Եգիպտոս. Սինայի Մէջ 6 Զինեալներ Սպաննուեցան

Շաբաթավերջին Եգիպտոսի Սինա թերակղզիի Արիշ շրջանին հարաւը գտնուող գիւղերէն մէկուն մէջ եգիպտական բանակը սպաննեց վեց կասկածելի զինեալներ:

Ղորա գիւղին մէջ կատարուած այս սպանութիւնները առաջինն էին` իսլամական զինեալներու դէմ ծայր առած գործողութիւններէն ետք, որոնք սկսած էին անցեալ շաբաթ, երբ 16 եգիպտացի սահմանապահներ սպաննուած էին իսլամական զինեալներու կողմէ:

Մինչ Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը մանրամասնութիւններ չփոխանցեց յարձակումին մասին` հաստատելով միայն, որ երեք բանակայիններ սպաննուած են գործողութեան ընթացքին, ապահովական ուժերու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ զինեալները զինուած էին հրթիռային խարիսխներով, ձեռնառումբերով եւ գնդացիրներով:

Շրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը վատթարացած էր Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի գահընկէցութենէն ետք: Իսրայէլի եւ Կազայի հետ սահմանամերձ այս շրջանի բնակիչները համաձայնած էին օգնել բանակին` իսլամականներուն դէմ կատարած իր գործողութիւններուն ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES