Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Գնչուներու Հեռացումը Սկսած Է
«Պի.Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ իշխանութիւնները սկսած են երկրէն հեռացնել Ռումանիայէն ժամանած ներգաղթեալները: Լիլ քաղաքի արուարձանի գնչուական ճամբարէն հեռացուած է աւելի քան 200 մարդ:
Այլ գնչուական ճամբարի մը մէջ իշխանութիւնները հրահանգած են գնչուական 15 կացարան վերցնել:
Իրաւապաշտպանները այդ միջոցառումները կ՛անուանեն նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքականութենէն մնացած արձագանգ:
Անոնք կը պնդեն, որ Ֆրանսայի նոր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խոստացած էր այդ խնդիրին լուծման այլ տարբերակներ առաջարկել:
CATEGORIES Միջազգային