Միջազգային Կարճ Լուրեր
6.2 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Չինաստանի արեւմուտքը գտնուող Զինճեան շրջանը: Պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, զոհեր չեն արձանագրուած: Կան նիւթական վնասներ:
ՌՈՒՍԱԿԱՆ օդուժի հիմնադրութեան 100- ամեակին առիթով, ռուսական օդուժը կատարեց օդային ցուցադրութիւն մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 100 զինուորական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ եւս ներկայ էր ցուցադրութեան, ընդգծեց ռուսական օդուժին դերը Համաշխարհային Բ. պատերազմին, ինչպէս նաեւ տիեզերագնացութիւններուն ընթացքին եւ խոստացաւ, որ պետութիւնը ապագային աւելի եւս պիտի զարգացնէ ազգային անվտանգութիւնը ապահովող իր օդուժը:
ԱՖՂԱՆ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը գաղտնի հանդիպումներ ունեցած են թալեպաններու նախկին ղեկավարներէն Մուլլա Ապտիւլ Ղանի Պարատարի հետ, որ այժմ բանտարկուած է Փաքիստանի մէջ: Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայի խորհրդականներէն Ռանկին Սփարթա յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Պարատարի հետ հանդիպում ունեցած է երկու ամիս առաջ` «շօշափելու համար անոր պատրաստակամութիւնը` խաղաղութեան շուրջ երկխօսութեան առնչութեամբ»: