Մուրսի Եգիպտոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանգստեան Կոչելու Հրամանագիր Արձակեց
Երէկ, անակնկալ որոշումով մը, Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսին հանգստեան կոչեց պաշտպանութեան նախարար մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուին եւ բանակի սպայակոյտի պետ Սամի Անանը: Ան
«Նեղոս»-ի շքանշանով պարգեւատրելէ ետք, զանոնք նշանակեց իր խորհրդականները:
Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ նախագահին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Մահմուտ Մոհամետ Մաքքին նշանակուած է փոխ նախագահ, զօր. Ապտիւլ Ֆաթթահ Սայսին` պաշտպանութեան նախարար եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, իսկ Սըտքի Սուպհի սէյիտ Ահմետը` բանակի սպայակոյտի պետ:
CATEGORIES Միջազգային

