւններու մասին, զորս կատարած էր եւրո-ասիական ճայերու վրայ. փորձարկութեան տարբեր միջոցներ ի գործ դնելով` Չեք եւ իր գործակիցները ի յայտ բերած էին, թէ ճայերը կրնային լուծել նոյն խնդիրը, այնքան ատեն որ ջուրը բարձրացնելու ծառայող մեքենական հիմնական միջոցը յստակ էր իրենց համար:

Գիտնալու համար, թէ իրենց շրջապատին ծանօթացող մանուկներ ինչպէ՛ս կը տարբերին ճեղագռաւներէն, ճայերէն եւ ագռաւներու խելացի ընտանիքին պատկանող այլ թռչուններէն, Չեք գործակցած է Քլայթոնի գիտաշխատանոցի հոգեբան Էլսա Լոյսըլի հետ: Անոնք միասնաբար երեք տեսակի նոյն փորձարկութիւնները կատարած են 4-10 տարեկան դպրոցական մանուկներու վրայ: 80 աշակերտներ մաս կազմած են այս փորձարկութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են իրենց յաճախած դպրոցին մէջ, անոնց ծնողներուն արտօնութեամբ:

Երեք փորձարկութիւններուն ընթացքին մանուկները պէտք էր փորձէին որդերու փոխարէն` կարմիր քարեր վերցնել ջուրին մէջէն, զանոնք փոխանակելու համար գունաւոր փակցանկարներու հետ, որոնք կը պատկերէին անասուններ, ծովահէններ եւ այլ կերպարներ: Ուսումնասիրողներու խումբը ի յայտ բերած էր, թէ տարիքով փոքր եւ աւելի մեծ մանուկները հաւասարապէս խանդավառ էին փակցանկարները ստանալու հեռանկարով:

Առաջին փորձարկութեան ընթացքին մանուկները ստացած էին երկու սրուակներ. անոնցմէ մէկը լեցուն էր ջուրով, միւսը` աւազով: Մանուկները պէտք էր որոշէին, թէ ո՛ր մէկուն մէջ խճաքարեր պէտք էր նետէին, որպէսզի հասնէին անոր մէջ  գտնուող կարմիր քարին:

Երկրորդ փորձարկութեան մաս կը կազմէր միայն մէկ սրուակ, որ լեցուն էր ջուրով, սակայն մանուկները պէտք էր ընտրութիւն մը կատարէին երկու իրերու միջեւ, որպէսզի զայն նետէին սրուակին մէջ. խցանի գնդակ մը, որ պիտի ծփար, կամ` մարմարի կտոր մը, որ պիտի սուզուէր:

Երրորդ պարտականութիւնը ամէնէն դժուարն էր. Չեք եւ անոր գործակիցները մանուկներուն տուած էին երեք տարբեր սրուակներ` ջուրով լեցուն: Երկու լայն սրուակներ տեղադրուած էին նեղ սրուակի մը երկու կողմերը: Կարմիր քարը կը գտնուէր այս նեղ սրուակին մէջ: Սրուակներուն յատակը թաքնուած էր: Այսինքն կարելի չէր տեսնել, թէ լայն սրուակներէն մէկուն տակի մասը միացած էր նեղ սրուակին, իսկ միւս լայն սրուակը առանձին էր: Եւ որովհետեւ մէջտեղի սրուակը շատ նեղ էր` անոր մէջ քար մը նետելու համար, մանուկները կրնային մտածել երկու լայն սրուակներէն մէկուն մէջ խճաքարեր նետելու մասին: Կարմիր քարը ստանալու միակ միջոցը խճաքարը նետելն էր ա՛յն սրուակին մէջ, որ միացած էր նեղ սրուակին: Հետեւաբար, այս երրորդ փորձարկութեան մէջ սրուակներուն հետ աշխատելու բնոյթը անծանօթ էր մանուկներուն:

Մանուկները իրաւունք ունէին 5 անգամ կրկնելու իւրաքանչիւր փորձարկութիւն եւ 2 վայրկեան` սորվելու, թէ ի՛նչ էր պահանջուածը: Ինչպէս նախատեսելի էր, տարիքով աւելի մեծ մանուկները աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած էին, քան` տարիքով փոքրերը: 8 տարեկան մանուկներ արդէն կարողութիւնը ունէին յաջողութեամբ կատարելու այս երեք պարտականութիւնները` առաջին իսկ փորձով: Աւելի փոքր տարիքի մանուկներ կարիքը ունէին մէկէ աւելի փորձեր կատարելու, ինչպէս կը տեղեկագրեն ուսումնասիրողները: Սակայն անոնց վարուելակերպը յատկանշական կերպով կը հակադրուէր թռչուններուն վարուելակերպին: Թէեւ ճայերը առաջին երկու պարտականութիւնները սորված էին կատարել քանի մը փորձերէ ետք, անդին` անոնք կարողութիւնը չունէին տիրապետելու երրորդ փորձարկութեան գաղտնիքին, որուն մէջ լուծումը ոչ միայն յստակ չէր, այլ նոյնիսկ` անտրամաբանական էր:

Չեքի եւ անոր գործակիցներուն համաձայն, ասիկա մտածել կու տայ, թէ մանուկներուն եւ թռչուններուն սորվելու կարողութեան միջեւ հիմնական տարբերութիւններ կան: Մինչ թռչունները վհատած են երեւութապէս անկարելի ֆիզիքական կացութեան մը դիմաց եւ չեն յաջողած սորվիլ երրորդ փորձարկութեան գաղտնիքը, անդին` մանուկներ չեն վհատած իրենցմէ ակնկալուած պարտականութեան երեւութապէս անլուծելի գաղտնիքին դիմաց. անոնք շարունակած են տքնիլ եւ այս կամ այն ձեւով ի վերջոյ սրուակին մէջ ջուրին մակերեսը բարձրացնել կարմիր քարը, նոյնիսկ երբ այնքան ալ յստակ չէր, թէ ինչպէ՛ս կը կատարուէր այս մէկը, կամ` լուծումը տրամաբանական չէր թուէր իրենց:

«Մանուկներ չեն աշխատիր մտածելով, թէ ի՛նչ բան կարելի է եւ ի՛նչ բան կարելի չէ,- կ՛ըսէ Չեք:- Եթէ այսպէս մտածէին անոնք, ապա երբեք պիտի չկարենային որեւէ բան սորվիլ: Այս պատճառով է, որ մանուկներ կը սիրեն կախարդութիւնները, եւ այս պատճառով է, որ անոնք կը հաւատան, երբ իրենց կը պատմենք տարբեր տեսակի երեւակայական բաներ»:

Պըրքլիի մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն մանուկներու կազմաւորումի հոգեբանութեան մասնագէտ Ալիսըն Կոփնիք այս ուսումնասիրութիւնը կ՛որակէ «հոյակապ եւ լուսաբանական»: Կոփնիքի համաձայն, մանուկներուն եւ թռչուններուն միջեւ գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, թէ ագռաւի ընտանիքէն թռչուններ «օժտուած են կատարելագործուած, սակայն յատուկ գիտութեամբ մը` աշխարհի մէջ ֆիզիքական սովորական կապերու մասին», մինչդեռ մանուկները «յայտնապէս օժտուած են սորվելու աւելի լայն կարողութիւններով»:

Իբրեւ արդիւնք` թռչունները «գեղեցիկ կերպով յարմարած են բաներ սորվելու այս աշխարհին մէջ», մինչդեռ «մանուկներ գեղեցիկ ձեւով յարմարած են բաներ սորվելու հաւանական բազմաթիւ աշխարհներու մասին», ինչպէս կ՛ըսէ Կոփնիք:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES