Սուրիոյ Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին. Միացեալ Նահանգներ Յոռեգոյնին Կը Պատրաստուին
Մինչ սուրիական բանակը հաստատեց, որ ամբողջովին իր հակակշիռին տակ առած է եւ զինեալներէ պարպած է Հալէպի Սալահէտտին եւ Մաշհատ թաղամասերը, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդը ամբաստանեց երկրին վարչակարգը` տասը երիտասարդ քաղաքացիներու սպանութեան յանցանքով:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը յայտնեց, որ սպանութիւնները կատարուած են Հոմս քաղաքի հարաւը գտնուող Շամմաս թաղամասին մէջ, երբ կիրակի առաւօտեան, սուրիական բանակը, ռմբակոծելէ ետք շրջանը, յարձակում գործած էր թաղամասին վրայ:
Միւս կողմէ, սուրիական ազատ բանակի միացեալ ղեկավարութիւնը ամբաստանեց Իրանը` սուրիական բանակին կողքին գետնի վրայ գործողութիւններուն մասնակցելու յանցանքով, եւ սպառնաց հարուածել թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ Իրանի վարչակարգերը:
Իր կարգին, Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ զինեալներ Ռիֆ Տիմաշքի իր տան մէջ ահաբեկած են սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան Սուրիոյ լուրերու խմբագիր, լրագրող Ալի Ապպասը:
Գետնի վրայ կատարուող իրադարձութիւններէն հեռու, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ Պըն Հըլլին յայտարարեց, որ Սուրիոյ համար երէկ Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը յետաձգուած է:
Միւս կողմէ, Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ, որ իր երկրին հիմնական նպատակն է կասեցնել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը եւ Ասատը իշխանութենէն հեռացնել: «Մենք մինչեւ օրս Թուրքիոյ հետ միասին կը հետեւէինք իրադարձութիւններուն, բայց հիմա պէտք է մտնել մանրամասնութիւններուն մէջ եւ լաւապէս ծրագրել յաջորդ քայլերը: Մեր գաղտնի սպասարկութիւնները եւ բանակները կարեւոր դեր ունին խաղալիք այս հոլովոյթին մէջ: Այս նպատակին համար մենք պիտի ստեղծենք միացեալ խումբ մը: Մենք յոռեգոյնին պէտք է պատրաստ ըլլանք», ըսաւ Քլինթըն:
Մինչ այդ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց Լա Հէյի միջազգային քրէական ատեանին առջեւ դատելու Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը: Սակայն բացարձակապէս մերժեց Սուրիոյ դէմ զինուորական արտաքին գործողութիւններ կատարել` դիտել տալով, որ արտաքին միջամտութիւնը կը բարդացնէ հարցը` փոխանակ զայն լուծելու:
Յիշեցնենք նաեւ, որ վաղը Սէուտական Արաբիոյ Մեքքա քաղաքին մէջ կը սկսի Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի կազմակերպութեան` Սուրիոյ հարցով վեհաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ: