Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքին Առիթով . Հայրենիքիս Մտերմութեան Մէջ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Վստահ եմ, որ ամէն հայու համար անսահման ուրախութիւն է առիթը ունենալ այցելելու իր հարազատ հայրենիքը, շնչելու դրախտավայրի բուրմունքը, հարազատ աչքերով վայելելու Արարատի վեհութիւնը եւ խմելու քաղցրահամ ջուրը: Ես այդ զգացումները ապրեցայ, երբ ինծի փոխանցուեցաւ, թէ պիտի մասնակցիմ սփիւռքի «Ամառային դպրոց»-ի լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքին:
9-21 յուլիսին բախտաւորութիւնը ունեցայ մասնակից դառնալու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին կազմակերպած սփիւռքի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքին, որ տարբեր իմաստներով դրական ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս: Այս դասընթացքը կը կազմակերպուի երկրորդ տարին ըլլալով, անիկա կը միտի սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ մամուլին ու լրագրական մարզին ծառայութեան լծուած անձերուն առիթ տալ մասնագիտական խտացեալ ծրագիրի մը հետեւելու, համալսարանական դասախօսներէ դասընթացքներ ստանալու, հայրենիքին մէջ տիրող կացութեան մօտէն հետեւելու, ինչպէս նաեւ զարգացնելու ու ամրապնդելու սփիւռք-Հայաստան կապը` համագործակցութեան նոր եզրեր եւ միջոցներ ձեւաւորելով:
Առաջին հերթին գնահատելի էր լրագրողներուն մատուցուած դասախօսութիւններու նիւթերուն ընտրութիւնը` հայ-թրքական յարաբերութիւնները ներկայ հանգրուանին, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններ եւ Ցեղասպանագիտութիւն: Այս նիւթերը ներկայացնող վաւերական անձնաւորութիւններն ալ մեծ ներդրում ունեցան այս դասընթացքին յաջողութեան մէջ: Մենք պատիւը ունեցանք իբրեւ դասախօսներ ունենալու Մհեր Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Մելքոնեանը, Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Հայկ Դեմոյեանը, Ալեքսանդր Մանասեանը, Սուրէն Մանուկեանը, Սամուէլ Մարտիրոսեանը, Արա Գոչունեանը, Յակոբ Աւետիքեանը: Մենք յափշտակուած անոնց խօսքերով ` կ՛ուզէինք առաւելագոյնը օգտուիլ: Այս դասախօսութիւններուն շարքը մեր կողմէ հաճոյքով ընկալուեցաւ, ոչ թէ միայն որովհետեւ ընտրուած թեմաները հետաքրքրական ու օգտաշատ էին, այլեւ հայրենիքի մէջ անոնք տարբեր եւ քաղցր համ տուին մեզի համար: Այլ խօսքով` ոչ թէ միայն դասախօսութեան նիւթերէն օգտուեցանք, այլեւ` հայրենիքի բարիքներէն: Դասախօսութիւնները պարզապէս զեկուցումներ չէին, այլ նաեւ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակում` դասախօսին եւ լրագրողներուն միջեւ, որոնք սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ծնած ու հասակ նետած ըլլալով` իրենց հետ բերած էին կենցաղային սովորութիւններ, մտածումներ, մշակութային յատկութիւններ: Հաճելի եւ հետաքրքրական էր ծանօթանալ ու բաժնեկցիլ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ լրագրողներուն գաղափարներուն եւ մտածումներուն` տարբեր նիւթերու վերաբերեալ: Մեծամասնութեան մօտ տիրական կերպով նկատելի էր հայրենասիրութեան, ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը:
Դասախօսութիւններու կողքին յատկանշական էր Հայաստանի քաղաքական կեանքին հետ կապ հաստատելու բաժինը: Արդարեւ, լրագրողներս հանդիպում ունեցանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ, այցելեցինք Ազգային ժողով: Յատկանշական էր նաեւ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատասխանատուներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը եւ հոգատարութիւնը մեզի հանդէպ: Անոնք ամէն պահու պատրաստ էին լսելու մեր առաջարկներն ու մտահոգութիւնները եւ համապատասխան լուծումներ տալու անոնց: Կարելի եղաւ դասախօսութիւններու ընդմէջէն յաւեւեալ գիտելիքներ ստանալ եւ լիցքաւորուած վերադառնալ Լիբանան` զանոնք գործնական կեանքի մէջ օգտագործելու:
Թանգարաններ, եկեղեցիներ, բերդեր այցելելով մենք աւելի մօտիկ դարձանք մեր հայրենիքին` անգամ մը եւս սիրահարելով անոր բնութեան, հնութիւններուն եւ հազարաւոր տարիներու պատմութեան:
Այս ծրագիրը առիթ ընծայեց նաեւ մշակելու հիանալի եւ անկեղծ բարեկամութիւններ: Տարբեր երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայ լրագրողներ (Ռուսիա, Վրաստան, Ուքրանիա, Եգիպտոս, Սուրիա, Աբխազիա) ինծի համար եղան իսկական ընտանիքի մը անդամները, որոնց հետ կիսեցի անմոռանալի պահեր: Մեր ընկերութեան հիմքը դրուեցաւ մեր մայր հողին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ատիկա ամուր արմատներ ունի եւ ապագային պիտի բարգաւաճի: Դասընթացքին, օգտաշատ պտոյտներուն եւ մեր առօրեայ կապերուն ու ծրագիրներուն ընդմէջէն կարելի եղաւ տեղեկութիւններ ունենալ այլ սփիւռքահայ համայնքներու ապրելակերպին, իրենց գաղութային կազմակերպուածութեան, իրենց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ մտածելակերպին եւ գործունէութեան մասին եւ ապագայի առումով համագործակցութան ծրագիրներ մշակել: Հայրենի հողին վրայ սնանիլը տարբեր զգացումներ կը յառաջացնէ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ ընկերներու ներկայութիւնը գագաթնակէտին կը հասցնէ հոգեկան գոհունակութիւնը:
Ամէն բան աւարտ մը ունի, սակայն այն վերջաւորութիւնը, որ բաժանում է, բնականաբար ցաւ կը պատճառէ, մանաւանդ երբ այդ բաժանումը հայրենիքէն եւ ընկերներէն է: Սակայն կը մխիթարուինք այն գաղափարով, որ այդ վերջակէտէն ետք նոր տող մը պիտի սկսինք:
Եւ ահա հասած էր բաժանման պահը…ի՜նչ թախիծ…բաժնուիլ հայրենիքէն եւ ընկերներէն..իւրաքանչիւր լրագրող վերադարձաւ իր բոյնը` խոստանալով, որ յաջորդ ամառ նորէն բոլորս պիտի հաւաքուինք հայրենիքի մէջ…
Կ՛ուզեմ շնորհակալական խօսք ուղղել սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար, եւ մանաւանդ` «Ազդակ» օրաթերթին, որ այս ծրագիրին միջոցով ինծի պարգեւեց մեծ փորձառութիւն մը: