Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ ինը ժամ շարունակ թռիչքներ գործեց Նաքուրայի վերեւ:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ տեղեկատուութեան կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ ըսաւ. «Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Վատիկան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան հարցը, մենք կը հաստատենք, որ պապը պիտի այցելէ Լիբանան»:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք յայտնեց, որ իսլամները պէտք է արգիլեն Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը` նկատել տալով, որ պապը իսլամական կրօնին դէմ բազմաթիւ վատ յայտարարութիւններ կատարած է եւ ան պէտք է ներում հայցէ իր կատարած այդ յայտարարութիւններուն համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները պատմական են` քաղաքական ըլլալէ աւելի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Աքքար այցելութիւնը կը հաստատէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի սենտիքաներու վարչութիւնները յայտնեցին, որ լիբանանցիներուն ապրուստի եւ ընկերային պայմաններուն նկատմամբ ցուցաբերուած չէզոքութիւնը ոճիրի համազօր է:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ հարց տուաւ, որ արդեօք տակաւին ժամանակը չէ՞ հասած Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Աքքար այցելութիւնը քաջ որոշում է եւ իրենք կ՛ողջունեն այդ որոշումը: «Մենք Ռայի պատրիարքին համար պատրաստած ենք ջերմ դիմաւորում մը», ըսաւ ան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի երեսփոխան մը բազմիցս այցելած է Սուրիոյ մէջ 11 լիբանանցիները առեւանգող խմբաւորումի պատասխանատուին եւ քանի մը անգամ բանակցած է անոր հետ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ զարմանք յայտնեց կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական նոր օրէնքին մասին արձանագրուած ընդվզումներուն եւ դատապարտումներուն դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ընդհանուր դատախազութենէն կը խնդրէ հետապնդել երեսփոխան Մույին Մերեհպին` համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու յանցանքով: Իր կարգին, Մերեհպի յայտնեց, որ ինք կ՛ուզէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին հետապնդել, որովհետեւ ան իր պարտականութիւնները չի կատարեր:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ ոչ մէկ լիբանանցի իրաւունք ունի Լիբանանը վերածելու Սուրիոյ դէմ գործուելիք դաւադրութիւններու անցքի մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը ջանան քայքայել Աքքարի ապահովական կայունութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը զօրակցութիւն յայտնած են Ռայի պատրիարքին Աքքար կատարելիք հովուապետական այցելութեան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ 16 օգոստոսին Ազգային երկխօսութեան նիստը տեղի պիտի ունենայ, նոյնիսկ եթէ քաղաքական որոշ կողմեր այդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ մերժելու այս կամ այն պետութեան հետեւորդը ըլլալու դրութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ համայնքային դրութիւնը դարձած է քաղաքական աշխատանքի եւ իշխանութեան հասնելու միջոց մը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած եւ համամասնականութեան դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը Հըզպալլայի օրէնքն է, որուն ընդմէջէն ան կը միտի ամբողջ Լիբանանին տիրել: