«Իբրեւ Լիբանանցիներ Մեր Ճակատագիրն Է Երկխօսութիւն Կատարել» Ընդգծեց Ալի Հասան Խալիլ

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն ճակատագիրն է երկխօսութիւն կատարելը` զարմանք յայտնելով, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը մերժեն վերատեսութեան ենթարկել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութեան վերաբերող կեցուածքը:

Խիամի մէջ սարքուած իֆթարի մը ընթացքին իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին` պահպանելով ազգային պատասխանատուութեան նկատմամբ իրենց բարձր գիտակցութիւնը:

Խալիլ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է լաւ գիտնան, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կը կառավարուին Թաէֆի համաձայնագիրով:

Share this Article
CATEGORIES