ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արաբական աշխարհին մէջ վերջերս յեղափոխութիւններու բնոյթը բանավէճի նիւթ հանդիսացաւ, որուն եզրայանգումները ցոյց տուին, թէ արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած եւ շարունակուող յեղափոխութիւնները եկան փաստելու, թէ անոնք նոր ոճի յեղափոխութիւններ են, եւ նոյնիսկ չեն լրացներ դարեր առաջ կայացած յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը:

Պատմական հոլովոյթով, 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ժամանակահատուածին ընթացք առած յեղափոխութիւնները բոլորովին այլ նպատակներով ծնունդ առին: Իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս Խորհրդային Միութեան ժամանակ համայնավարական յեղափոխութիւնը կամ Իրաքը, ուր յեղափոխութիւնը սկսաւ կուսակցութեան մը գաղափարախօսութեամբ եւ հասաւ ընտանեկան իշխանութեան:

Ներկայիս ծայր առած յեղափոխութիւնները չեն հիմնուած կուսակցութեան մը վրայ, ոչ ալ` գաղափարախօսութեան վրայ, քանի որ շարքերը կը մէկտեղուին եւ պահանջները կը նոյնանան: Ուստի իրարմէ տարբեր ժողովրդային յեղափոխութիւնները կուսակցական կամ համայնքային չեն:

Հասկնալի է, որ վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած դէպքերը ազդեցութիւն ունեցան արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ, ինչպէս` Իրաքի գրաւումը, Կազայի շրջափակումը կամ իսլամական շարժումներու ձախողութիւնը, Քայիտայի գործունէութիւնը եւ կապի յեղափոխութիւնը, որոնք ժողովուրդը պատրաստեցին յեղափոխութեան:

Ոմանք ուսանելի դարձուցին նաեւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փորձառութիւնը: Անոնց համար կուսակցութեան քաղաքականութիւնը ներշնչարան դարձաւ, իսկ Էրտողանի կեցուածքները մտածել տուին նոր ոճի ազատութիւն պահանջողներու, յենարան դառնալով, սորվելու նորացուած իսլամական պետութեան բաղադրութիւնները:

Մտահոգիչ երեւոյթ կրնայ թուիլ այն հանգամանքը, որ արաբական աշխարհը հասուննայ եւ մօտենայ ժողովրդավարութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ նուազի անոր ընդունելութիւնը գաղափարական կուսակցութիւններուն եւ գաղափարախօսութեան` զայն համարելով նախկին դարու անգործածելի բաղադրիչներէն:

Ժողովրդավարութեան ձգտող արաբական աշխարհի յեղափոխութիւնները յատկանշուեցան որոշ գիծերով` ցուցարարութիւն, բողոք եւ փոփոխութեան պահանջներ: Սակայն գաղափարախօսութենէ զուրկ նման յեղափոխութիւններու ապագան յստակ չի թուիր տակաւին:

Այս յեղափոխութիւնները կարելի է որակել` որպէս համացանցի յեղափոխութիւն, երիտասարդական յեղափոխութիւն կամ փոփոխութեան յեղափոխութիւն: Այստեղ պէտք է զատորոշել արաբական երկիրներուն մէջ կայացած յեղափոխութիւնները հանրային բողոքի շարժումներէն:

Կարգ մը երկիրներու մէջ քաղաքական փոփոխութիւնները, որոնք արդիւնք են բողոքի ալիքին, կը սփռեն գաղափարախօսական հիմք ունեցող տեսակէտներ:

Արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող երիտասարդական շարժումները կարեւոր դեր խաղցան ժողովուրդը ուղղորդելու, առանց յստակ դարձնելու այն հանգամանքը թէ նման շարժումները, որոնց միացող համացանցային աշխուժութիւնը կը կարողանան վերափոխուիլ քաղաքական բարենորոգումներու:

Կարգ մը յեղափոխութիւններու աւարտին փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ քաղաքական ուժերու եւ գաղափարախօսական բաժանումներու մակարդակով, քանի որ նախկին բաժանումները իրենց իմաստը կորսնցուցած պիտի ըլլան` գաղափարախօսական հոսանքներու միջեւ բանավէճի տկարացումով:

Հարկ է զատորոշել բողոքի ալիքը, որուն կը յաջորդէ պահանջներ` նոյն համակարգին ներքոյ, յեղափոխութենէն, որ կը կայանայ համակարգ փոխելու նպատակով:

Արաբական աշխարհին մէջ փոփոխութիւնները ցոյց կու տան, որ որեւէ կուսակցութիւն կամ կրօնական հոսանք պատրաստ չէ իշխանութիւնը ստանձնելու: Ուստի, յաջող հանգրուանի մը հասնելու համար, յստակօրէն կ՛երեւի, որ յեղափոխութիւնները անպայմանօրէն պէտք է ունենան իրենց ծրագրաւորման եւ ռազմավարութեան ուղին:

Եզրակացութիւնը այն է, որ արաբական աշխարհին մէջ յեղափոխական շարժումները զուրկ են գաղափարախօսութենէ եւ կը պակսի գաղափարախօսական յենարանը, այլ նաեւ` անոնք կը նպատակադրեն քաղաքական եւ ընկերային արժէքները իրականացնել:

Յաջորդող հանգրուանը ցոյց պիտի տայ, թէ արաբական աշխարհին մէջ յեղափոխութիւնը դարձած է գաղափարախօսութենէ զուրկ ժողովրդային հասկացողութիւն մը:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES